Ատալէթ Աղաօղլու
Ատալէթ Աղաօղլու թրք.՝ Adalet Ağaoğlu | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | թրք.՝ Adalet Sümer |
Ծնած է | 13 Հոկտեմբեր 1929[1] |
Ծննդավայր | Նալլըհան, Անգարա, Թուրքիա |
Մահացած է | 14 Յուլիս 2020[2] (90 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Կրօնք | Աթէիզմ[3] |
Ուսումնավայր |
Անկարայի համալսարանի պատմաաշխարհագրական ֆակուլտետ?Կատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ Անգարայի ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Uc Bes Kisi? եւ Q6006346? |
Մասնագիտութիւն | լրագրող, գրագէտ, թատերագիր, արձակագիր, վիպասան |
Աշխատավայր | TRT? |
Ատալէթ Աղաօղլու (13 Հոկտեմբեր 1929[1], Նալլըհան, Անգարա, Թուրքիա - 14 Յուլիս 2020[2], Պոլիս, Թուրքիա), թուրք վիպագիր, թատերագիր։ Թրքերէն արդի գրականութեան առաջատար անուններէն:
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Անգարայի Նալլըհան գաւառը։ Ուսանած է Անգարայի Համալսարանի գրական բաժինը, Ֆրանսական լեզուն եւ գրականութիւնը բաժնին մէջ։
Առաջին գրական գործերը բանաստեղծութիւններ եղած են, որոնք հրատարակուած են գրական պարբերականներու մէջ։
Պաշտօնավարած է Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան հաստատութեան մէջ (TRT), ուր գրի առած է իր առաջին թատրերգութիւնները՝ ռատիոյի թատրոնի ձեւաչափով։
Նկատելով իր աշխատած հաստատութեան անկախութենէ հեռանալու եւ օրըստօրէ օրուայ իշխանութեան փողը դառնալու երեւոյթը, 1970-ին հրաժարած է ռատիոյի բաժնի տնօրէնի պաշտօնէն, բոլորովին ուղղուած է գրականութեան։
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1973-ին լոյս տեսած է իր առաջին վէպը՝ «Մահաբեր քունը»։ Յաջորդած են «Հարսանիքի գիշեր մը» եւ այլ գործեր, որոնք մեծ յաջողութեան արժանացած են՝ նուաճելով զանազան գրական մրցանակներ.
Ատալէթ Աղաօղլու հիմնադիրներէն եղած է Մարդու Իրաւունքներու Միութեան։ Ազգայնականներու հալածանքներուն ենթարկուած օրերուն Հրանդ Տինքին զօրակցող մտաւորականներու շարքին եղած է։ Յաջորդող տարիներուն առողջութեան խանգարումի հետեւանքով, երբ չէ կրցած «Ակօս»ին առջեւ կազմակերպուած յիշատակման միջոցառումներուն անձամբ ներկայ գտնուիլ, իր սրտի խօսքը ուղղարկած է խմբագրատուն կամ Հրանդ Տինք Հիմնարկին։ Այդ գրութիւնները եւս կը ներկայացնէին գրական մեծ արժէք, ուր ամենահարազատ կերպով փոխանցած է իր կսկիծը Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ։
Ատալէթ Աղաօղլու Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ձեռնարկուած ցեղասպանութեան խնդրի առումով հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրող ստորագրարշաւին առաջին մասնակիցներէն է[4]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Adalet Ağaoğlu: Novelist of the Kemalist elite — Daily Sabah.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Son Dakika Haberi! Adalet Ağaoğlu hayatını kaybetti — CNN Türk.
- ↑ Adalet Ağaoğlu: Allah'a inanmıyorum — T24.
- ↑ «Մահ վիպագիր Ատալէթ Աղաօղլուի | Ակօս»։ Agos։ 2020-07-20։ արտագրուած է՝ 2023-07-13