Jump to content

Մայքըլ Ճեքսըն

Մայքըլ Ճեքսըն
անգլերէն՝ Michael Jackson
The Way You Make Me Feel-ի ներկայացում
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Michael Joseph Jackson
Ծնած է 29 Օգոստոս 1958
Ծննդավայր Կէրի, Ինտիանա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 25 Յունիս 2009
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Ափրիկեցի-ամերիկացի[3]
Մայրենի լեզու ամերիկեան անգլերէն եւ անգլերէն
Ուսումնավայր Մոնտկլեր քոլեջի նախապատրաստական ​​դպրոց?Կատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Ազդուած է Սեմի Դևիս կրտսեր?, Ջեյմս Բրաուն?, Չարլի Չապլին?, Ֆրեդ Ասթեր?[4], Դայանա Ռոս?, Սեմ Կուկ?, Sly Stone?, Jackie Wilson?, Մարսել Մարսո? եւ Պիթլս
Երկեր/Գլխաւոր գործ Off the Wall?, Թրիլըր, Bad?, Dangerous? եւ HIStory: Past, Present and Future, Book I?
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն, Հոգեւոր երաժշտութիւն, պարային երաժշտութիւն, դիսկո?, ռոք, Պլուզ, Ռիթմ եւ «Պլուզ», Ֆանք, new jack swing?, Հիփ-հոփ, հարդ ռոք?, Urban contemporary?, samba?[5] եւ Պարային փոփ
Մասնագիտութիւն երգիչ, երգահան, արտադրող, պարող, գործարար
Անդամութիւն The Jackson 5?
Ամուսին Լիզա Մարի Փրեսլի? եւ Դեբի Ռոու?
Ծնողներ հայր՝ Joe Jackson?, մայր՝ Katherine Jackson?
Երեխաներ Prince Jackson?, Paris Jackson? եւ Blanket Jackson?
Կայքէջ michaeljackson.com
Ստորագրութիւն

Մայքըլ Ճոզեֆ Ճեքսըն (անգլերէն՝ Michael Joseph Jackson) (29 Օգոստոս 195825 Յունիս 2009), Ամերիկացի երգիչ, պարող, արտադրող (producer) եւ գործարար։ Իրեն համարած են փոփ (անգլ.՝ pop) երաժշտութեան արքայ, արժանացած է «Սերունդի», «Տասնամեակի», «Դարի լաւագոյն երգիչ»[6], «Հազարամեակի արթիսթ» (արուեստագէտ - անգլ.՝ artist) կոչումներուն։ Ճեքսըն բոլոր ժամանակներու ամենաշատ սկաւառակ ծախած արուեստագէտն է (780 միլիոն սկաւառակ)[7][8], իրեն պատկանած է աշխարհի ամենաշատ վաճառուող սթուտիական (այսինքն արձանագրութեան արհեստանոց անգլ.՝ studio ) ալպոմը (Thriller վերջին տեղեկութիւններով 175 միլիոն օրինակ), ամենավաճառուող «ռեմիքս» (այսինքն վերամշակուած եւ վերաբաղադրուած երաժշտական հատուած, անգլ.՝ remix) ալպոմը (Blood on the Dance Floor: HIStory in the Mix 11 միլիոն օրինակ), ամենաշատ վաճառուած երկսկաւառականի ալպոմը (HIStory 20 միլիոն ալպոմ, 40 միլիոն սկաւառակ) եւ ամենաթանկարժէք տեսահոլովակը (Scream (հայ. ճիչ), Ճանեթ Ճեքսընի հետ, 7 միլիոն տոլլար)[9])։ Ճեքսըն 13 անգամ արձանագրուած է «Կինես ուըրլտ ռեքորտ» (այսինքն՝ աշխարհի ամենահետաքրքրաշարժ եւ արտասովոր երեւոյթներու արձանագրութիւններու տեղեկատուական գիրք - անգլ.՝ The Guinness Book of Records) եւ կը համարուի բոլոր ժամանակներու ամենանշանաւոր եւ ազդեցիկ արուեստագէտներէն «արթիսթ»ներէն մէկը[10][11][12]։ Երաժշտութեան, պարի եւ նորաձեւութեան մէջ ունեցած իր ներդրումը Մայքըլին մօտ չորս տասնամեակ դարձուց «փոփ» երաժշտութեան կենտրոնական դէմքը։ Ճեքսըն այն եզակի երգիչներէն է, որուն անունը 2 անգամ արձանագրուած է «ռոք-ն-ռոլի» «rock and roll» փառքի սրահին մէջ։ Ճեքսընը 15 անգամ արժանացած է «Կրեմմի» (անգլ.՝grammy) մրցանակի (նեռարեալ Կենդանի առասպել, անգլ.՝ legend), ունեցած է 13 #1 հիթ (անգլ.՝ hit) եւ ծախած է աւելի քան 780 միլիոն սկաառակ[7][13], արժանացած է 26 American Music Awards-ի (նեռարեալ Դարի Արթիսթ)։ Մայքլ Ճեքսընը նաեւ մեծ մարդասէր էր եւ 39 բարեգործական ընկերութիւն ունէր։ 23 Յունիս 2009-ին «Ի բարօրութիւն մարդկութեան» մրցանակի յանձնման բարձրագոյն խորհուրդի որոշմամբ Մայքլ Ճեքսընը պարգեւատրուեցաւ «Համաշխարհային մշակոյթին ունեցած կարկառուն աւանդին համար» մրցանակով[14]։

