Ամուսնութիւն

Ամուսնութիւն, տղամարդու եւ կնոջ՝ պատմականօրէն ձեւաւորուած, հասարակութեան կարգաւորուող jարաբերութիւններու ձեւ է, որուն գլխաւոր նպատակը ընտանիք ստեղծելն է եւ որով կը սահմանուին ամուսիններու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները իրարու, զաւակներու եւ հասարակութեան նկատմամբ։

Ամուսնութեան համար անհրաժեշտ են՝ կնոջ եւ տղամարդու ամուսնական տարիքի հասնիլը, փոխադարձ կամաւորութիւնն ու համաձայնութիւնը։ Ամուսնութիւնը կը գրանցուի ամուսնաընտանեկան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով, որով կը հաստատուի ամուսիններու իրաւահաւասարութիւնը՝ անկախ ռասայական եւ կրօնական պատկանելութիւնէն։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղ Ժամանակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնական վկայական՝ 1883 թ.

Հասարակական տարբեր ֆորմացիաներն ու անոնց փոփոխութիւնները ազդած են ամուսնական յարաբերութիւններու բովանդակութեան եւ ձեւի վրայ։ Ստրկատիրական հասարակարգին մէջ, կ'ընդունուէր միայն ազատ քաղաքացիներու ամուսնութիւնը։ Ստրուկներու ամուսնական յարաբերութիւնները կը համարուէին պարզ կենակցութիւն։

Մարդոց միջեւ կարգաւորուած ամուսնական յարաբերութիւններու առաջին ձեւը խմբամուսնութիւնն էր։ Հասարակութեան զարգացման ընթացքին մէջ, աստիճանաբար սահմանափակուած են ամուսնութիւնները մերձաւոր ազգականներու միջեւ։ Մայրական տոհմի զարգացումով՝ ձեւավորուած է զուգամուսնութիւնը. երեխաները մնացած են մօր տոհմին մէջ, ազգակցութիւնը ճանաչուած է մօր գիծով։ Տնտեսութեան մէջ, տղամարդու առաջնակարգ դերի հաստատումով առաջացած է մենամուսնութիւնը։

Վաղ միջնադարուն, Եւրոպայի մէջ հասարակութեան բոլոր խաւերու համար պարտադիր էր եկեղեցական ամուսնութիւնը։ Ճորտերը կրնային ամուսնանալ միայն ճորտատիրոջ համաձայնութեամբ։ Բուրժուական յարաբերություններւ հաստատման եւ զարգացման զուգընթաց, եկեղեցական ամուսնությունէն բացի, առաջացաւ նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններու եւ նոտարի կողմէն ձեւակերպուող քաղաքացիական ամուսնութիւնը։

Ամուսնութիւնները Վաղ Հայաստանի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դեռեւս վաղ անցյալին, Հայաստանի մէջ տիրապետողը եղած է մենամուսնութիւնը, որ կարգաւորուած է եկեղեցական կանոններով (քրիստոնէութիւնը 301 թուականին պետական կրօն հռչակելէն յետոյ) եւ քաղաքացիական օրենսդրութեամբ։ Հայոց կաթողիկոսի՝ Սահակ Պարթեւի (387-439) սահմանած կանոններով, առանց զոյգերու համաձայնութեան եւ տարիքային համապատասխանութեան, պսակադրութիւնն կ'արգիլուէր։ Քահանաներուն կ'արգիլուէր առանց քննութեան եւ հարցման պսակել ամուսնացողներուն։ Զաւակներուն բռնի ամուսնացնող ծնողները՝ կ'ենթարկուէին կանոնական պատիժի։

Հայոց եկեղեցին դեմ էր 2-րդ, ինչպէս եւ գաղտնի ամուսնութեանը։ Եկեղեցական կանոններով՝ կ'արգիլուէր ազգականներու ամուսնութիւնը իրարու հետ եւ ազատներու (ազնուականներու) ամուսնութիւնը անազատներու հետ։ Փաւստոս Բիւզանդի (4-րդ կամ 5-րդ դարեր) վկայութեամբ՝ Կաթողիկոս՝ Ներսէս Ա. Մեծի եւ Արշակ Բ.ի նախաձեռնութեամբ Տարոն գաւառի Աշտիշատ գիւղիւն մէջ՝ 356 թուականին հայկական եկեղեցական առաջին կանոնադիր ժողովը արգիլած է մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւնը, բազմակնութիւնը եւ այլն։ Շահապիվանի 447-ի ժողովը ազգակցական (արիւնակցական) կապեր ունեցող անձանց ամուսնութիւնը համարած է «պղծութիւն եւ գարշանք», հեթանոսական մնացուկ եւ արգիլել մինչեւ՝ 4-րդ սերունդը։

Կիլիկիաn Հայաստանի մէջ՝ յատուկ կարեւորութեամբ կը վերաբեկուին ամուսնաընտանեկան յարաբերութիւններուն, անառողջներու ամուսնութիւնը դիտուած է ազգի ապականութիւն եւ արգիլուած՝ բժշկական զննումէն յետոյ։ Ըստ Մխիթար Գոշի (1120-1213) Դատաստանագրքի՝ պարտադիր էր կնոջ համեմատ տղամարդու մեծ (տարեց) ըլլալը (այդ կը համարուէր ամուսնոյն գերիշխանութեան պայման)։ Անհաւատարիմ ամուսիններու համար նախատեսուած էր տուգանք։ Սմբատ Սպարապետի (1208-1276) Դատաստանագրքով՝ կ'արգիլուէր նոր ամուսնացածին բանակ տանիլը։ Յաճախ քաղաքական էին նպատակներով կատարուող ամուսնութիւնները, որոնցմով բարեկամութիւն կը ստեղծուէր տարբեր տոհմերու, իշխաններու, նաեւ պետութիւններու միջեւ։ Հայ պատմիչներու՝ (Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ եւ ուրիշներ) վկայութեամբ՝ ամուսնութիւնէն յետոյ հարսը կը մնար չխօսկան, երեսը կը ծածկէր քողով, եւ ան կը կրէր մինչեւ մայր դառնալը։ Կինը կ'ընդունէր ամուսնոյն ազգանունը։

Ամուսնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնական մատանիները խորան տանող տղան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ամուսնութիւնը հիմնուած է ամուսիններու ազատ ընտրութեան, անոնց փոխադարձ սիրոյ եւ հետաքրքրութիւններու ընդհանրութեան վրայ։ Ամուսնութիւնը ազատ եւ իրաւահաւասար տղամարդու եւ կնոջ՝ օրէնքով սահմանուած կարգով կազմուած կամաւոր միութիւն է։

Ամուսնութեան եւ ընտանիքի պահպանութեան հարցերը կը կարգաւորուին ՀՀ ամուսնութեան եւ ընտանիքի օրէնսգրքին համապատասխան։ Ամուսնութիւնը գրանցուած է Քաղաքացիական կացութեան ակտերու գրանցման գրասենեակին մէջ՝ ամուսնացողներու դիմում ներկայացնելէն հիմնականին մէջ՝ 1 ամիս յետոյ։ Ամուսնութեան գրանցման համար անհրաժեշտ են ամուսնացողներու փոխադարձ համաձայնութիւնը եւ ամուսնական տարիքը (18 տարեկան)։ Բացառիկ դէպքերուն մէջ՝ կանանց համար այդ տարիքը կրնայ նուազեցուիլ 1 տարով։

Կան նաեւ պայմանագրով կարգաւորուող ամուսնութիւններ. ամուսնացող կողմերու միջեւ կը կնքուին պայմանագիրեր, որոնցմով կը սահմանուին ամուսիններու անձնական եւ գոյքային իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։

Ամուսնութիւն չի թոյլատրուիր ան անձերուն միջեւ, որոնցմէ մէկը այլ ամուսնութեան մէջ է, ազգակցութեան մէջ գտնուող անձերուն, հարազատ եւ խորթ եղբայրներու ու քույրերու, որդեգրողներու եւ որդեգրվածներու միջեւ, այն անձերու միջեւ, որոնցմէ մէկը հոգեկան հիւանդութեան կամ սակաւամտութեան պատճառով անգործունակ ճանչցուած է։ Ամուսինները ունին անձնական եւ գոյքային հաւասար իրաւունքներ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ազատ է ընտրելու իր զբաղմունքը, մասնագիտութիւնը եւ բնակութեան վայրը։

Բազմակնութիւնը կ'արգելուի ՀՀ օրէնքով։ Ատոնք բացառելու նպատակով Քաղաքացիական կացութեան դէպքերու արձանագրման գրասենեակին մէջ, նախկինին մէջ ամուսնացած անձերուն միջեւ նոր ամուսնութիւն արձանագրելու ատեն, կը պահաջեն ամուսնալուծութիւնը կամ նախկին ամուսնոյն մահը հաստատող փաստաթուղթ։

Ազգականներու ամուսնութիւնը կ'արգիլուի, որովհետեւ ատոնցմէ յաճախ կը ծնին բնածին արատներով եւ ժառանգական հիւանդութիւններով երեխաներ։ Այդպիսի ամուսնութիւնէն մեռածածին երեխաներու թիւը եւ մանկական մահացութիւնը 2 անգամ աւելի մեծ է։

Թուարկուած պայմաններու խախտումով կայացած ամուսնութիւնը կը համարուի անուաուեր։ Դատական կարգով այդպիսին կրնայ ճանաչուիլ նաեւ ընտանիք չկազմելու միտումով գրանցուած ամուսնութիւնը (կեղծ ամուսնութիւն)։ Սակայն այդպիսի ամուսնութիւնէն ծնած երեխաները չեն կորցնցեր իրենց իրաւունքները։

Քաղաքացիական Ամուսնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերջին տարիներիը լայն տարածք կը ստանայ եկեղեցական ամուսնութիւնը, սակայն ՀՀ սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ միայն քաղաքացիական ամուսնութիւնը, իսկ եկեղեցականը՝ (քաղաքացիական ամուսնութեան հետ մէկտեղ) կը համարէ ամուսնացողներու մասնաւոր գործը։

Քաղաքացիական կացութեան դէպքերու արձանագրման գրասենեակին մէջ՝ ամուսնացողները կը ծանօթանան արձանագրման կարգին եւ պայմաններուն, կը հաւաստիանեն, որ անինք տեղյժեակ են իրարու առողջական եւ ընտանեկան վիճակին, ապագա, ամուսիններուն կը բացատրեն անոնց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ Ըստ ցանկութեան՝ ամուսինները, իբրեւ իրենց ընդհանուր ազգանուն, կ'ընտրեն իրենմէ մէկունը (ՀՀ-ում՝ հիմնականին մէջ՝ տղամարդունը) կամ կը պահպանէ նախաամուսնականը։

Երեխաներու դաստիարակութեան եւ ընտանեկան կեանքի հարցերը, ամուսինները կը լուծեն համատեղ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ազատ է զբաղմունքի, մասնագիտութեան եւ բնակութեան վայրի ընտրութեան հարցին մէջ։ Ամուսնութեան ընթացքին՝ ամուսիններու ձեռք բերած ունեցուածքը ընդհանուր, համատեղ սեփականութիւն է, որուն նկատմամբ անոնք հաւասար իրաւունքներ ունին նաեւ այն դեպքին մէջ, երբ անոնց մէկը զբաղուած է տնային տնտեսութիւն վարելով, երեխաներուն խնամելով եւ չէ ունեցած ինքնուրոյն վաստակ։

Մինչամուսնական, ինչպէս նաեւ՝ ամուսնութիւնէն յետոյ նուիրատուութիւն կամ ժառանգութիւն ստացած ունեցուածքը անոնց համատեղ սեփականութիւնն է։ Ամուսինները պարտաւոր են նիւթապէս օգնել իրարու, անաշխատունակ ամուսինը յղի կինը (յղութեան ընթացքին մէջ եւ ատոնց յետոյ 1 տարի) այդպիսի օգնութիւնէն զրկուելու դեպքին մէջ կրնայ դատարանով (նոյնիսկ առանց ամուսնալուծութիւն ձեւակերպելու) ապրուստադրամ ստանալ ամուսնոյն, եթէ վերջինս ի վիճակի է վճարել։

ՀՀ քաղաքացիներու ամուսնութիւնը արտասահմանեան քաղաքացիներու հետ կ'արձանագրուի ընդհանուր հիմունքներով, սակայն անոնցմէ կը պահանջուի փաստաթուղթ՝ արձանագրուած ամուսնութեան բացակայութեան մասին։

Ամուսնալուծութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնութեան ազատութիւնը կ'ենթադրէ նաեւ ամուսնալուծութեան ազատութիւն։ Սակայն հասարակութիւնը շահագրգռուած է ամրապնդել ընտանիքը, ուստի ամուսնալուծութիւնը նոյնպէս կը գտնուիպետութեան հսկողութեան տակ եւ իբրեւ կանոն, կը կատարուի դատական կարգով։ Անչափահաս երեխաներ չունեցող ամուսիններու ամուսնալուծութիւնը, փոխադարձ համաձայնութեամբ, կը ձեւակերպուի Քաղաքացիական կացութեան ակտերու արձանագրման գրասենեակին մէջ։ Այստեղ կը կատարուի նաեւ՝ օրենքով սահմանուած կարգով անյայտ բացակայ, հոգեկան հիւանդութեան կամ սակաւամտութեան հետեւանքով անգործունակ ճանաչցուած, ոչ 3 տարիէ պակաս ժամկէտով ազատազրկուած անձերուն ամուսնալուծութիւնը։ Օրէնքը չի թոյլատրեր առանց կնոջ համաձայնութեան ամուսնալուծութեան գործ հարուցել կնոջ յղութեան ընթացքին եւ 1 տարեկանէն փոքր երեխայ ունենալու դեպքին մէջ։ Ամուսնութիւնը կը համարուի դադարեցուած՝ Քաղաքացիական կացութեան ակտերի արձանագրման գրասենեակին մ էջ ամուսնալուծութիւնը ձեւակերպելէն յետոյ։

Ամուսնական եւ Ընտանեկան Յարաբերութիւններու Առողջապահութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանիքի խնդիրները պայմանաւորուած են հասարակութ'եան զարգացման նոր փուլի առանձնայատկութիւններով։ Ընտանիքը ո՛չ թէ 2 եւ աւելի անհատներու ֆիզիքական գումար է, այլ միայն իրեն բնորոշ առանձնայատկութիւններով օժտուած հասարակութեան հիմնական բջիջը։ Ընտանիքի գոյութեան կարեւոր պայմանը ամուսիններու ներընտանեկան խնդիրներները լուծելու, բարդ հարցերը քննարկելու, փոխշահաւետ որոշումներ ընդունելու ունակութիւնն է։ Ընտանիքը կը միաւորուի նաեւ համատեղ գործունէութեամբ։

«Ամուսինը» կամ «կինը», «հայրը» կամ «մայրը» որոշակի հասկացութիւններ են, հստակ պարտականութիւններու ոլորտով դերեր, որոնք ամուսնացող անձը կը պարտաւորուի կատարել։ Ատուք կատարել չկարենալը կամ կատարել չցանկանալը անխուսափելիօրէն կը հանգեցնեն ընտանեկան գժտութիւններու։ Ընտանիքին մէջ գոյութիւն ունեցող դերերու համակարգը կայուն չէ, այն պայմանաւորուած է հասարակութեան եւ ընտանիքին մէջ կատարուող փոփոխութեւններով, հասարակության մեջ կնոջ դերի բարձրացմամբ, հասարակական աշխուժութեան դրսեւորմամբ։ Վիճակագրական ուսումնասիրութիւնը ցույց տուած է, որ բարձր կրթութիւն եւ զարգացման մակարդակ ունեցող ամուսիններու ընտանիքներուն մէջ կենցաղային եւ տնտեսական պարտականութիւնները հաւասարաչափ կը բաշխուին աոնց անդամներու միջեւ։

Ընտանիքի Անդամներու Միջեւ Յարաբերութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանիքի անդամներու միջեւ յարաբերութիւնները պայմանաւորուած են ընկերային-մշակութային նորմերով եւ անհատական առանձնայատկութիւններով։ Բարեկիրթ, առողջ ընտանիքին մէջ կը գործէ փոխլրացման սկզբունքը. ամուսիններէն մէկուն գիտելիքները եւ բնաւորութեան գիծերը յաջողութեամբ կը լրացուին են միւսի ընդունակութիւններով ու փորձով։ Հակումներու եւ ճաշակի տարբերութիւնը պէտք չէ տարաձայնութեան պատճառ դառնայ։ Եթէ ընտանիքի անդամներէն մէկը ունի բռնակալի, եսամոլի խառնվածք, ապա փոխհարաբերութիւններու անհաւասարութեան պատճառով ընտանիքը կը դառնայ անկայուն։ Ան գոյութիւն կ'ունենայ միայն ամենաբարենպաստ պայմաններուն մէջ եւ հեշտութեամբ կը քայքայուի ճգնաժամային իրավիճակներուն մէջ։

Ընտանիքի էվոլյուցիան, այսինքն անոր կենսական բոլորաշրջանը կը ձեւաւորուի որոշակի փուլերէն, մինչամուսնական, ամուսնական եւ նոր անդամներու (երեխայներ) աւելացման, ընտանիքի առանձին անդամներու հեռանալու (հասուն երեխաներու ամուսնութիւն, ծնողներէն մէկուն մահը) շրջաններ։

Ամուսնական Վաղ Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնութեան առաջին տարին առաւել յաճախ ընդհարումներու պատճառ կը դառնան ամուսնական յարաբերութիւններու, այդ թիւին նաեւ՝ սեռական կեանքի նորութիւն ըլլալը։ Կեանքի այդ կողմի արտասուորութիւնը յաճախ վախկը ներշնչէ 2 կողմերուն ալ, խոչընդոտին մէջ ընտանիքի բնականոն գործունէութեանը։ Բազմամեայ «ընկերական յարաբերութիւնները» ամուսիններուն չեն պաշտպաներ սեռական աններդաշնակութիւնէն, իսկ որոշ դեպքերուն մէջ՝ նոյնիսկ կրնան ուղղակիօրէն նպաստել ատոր։ Այդպիսի շեղումները կանխելու նպատակով, երեխան դեռ մանկութենէն (դպրոցի մէջ եւ տանը) պետք է սեռական ճիշդ դաստիարակութիւն ստանայ, որ կը խոչընդոտի կեանքի այդ կողմի մասին անոր կեղծ պատկերացումներու ամրապնդման։ Համատեղ կեանքի այդպէս սկզբը՝ իրարու «ընտելանալու» առաւել ծանր ժամանակաշրջանին, փոխզիջումային լուծումներ գտնելու պատրաստակամութիւնն կ'օգնէ խուսափիլ ընտանեկան ընդհարումներէն։

Սովորաբար երիտասարդները նոր ընտանիքին մէջ կը ստեղծեն այնպիսի փոխհարաբերութիւններ, ինչպիսի եղած են իրենց հայրական տանը։ Պարզուած է, որ ամուսնալուծուած ծնողներու երեխաները աւելի հեշտ համաձայնած են ամուսնալուծութեանը։ Երբեմն ընտանիքին մէջ՝ ձեւաւորուած վարքագիծը, զգացմունքներու արտայայտման ձեւերը չեն յաղթահարեն ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Այն ընտանիքներուն մէջ, ուր ծնողներու միջեւ չէ եղած սէր եւ հաշտութիւն, կամ յարաբերութիւնները արտաքնապէս եղած են սառը եւ զուսպ, յաճախ կը մեծնան դիմացինի (մասնաւորապէս ամուսնու կամ կնոջ) նկատմամբ լավ վերաբերմունքի անկարող անհատներ։ Դա կարող է դառնալ ամուսինների միջեւ ծագող թիւրիմացութիւններու պատճառ, հանգեցնել փոխադարձ մեղադրանքներու, իսկ հետագային՝ մշտական, անյաղթահարելի օտարացման։

Երիտասարդ Սերունդի Դաստիարակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանիքի ամենապատասխանատու պարտականութիւնը երիտասարդ սերունդի դաստիարակութիւնն է։ Հոգեւոր մերձեցման, երեխայներու նկատմամբ հոգատարութեամբ, բարեացակամութեամբ եւ փոխըմբռնումով իրար կապուած ծնողներու առողջ ընտանիքն աճող սերունդի ճիշտ, լիարժէք դաստիարակութեան գրաւականն է։

Յղութիւնը եւ առաջնեկի ծնունդը լրացուցիչ պարտաւորութիւններ կը դնեն ամուսիններու վրայ, սակայն անոնց չեն ազատեր փոխադարձ ուշադրութեան անհրաժեշտութիւնէն։ Ուշադրութեան պակասը յատկապէս ծանր կը տանին յղիթիւնյն ու ծննդաբերութիւնէն թուլացած եւ այդ պատճառով յաճախակի տրտնջացող ու դիւրագրգիռ կանայք։ Առողջ ընտանիքին մէջ, այդ ժամանակաշրջանին տղամարդը պէտք է իրեն զգայ եւ դրսեւորի իբրեւ ուժեղ անհատ, նեցուկ ըլլայ կնոջը, այդ կ'օգնէ նաեւ՝ տղամարդուն՝ գնահատելու հայր ըլլալու իր նոր դերը։ Երեխայի ծնելէն յետոյ երիտասարդ ամուսինը պետք է հաշուի առնէ ծննդաբերած կնոջ ոչ միայն իւրայատուկ հոգեբանական, այլեւ՝ բնախօսական վիճակը եւ ամուսնական սեռական յարաբերութիւններու ժամանակաւոր դադարը չդիտէ իբրեւ իր նկատմամբ կնոջ սառնութեան դրսեւորում։

Հասուն տարիքը ունի իր ճգնաժամային շրջանները, օրինակ՝ դժուար պահերուն կրնան առաջանալ 2-րդ երեխայի ծննդեան հետ։ Մասնաւորապէս, մեծերու ուշադրութեան կեդրոնը գտնուած առաջնեկի մօտ, եղբօր կամ քրոջ ծնելէն յետոյ, այլեւս չսիրուած, աւելորդ ըլլալու միտքէն կրնայ առաջանալ նեւրոզ, որուն հետեւանքով երեխան կը դառնայ խիստ կամակոր, քմահաճ։ Երեխայի այդպիսի վարքը կրնայ կազմալուծել ընտանիքը։ Մեծերը յաճախ առաջնեկի վրայ կը սկսին «թափել» իրենց բարկութիւնը կամ, ընդհակառակը, անոր արտօնեալ վիճակի կորուստը կ'աշխատին փոխհատուցել ընդգծուած ուշադրութեամբ, որ երեխան սովորաբար, չ'ընդունիր համարելով կեղծ։ Այս իրադրութիւնէն միակ ելքը առաջնեկին ընտանիքի նոր անդամի յայտնուելուն նախապատրաստելն է։

Ամուսնութեան Հասուն Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւրաքանչիւր ընտանիքի կեանքին մէջ, բարդ ժամանակաշրջան կը սկսի երեխաներու հասունանալէն յետոյ։ Տալէն անոնց հեռանալը, սեփական ընտանիք կազմելը յաճախ ծնողները ցաւագին կ'ընդունեն, յատկապէս, երբ ընտանիքը լրիւ չէ (յաճախ առանց հայր է), կամ երբ երեխան միակն է։ Նման դէպքերուն մէջ՝ հիմնականին մէչբ երեխայի դաստիարակութեամբ միաւորուած ամուսիններուն կը տիրէ հիասթափութիւն, կամ ընդհանուր հետաքրքրութիւններու բացակայութիւնը կը հանգեցնէ օտարացման։ Շատ ծնողներ անյաջող փորձեր կը ձեռնարկեն իրենց հասուն զաւակներու կեանքին միջամտելու, կեանքի ուղեկցի ընտրութեան հարցին մէջ, անոնց որոշումներու վրայ ազդելու համար։ Առանձնապէս սխալ կը հասնի զաւակներուն ապերախտութեան մէջ մեղադրելը, թէ՛ «անոնց կը նուիրաբերեն իրենց ողջ կեանքը»։ Սովորաբար հասուն զաւակները կ'ընդդիմանեն ծնողներու այդպիսի վարքագծին եւ կը պաշտպանեն ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու, անձնական կեանք ունենալու իրենց իրաւունքը։ Բնականոն, բարեացակամ յարաբերութիւններով ընտանիքին մէջ, ուր դեռ փոքր տարիքէն հաշուի կ'առնեն երեխայի անյատականութիւնը, ամէն ինչ բարեյաջող ընթացք կ'ունենայ։

Ամուսնութեան Ճգնաժամային Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանիքի առաւել ծանր ճգնաժամային շրջանը կապուած է ծերութեան, ամուսիններէն մէկուն կեանքէն հեռանալու հետ։ Այդպիսի դէպքերուն մէջ՝ միայնակութիւնը կը յաղթաւարուի հին ընկերներու, հասուն զաւակներու ընտանիքներու հետ սերտ կապեր պահպանելով, սեփական ուժերու համեմատ մասնագիտական, հասարակական կամ այլ աշխատանք կատարելով։

Ընտանիքը սովորաբար կը դիմէ բժշկի օգնութեանը դժուարին ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն, երբ ընտանեկան վէճը, ընդհարումը բաւականին խորհանին եւ բացասաբար կ'ազդէ ընտանիքի անդամներու հոգեկան ու ֆիզիքական վիճակի վրայ։

Ընտանեկան հոգեկան ցնցումները, որքան ալ աննշան թուեցան, մեծերու եւ երեխաներու նեւրոզներու գլխաւոր պատճառներէն են։ Ընդհանուր եւ հասարակութեան հոգեբանութեան ժամանակակէն մակարդակը եւ շահագրգռուած անձերուն բարի կամքը հնարաւորութիւն կու տան կանխել նեարդային հիւանդութիւնները, ծանր ընդհարումները, ամուսնալուծութիւնը։ Հոգեբոյժները եւ նեարդահոգեբանները կ'օգնեն լուծելու ներընտանեկան ընդհարումները։

ՀՀ խոշոր քաղաքներում կան ընտանեկան հարցերու յատուկ խորհրդատուութիւններ, ուր կարելի է դիմել ընտանեկան փոխհարաբերութիւններու, երեխաներու դաստիարակութեան եւ այլ հարցերով։

Ընտանիքին մէջ, առաւել ծանր ընդհարումներ կ'առաջանենգինեմոլութեան եւ թմրամոլութեան հետեւանքով, որոնք յատկապէս կործանարար են երեխաներու համար։

Առողջ ընտանիքի համար ճգնաժամային շրջանները վտանգաւոր չեն. ատոնց յաջող յաղթահարումը կը նպաստէ փոխադարձ վստահութեան, կեանքի ուսանելի փորձ ձեռք բերելուն։ Շրջապատի, սեփական ընտանիքի անդամներու նկատմամբ բարյացակամ վերաբերմունքը առողջ ընտանիքի գոյութեան կարեւոր նախապայմաններէն է։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:ՀԲՀ