Jump to content

Ամըլ Ամին

Ամըլ Ամին
Ամինը Dinard British ֆիլմի փառատօնի ընթացքին, Ֆրանսա, 2006
Ծնած է 30 Յուլիս 1985(1985-07-30)[1] (40 տարեկան)
Ծննդավայր Լոնտոն, Անգլիա
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Barbara Speake Stage School?
Մասնագիտութիւն դերասան, շարժապատկերի դերասան, հեռատեսիլի դերասան, ժապաւէնի բեմադրիչ, կինոսցենարիստ, ժապաւէն արտադրող և քասթինգի տնօրեն

Ամըլ Էյսան Ամին (30 Յուլիս 1985(1985-07-30)[1], Լոնտոն, Անգլիա), Անգլիացի դերասան մըն է, ճանչցուած իր դերով իբրեւ Թրէվըր Kidulthood ֆիլմին մէջ, Լուիս Հարտի` The Bill ֆիլմին մէջ, Մալքըմ` Harry's Law ֆիլմին մէջ, Քաֆէըս` Netflix կայանի Sense8 հեռուստաշարին մէջ եւ իբրեւ Ալպի` The Maze Runner ֆիլմին մէջ:

Ամինը ծնած է Լոնտոնի մէջ Ճամայքացի եւ Վինսէնդացի ծնողքէ մը[2]: Ուսանած է դերասանագիտութիւնը Barbara Speake Stage School վարժարանին մէջ, Լոնտոն։ Մանուկի դերով ան եղած է քանի մը հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս Oliver! եւ Jolson հեռուստաշարներուն մէջ:

Ան 11 տարեկանին բեմի վրայ մասնակցած է Մայքըլ Ճեքսընի ներկայացումներէն մէկուն մէջ 1996-ի BRIT Awards երաժշտական եւ անգլիական մրցանակաբաշխման ելոյթի մը[2]:

Ամինի ընտանիքը շատ կարեւոր դեր խաղցած է իր կեանքին մէջ: Անոնք եղած են 7 քոյր-եղբայր՝ Միքել, Ալիշա, Նատինա, Ճիզէլ, Ճէյսըն եւ Պայլընս: Ամինի առաջին դերասանական առիթը ստեղծուած է 2004-ին, երբ ան ներկայացաւ Bella and the Boys ֆիլմին մէջ, որպէս Թէրի անունով կերպար մը[3]:

Իր յաջորդ դերը եղաւ մէկ դրուագային դեր մը BBC կայանի Holby City հեռուստաշարին մէջ։ Ան նաեւ գլխաւոր դեր մը ունեցաւ Անգլիական Kidulthood հեռուստաշարին մէջ իբրեւ Թրայֆ եւ ներկայիս ան իբրեւ հիւր կը ներկայանայ Second Chance եւ Red Tails ֆիլմերուն մէջ:

Ան ստանձնեց Լուիս Հարտի կերպարը ITV կայանի ոստիկանական The Bill հեռուստաշարին մէջ, ինչ որ մինչեւ այսօր զինք ամէնէն հռչակաւոր դարձուցած դերը եղած է: Լուիս Հարտի կերպարը անձ մըն է, որ կեանքը անցուցած է փողոցները, սակայն ուզելով կեանքի ուղին դարձնել դէպի ճիշդ ուղղութիւն՝ կը դառնայ ոստիկան: Ան տարբեր տեսակի հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուի, ինչպէս իր գործընկերներուն եւ բանտարկեալներուն հետ անհասկացողութիւններու պատճառաւ: Օր մը Հարտի կը ստանայ փամփուշտ մը, որմէ ետք իրեն կու տան աւելի թեթեւ կարգի ոստիկանական գործեր:

2008Ապրիլին ան ունեցաւ գլխաւոր դեր մը BBC կայանի պատանեկան տրամա Dis/Connected հեռուստաշարին մէջ, խաղալով Անթընիի կերպարը՝ 18 տարեկան համալսարանական տղայ մը Լոնտոնէն, որ վատ ձեւերով դարձած էր թիրախ ուրիշներու կատակի եւ կ'անցնէր դժուար օրերէ, մանաւանդ երբ իր ամէնէն մօտիկներէն մէկը անձնասպան կ'ըլլա[4]:

Ամինը նաեւ դեր ունեցած է Channel 4 կայանին վրայ, Fallout անունով ֆիլմի մը մէջ[5]: The London Lite թերթի կարծիքով այդ դերը Ամինի ամէնէն յիշատակելի դերն էր:

Ամին ներկայացաւ նաեւ իբրեւ Էյ-Ճէյ Silent Witness հեռուստաշարի Series 12, առաջին եւ 2-րդ բաժիններուն մէջ։ Ան ներկայացաւ իբրեւ պատանի գործաւոր մը, որ կը փորձէ տարբերութիւն մը գտնել Հարաւային Լոնտոնի անապահով բաժիններուն մէջ, ուր կը ծանօթանայ Լէոյի, որ պատժուած էր գինով վիճակով ինքնաշարժ քշելու պատճառավ:

2008Յունիսին Ամինը սկսաւ A.S.A (Actors Student Alliance)՝ թատերական դպրոց մը, որ թաքնուած տաղանդներ կը գտնէր Լոնտոնի մէջ եւ անոնց կ'ուսուցանէր: Այդ դպրոցը նաեւ կ'արտադրէ ֆիլմեր եւ կարճ ֆիլմեր՝ իր աշակերտներուն կարողութիւններով[6]:

Ամինը ելոյթ ունեցած է Tricycle Theatre թատերասրահին մէջ «Not Black and White», 2009 Հոկտեմբերին: Տեսնուած է իբրեւ «յատկապէս բեմավարժ Ամըլ Ամին, ամէնէն թարմը եւ ներշնչող ձայնը բեմին վրայ» Time Out London պարբերաթերթին կողմէ: Ան նաեւ ստացաւ շատ լաւ արձագանքներ տեղական լրատուական քննադատներէ:

Ամին գլխաւոր դեր ստացաւ Ճէսըն Պարէթի Անգլիական The Naked Poet ֆիլմին մէջ, որուն մէջ իր դերն էր Ռայըն անունով տղայ մը: Այդ դերին համար ան ձեռք բերաւ Լաւագոյն Դերասանի մրցանակը V.I.P.F մրցանակաբաշխման՝ 2010-ին:

Ամին նաեւ գլխաւոր դեր ունէր Տէյվիտ Է. Քէլիի քաղաքական եւ դատական տրամա Harry's Law հեռուստաշարի առաջին մասին մէջ, որ NBC կայանէն սփռուեցաւ 20011-ին[7]:

Ամլ առաջին Հոլիվուտեան իր դերը ունեցաւ Ճորճ Լուքըսի Red Tails (2012) ֆիլմին մէջ, որ առաջին ափրիկեցի-ամերիկացի օդաչուին մասին էր, որ համաշխարհային առաջին պատերազմին մաս կազմած է օդաչուներու մարտող կազմին: Ամըլի ֆիլմընկերներէն էին Քուպա Կուտինկ եւ Թէրընս Հաուըրտ:

Ան խաղցած է Ալպի անունով տղու մը կերպարը երեւակայական The Maze Runner գիրքի ֆիլմի պատրաստութեան մէջ։ Իր ֆիլմընկերներէն էին Ուիլ Փուլթըր, Տիլիըն Օպրայըն, Քայա Սքոտէլարիո եւ Թոմըս Սէնկսթըր: Ֆիլմը թողարկուեցաւ 2014Սեպտեմբերին:

2015-ի Յունիսէն ետք ան ունէր գլխաւոր դեր NetflixSense8 հեռուստաշարին մէջ։ Հեռուստաշարը արտադրուած եւ բեմադրուած է The Wachowskis արտադրիչներու կողմէ, որոնք հռչակաւոր են իրենց ստեղծագործութեամբ՝ who The Matrix ֆիլմի շարանով: 2016-ի 27 Ապրիլին, Deadline թերթը հրապարակեց թէ Ամինը ձգած էր հեռուստաշարը երկրորդ եղանակին համար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 ČSFD — 2001.
  2. 2,0 2,1 «Aml Ameen»։ արխիւացուած բնօրինակէն 31 July 2008-ին։ արտագրուած է՝ 1 August 2008 
  3. «Bella and the Boys (2004) (TV)»։ արտագրուած է՝ 1 August 2008 
  4. «BBC – BBC Three Programmes – Dis/Connected»։ արտագրուած է՝ 1 August 2008 
  5. «Channel 4 – Disarming Britain»։ արխիւացուած բնօրինակէն 15 July 2008-ին։ արտագրուած է՝ 1 August 2008 
  6. «Actors Student Alliance»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 April 2009-ին։ արտագրուած է՝ 5 April 2009 
  7. «NBC Adds To New Scripted Lineup With Four New Series – 'The Cape,' 'Outlaw,' 'Harry's Law' And 'Friends With Benefits' – And Renews 'Chuck' For Fourth Season In 2010–11» (Press release)։ NBC Universal։ 14 May 2010։ արխիւացուած բնօրինակէն 17 May 2010-ին։ արտագրուած է՝ 16 May 2010