Մայքըլ երգել սկսած է մանուկ հասակէն՝ ժամանակի ընթացքին իր վոքալային (այսինքն՝ ձայնային - անգլ.՝ vocal) ոճը եւ ձայնը շատ փոխուած են։ 1971-էն Մայքըլի ձայնը երիտասարդ «սոփրանօ»էն (այսինքն՝ իգական բարձրագոյն ձայն - անգլ.՝ soprano)։ կը վերափոխուի «թենոր»ի (այսինքն՝ տղամարդու բարձրագոյն ձայն - անգլ.՝ tenor)։ Ճեքսըններու ընտանիքին թիւ 7-րդ երեխան ըլլալով , ան կը սկսի բեմ հանդէս գալ 1964-թ-էն՝ The Jackson 5 խումբի կազմին։ 1971-ին ան կը սկսի իր «սոլօ» ասպարէզը (այսինքն՝ մենակատար - անգլ.՝ solo) ու քանի մը տարուան մէջ կը հասնի այնպիսի յաջողութիւններու, որ իրեն կը վերագրուի «Փոփ-Արքայ» կոչումը։ 1982-ին իր թողարկուած Thriller ալպոմը մինչեւ այսօր կը մնայ աշխարհին ամենաշատ վաճառուած ալպոմը։ Ճեքսընի մենակատար «սոլօ» ձայնագրութեան 5 ալպոմները կը մտնեն աշխարհի ամենալաւ վաճառուող ալպոմներու ցանկին մէջ (Off the Wall (1979), Thriller (1982), Bad (1987), Dangerous, (1991), History (1995))։ Մայքըլը ցուցադրեց այնպիսի պարային ոճեր, ինչպիսիք են «ռոպոթ»-ը եւ «լուսնային քայլուածք»-ը։ Իրեն յաճախ անուանած են «տեսահոլովակը գովազդային արտադրանքէն արուեստի վերածող»՝ նկատի ունենալով «Thriller», «Beat It», «Billie Jean», «Black or White», «Scream» տեսահոլովակները։ «Thriller», «Beat It», «Billie Jean» տեսահոլովակներու շնորհիւ ան դարձաւ Աֆրօ-Ամերիկեան առաջին երգիչը, որ ցուցադրեցին MTV ալիքով[15]։

