Jump to content

Արշակ Խնդիրեան

Արշակ Խնդիրեան
Ծնած է 1946
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն Պոլսահայ ,Հալէպահայ, Լիբանանահայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Կարողութիւն Կը հիմնէ Լիբանանի առաջին երգի-նուագի համոյթը, «Սայեաթ-Նովա» անունով:
Մասնագիտութիւն երաժիշտ
Աշխատավայր Ուսուցիչ, տնօրէն

Արշակ Խնդիրեան (ծն.՝1946, Պոլիս ), հայ երգիծաբան եւ երաժշտագէտ։

Երգիծաբան եւ երաժշտագէտ՝ Ա. Խնդիրեան ծնած է Պոլիս: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, ապա Լիբանան: 9 տարեկանին կը սկսի երաժշտութեան դասերու, հետեւելով գլարինէթի։ 14 տարեկանին կը հիմնէ Լիբանանի առաջին երգի-նուագի համոյթը, «Սայաթ-Նովա» անունով։ Այս խումբը պատրաստած է հարիւրաւոր երգիչներ եւ նուագահարներ, իր աւելի քան տասնեակ մը տարիներու գործունէութեան ընթացքին։

Ա. Խնդիրեան հեղինակած է մօտ 47 երգեր եւ պատրաստած՝ բազմաթիւ ձայնապնակներ, կատարուած զանազան երգիչներու կողմէ։ Ելոյթներ ունեցած է Պէյրութ, Թրիփոլի, Նիկոսիա, Լառնաքա, Դամասկոս, Հալէպ, Գահիրէ, Աղեքսանդրիա, Երեւան, Գալիֆորնիա, Հիւսթըն-Թեքսաս եւ այլ վայրեր։ Հրատարակած է «Սէր ու Քնար» ձայնագրեալ երգարանները։

Հեղինակն է երգիծական հինգ գրքոյկներու.

  • «Գործելաձեւ» (1980),
  • «Փշածաղիկ» (1981),
  • «Ինչպէս Տեսաք Մեր Ամերիկան» (1983),
  • «Վլվլուկ Յիմարներու Դրախտին Մէջ» (1988)
  • «Թովմաս Էֆէնտիին վերջին Արկածը» (1989)[1]:

Աշխատակցած է սփիւռքահայ թերթերու, ինչպէս՝ «Հայրենիք», «Ոզնի» (Ա.Մ.Ն.), «Յառաջ» (Փարիզ), «Շարժում» (Հարաւային Ամերիկա), «Մարմարա» (Պոլիս), «Օշական» (Հալէպ), եւլն.:

Ա. Խնդիրեան պարգեւատրուած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ Ֆիլմերու Ընկերակցութենէն, որպէս լաւ երաժիշտ։ Հետեւած է նաեւ հնդկական եւ արեւելեան փիլիսոփայական գիտութեանց եւ իր ուսումնասիրութիւններուն համար վերջերս արժանացած է «Հիւմէնիթէրիըն-Ֆիլանթրոփիսդ» տիտղոսին եւ ոսկեայ մետալի։ Հաստատուած է Լոս Անճելըս:

Ա. Խնդիրեան կը պատմէ իրական կեանքէ դրուագներ, զորս գիտէ համեմել երգիծական պատկերներով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Vlume»։ Vlume։ արտագրուած է՝ 2024-06-13 

Հոս մոռցուած է յիշել Խնդիրեանի «ՄԱՏԵԱՆ ԽՆԴՈՒԹԵԱՆ» եւ «ՄԵՐ ԿՐԿԷՍԸ» երգիծական գրքոյկները:

Խնդիրեանի վերջին երգիծական գրքոյկը կը կոչուի «ՄԵՐ ԿՐԿԷՍԸ» կարելի է ընթերցել VLUME էլեքթրոնային կայքով: