Արսէն Դանիէլեան

Արսէն Դանիէլեան (1910 Մարաշ - 1991 Հալէպ), հասարակական գործիչ, երկար տարիներ եղած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան «Հ․Մ․Ը․Մ․»-ի Սկ. Խորհուրդի անդամ, ապա՝ վարչութեան անդամ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մարաշ՝ 1910-ին։ Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով, 1922-ին, ձմրան կը հասնի Հալէպ իր հազարաւոր հայրենակիցներուն հետ։ Ի հօրէ որբ (սպաննուած 1915-ին) կը ղրկուի Ճիպէյլի որբանոցը, ուր կը մնայ երկու տարի։ Ապա, դառնալով Հալէպ, այս անգամ կը պատսպարուի Հալէպի որբանոցը՝ «Մանկութիւն չունեցող» որբուկներուն ապաստանարանը։ Ան, իր նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը կը ստանայ Հալէպի Յիսուսեան հայրերուն վարժարանին մէջ։ Ապա, կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ եբրեւ հաշուապահ կը պաշտօնավարէ Հալէպի ելեկտրական ընկերութեան մէջ ու 1969-ին հանգստեան կը կոչուի։ Այնուհետեւ կը ստանձնէ Ազգ. Սահակեան Վարժարանի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղականութեան հաշուապահի եւ քարտուղարի զոյգ պաշտօնները։ Իր կեանքին, գրեթէ վերջին տասնամեակին, քաշուած բոլոր ասպարէզներէն, ու յետ երկարատեւ հիւանդութեան, կը կնքէ իր մահկանացուն։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա. Դանիէլեան, իբրեւ մարաշցի, նախապէս եղած է Հալէպի Գերմանիկ-Վասպուրական մարզական եւ մշակութային միութեան անդամ, ունենալով մարզական եւ թատերական գործունէութիւն։ 1932-ի վերջաւորութեան է, որ կ՚արձանագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ եւ այնուհետեւ, իր յարատեւ գործունէութեան եւ մարզասիրութեան շնորհիւ, տարուէ տարի կը ստանայ աստիճանի բարձրացում եւ 1941-ին կը դառնայ խմբապետ, վերցնելով Նոր Գիւղի շրջանի պատասխանատուութիւնը, իրեն հետ գործակից ունենալով Բարսեղեան Յարութիւնի, Տուզճեան Յարութիւնի, Տէրվիշեան Յարութիւնի, Տիլպէրեան Նորայրի, Էլէյճեան Մովսէսի նման գործունեայ եւ գաղափարապաշտ աստիճանաւորներ։

1945-1946-ին, կը նշանակուի Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ընդհ. սկաուտ խմբապետ, պաշտօն՝ զոր կը վարէ մինչեւ 1952: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Մերձաւոր Արեւելքի՝ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի Շրջ. Վարչութեան կողմէ, 1972-ին կը ստանայ պատուոյ գիր եւ կը նշանակուի Շրջ. Սկ. Խորհուրդի անդամ՝ Սուրիոյ կողմէ։ Երբ Հ.Մ.Ը.Մ. կը վերածուի համագաղութային կառոյցի, կը հրաւիրուի մաս կազմելու Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին, որուն ատենապետութիւնը կը վարէ տարիներով։

Իբրեւ սկաուտ խմբապետի, ան կը դառնայ մասնաճիւղի Սկ. Խորհուրդի անդամ, առաւել եւս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութեան անդամ, իբրեւ սկաուտ ներկայացուցչի։ Ան վարած է նաեւ սկաուտական մեծ բանակումներ եւ առաջնորդած՝ Միջ-մասնաճիւղային տողանցքներ։ Պատանի տարիքէն սիրած է մարզանքն ու մարզախաղերը։ Խաղացած է ֆութպոլ սկաուտական «Պատուոյ Առաջին»էն եւ Նոր Գիւղի Ա. կազմէն։ Հետագային կը ստանձնէ Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա. խումբին պատասխանատուութիւնը եւ կը գործէ ֆութպոլի յանձնախումբերուն մէջ իբրեւ կազմակերպող եւ դաստիարակ։ Ան, տարիներով, մարզանքի դասեր կ՚աւանդէ, ձրիաբար, կարգ մը ազգ. վարժարաններու աշակերտութեանց։

Կը մահանայ 2 Դեկտեմբեր 1991-ին, Հալէպ։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հ․Մ․Ը․Մ․-ական դէմքեր Ա․ Հատոր։