Մայքըլ Ճեքսընը մահացաւ 25 Յունիս 2009-ին՝ 50 տարեկանին։ Ըստ յետաքննութեան, իր մահը սպանութեան հետեւանք էր[16]։ Հրաժեշտի արարողութինը ուղիղ հեռարձակմամբ ամբողջ աշխարհը դիտած է միլիոնաւոր մարդիկ։ 2009-ի Հոկտեմբեր 26-ին կը հրապարակուի փոփ արքային վերջին ձայնագրութիւնը՝ «This is it» («Ահա եւ Վերջ»)։ Երգի բնօրինակ ձայնագրութիւնը «Sony» ընկերութեան բրիտանական բաժանմունքին եւ քանի մը ռատիոկայաններուն ուժեղ հսկողութեան տակ առնուած է։ Համանուն ալպոմը վաճառքի յայտնուեցաւ Հոկտեմբեր 26-ին։ ԱՄՆ-ուն մէջ երգը յայտնուած էր Մայքըլ Ճեքսընի պաշտօնական կայքին մէջ Նոյեմբեր 27-ին՝ ժամը 24։00 ին (Երեւանի առաւօտեան ժամը 9։00 էր)[17]Մէջբերման սխալ՝ Invalid parameter in <ref> tag։ 2009-ի Նոյեմբեր 23-ին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «American Music Awards» մրցանակաբաշխութեան Մայքըլ Ճեքսընը յետ մահու արժանացած է 4 մրցանակի հետեւեալ անուանակարգերուն՝ «Լաւագույն փոփ/ռոք կատարող», «Լաւագոյն երգիչ սոուլ եւ առ-ն-պի ոճերուն», «Number Ones» ալպոմը արժանացած է «Տարուայ ալպոմ» անուանակարգին փոփ/ռոք, սոուլ/առ-ն-պի ոճերուն[18]։ 2010-ի Յունուար 31-ին Մայքըլ Ճեքսընը յետմահու արժանացած է Կրեմմի «grammy» մրցանակի՝ երաժշտութեան մէջ ունեցած իր աւանդի համար, այս Ճեքսընի 14-րդ Կրեմմին է, մրցանակը ստացած են իր երեխաները[19]։ 2010-ի Մարտ 16-ին «Sony Music Entertainment»-ը ստորագրեց ձայնագրութեան պայմանագիր, որ արժեց 250 միլիոն տոլար, ըստ այդ պայմանագիրին Սոնին «Sony» իրաւունք կը ստանայ Մայքըլի անշարժ գոյքի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ մինչեւ 2017 թուական իրեն կը տրուի Մայքըլի ձայնագրութիւններուն հեղինակային իրաւունքներ, եւ վերջապէս Սոնին «Sony» իրաւունք կը ստանայ թողարկելու Մայքըլի յետմահու 7 ձայնագրուած ալպոմները[20]։

Կեանքն ու Ասպարէզը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1958-1970, Մանկութիւնը Եւ The Jackson 5

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1958 թուականի օգոստոսի 29-ին Ճօ Եւ Քեթրին Ճեքսըններու ընտանիքին մէջ ծնաւ անոնց 7-րդ զաւակը՝ Մայքըլը։ Արդէն 1 տարեկանին Մայքըլ սկսաւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել երաժշտութեան նկատմամբ, երբ ողջ ընտանիքը կ՝ երգէր «You Are My Sunshine», «Cotton Fields», «She'll Be Coming Round The Mountain» եւ նմանատիպ այլ երգեր։ Այդ երեւոյթը իրենց ընտանիքին մէջ աւանդոյթ դարձաւ 1955-ին, երբ փճացաւ իրենց հեռուստացոյցը։ 1960 թուականին Ճոզեֆ սկսաւ ազատ ժամանակ երգեցողութիւն դասաւանդել Ճերեմայնին, Թիթոյին եւ Ճեքիին։ Շուտով իրենց միացան Մարլոնը եւ Մայքըլը։ Աւելի ուշ խումբին միացաւ թմբկահար Ճոննի Ճեքսընը։ 5 տարեկանին Մայքըլ ելոյթ ունեցաւ նախնական դպրոցին մէջ՝ (at his kindergarten talent show) կատարելով «Երաժշտութեան ձայները» ֆիլմէն «Climb Every Mountain» երգի աքափելլա տարբերակը։ Մայքըլ այնքան յուզականութեամբ կ՝ երգէր, որ իր մայրն ու ուսուցչուհին յուզուեցան։ Այդ Մայքըլին առաջին ելոյթն էր։ Շուտով ան փոխարինեց Ճերեմայնին, որպէս խումբի գլխաւոր երգիչ (vocalist)։ 1965 թուականին Ճեքսըն եղբայրները ելոյթ ունեցան «Կելն» այգիին մէջ տեղի ունեցած նորաձեւութեան ցուցադրման ժամանակ, եւ ճիշդ այստեղ ալ ծագեցաւ խումբի «The Jackson 5» անուանումը (մինչ այդ անոնք կը կոչուէին Jackson Family եւ Jackson Brothers)։ Անոնք կատարեցին 3 երգ, նեռարեալ Larks խումբի հիթ դարձած «Doin The Jerk» երգը[15]։

Ճեքսըններու հայրական տունը Կերիի մէջ

Պոպպի Ճեքսընի՝ Ճոյին եղբօր կնոջ, առաջարկով խումբը ելոյթ ունեցաւ Ռուզվելթի անուան դպրոցի տաղանդներու մրցոյթին, ճիշդ այնտեղ անոնք ունեցան իրենց առաջին յաղթանակը։ Իրենց յաջողութիւն բերաւ Temptations խումբի «My Girl» երգը։ Մայքըլ եւ Ճերեմայնը կարգով կը կատարէին, եւ ադպէս խումբի իւրաքանչիւր անդամ հնարաւորութիւն ունեցաւ ցուցադրել իր տաղանդը։ Մայքըլ այդ ժամանակ ցոյց տուաւ նաեւ իր պարային շարժումները, 2 ամիս անց խումբը յաղթեց տաղանդներու ամենամեայ մրցոյթը, որ տեղի կ՝ ունենար «Կիլրոյ» մարզադաշտին մէջ։ Մայքըլ բոլորին ապշեցուց կատարելով Ռոպերթ Փարքըրի (Robert Parker) «Barefootin» հիթը։ «Gary Post Tribune» թերթը յօդուած տպագագրեց խումբի մասին. եւ այս առաջին յիշեցնող յօդուածն էր մամուլին մէջ խումբի մասին[15]։

Փորձելով ընդլայնել լսարանը՝ Ճոզեֆ իր երեխաներուն աշխատանքի տեղաւորեց «Mr. Lucky's» ակումբին մէջ։ Դեռահաս երգիչները մէկ երեկոյի համար կը ստանային 8 տոլար՝ հանդէս գալով 6-7 անգամ։ Խումբը շատ արագ ճանաչում կ՝ ունենայ։ Շուտով ակումբի յաճախորդները սկսան գումարներ նետել բեմի վրայ. այդ գումարները քանի մը անգամ կը գերազանցէր իրենց աշխատավարձը։ Ճոզեֆ «Motown» արձանագրութեան արուեստանոց (studio) հիմնադիր Պերրի Կորտիին կ՝ ուղարկէ խումբի ձայնագրութիւնները, սակայն 3 ամիս անց սկաւառակը կը վերադառնայ առանց մեկնաբանութիւններու։ 1967 թուականին Jackson 5-ը կը յաղթէ Կերիի մեմորիալ համերգասրահին մէջ կազմակերպուող սիրողական շոուի գլխաւոր մրցանակը[15]։ Նոյն տարին Jackson 5 խումբը կը դառնայ Շիքակոյի Թագաւորական թատրոնին մէջ տեղի ունեցող շոուի եռակի յաղթող։ Շնորհիւ այդ յաղթանակներուն անոնք հնարաւորութիւն կը ստանան հանդէս գալ նոյն համերգի ընթացքին տարբեր աստղերու հետ, այդպէս անոնք հանդէս կու գան 1967 թուականի առ-ն-պի ոճի մէջ լաւագոյն խումբին՝ Gladys Knight & The Pips-ի հետ։ Իրենց փառքը կ՝ աճէր եւ շուտով անոնք յայտնուեցան «Super Dogs» մրցոյթի եզրափակիչ փուլին մէջ, որ տեղի կ՝ ունենար «Ափոլլօ» թատրոնին մէջ։ Այդ Ճեքսըոններու արհեստավարժ ասպարէզի սկիզբն էր։ Որպէս շոուի յաղթողներ անոնք հնարաւորութիւն կը ստանան վճարովի համերգներ տալու։ Ելոյթներու ժամանակ Մայքըլ ուշադրութեամբ կը հետեւէր, թէ ինչպէ՞ս կը շարժուին իր սիրած արթիսթները՝ նեռարեալ Ճէյմս Պրաունը։ Շուտով Մայըքլ, Պրաունի շարժումներէն մի քանին ներառեց իր պարին մէջ։ Նիւ Եորքեան փաստաբան Ռիչըրտ Էրոնսը համաձայնեցաւ օգնել Ճոյին ստանալ պայմանագիր որեւէ յայտնի ձայնագրման ընկերութեան հետ։ Էրոնս սկսաւ, Jackson 5-ի համար, քանի մը նահանգներուն մէջ համերգներու կազմակերպութեամբ, ուր խումբը հանդէս կու գար այլ սկսնակ խումբերու հետ։ Անոնք շրջագայեցան Սենթ Լուիս, Ֆիլատելֆիա, Քանսաս Սիթի, Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք քաղաքներով[15]։

1968 թուականի Յունուարին խումբը եւ «Steeltown Records» արձանագրութեան արուեստանոցը (studio) կը թողարկեն «Big Boy» անհատական ձայնագրութիւնը (single) Կերի քաղաքին մէջ (Gary city in Lake County, Indiana, United States)։ Այդ տեղի ունեցաւ Ճոյին ընկերոջ՝ Քէյթի, շնորհիւ։ Անհատական ձայնագրութիւնը (single) ներկայացաւ կամ տեղ առաւ «WWCA» ռատիոյի երգացանկին մէջ, բայց շատ քիչ երգի հոլովումի (rotation) պատճառով այն յաջողութիւն չունեցաւ։ Հարկ է նկատել, որ հիմա այդ (single) անհատական արձանագրութիւն բաւական մեծ պահանջ ունի հաւաքիչներու մօտ եւ անոր արժէքը կարող է կազմել նոյնիսկ 1000 դոլար։ «Steeltown Records»-ը յետագային կը շարունակէ իր համագործակցութիւնը Ճեքսոններու եւ անոնց ձայնագրութիւններուն հետ, որոնք կը կատարուէին Ճեքսըններու տնային արձանագրութեան արուեստանոց (studio) «Jackson Records»։ Գարնան Ճեքսyնները «Steeltown»-ի մէջ կը ձայնագրեն իրենց երկրորդ անհատական արձանագրութիւնը (single), այն կը ներառէր «You Don't Have To Be Over 21 (To Fall In Love)» եւ «Jam Session» երգերը, սակայն անհատական ձայնագրութիւնը (single) թողարկուեցաւ միայն 1971 թուականին։ Ապրիլին խումբը հանդէս կու գայ Ռիչարտ Հաթչըրի նախընտրական մամլոյ ասուլիսի ժամանակ եւ համերգին, որուն նաեւ կը մասնակցէին Պոպպի Թէյլըրը եւ Տաիանա Ռոզը Supremes-ի հետ միասին։ Այդ ելոյթի պատճառով, յետագային, շինծու կարծիք մը կը ձեւակերպուի, թէ (Diana Ross) Ռոզը «բացահայայտած» է խումբը։ Յուլիս 12-ին Պոպպի Թէյլըրը եւ Vancouvers-ը Ճեքսըններուն հետ միասին Թագաւորական թատրոնին մէջ ելոյթ կ՝ ունենան։ Vancouver խումբի անդամ Թոմաս Շոնկը աւելի ուշ կը յայտարարէ, որ ճիշդ այդ ելոյթի ժամանակ իրենք «բացայայտած» են Ճեքսընները։ Օգոստոսին, խումբը կը ստանայ Տէյվիտ Ֆրոսթի երգի ցուցադրական ելոյթին (show) հրաւէրը, որ տեղի կ՝ ունենար Նիւ Եորքի մէջ[15]։

Ձմրան Jackson 5-ի հեռատեսիլային նախագիծի կամ նախափորձի օրը կը տեղափոխուի, եւ կը կատարուի այն նպատակով, որպէսզի «Motown Records»-ի հիմնադիր Պերրի Կորտին տեսնէ կամ ներկայ ըլլայ։ Սակայն ան չկրցաւ ներկայ գտնուիլ Ճեքսըններու «Who’s Loving You» երգի կատարման, յատուկ Կորտիի համար իրենց ելոյթը ձայնագրուեցաւ տեսասկաւառակի վրայ։ Որմէ ետք «Motown Records»-ը կնքեց իրենց հետ պայմանագիր։ Տղաները անմիջապէս կը տեղափոխեն Լոս Անճելըս, որպէսզի անոնց նախապատրաստեն իրենց առաջին ձայնագրութեանը «Motown»-մէջ։ Ճոզէֆ Ճեքսըն, իր զաւակներն ու օգնական Ճեք Ռիչարտսընը ժամանակաւոր բնակութիւն կը հաստատեն Հոլիվուտեան բլուրներու վրայ գտնուող Պերրի Կորտիի եւ Տայանա Ռոսի տան մէջ (Diana Ross)։ Խումբը ելոյթ ունեցաւ Կորտիի տան մէջ կազմակերպուած խնճոյքին, բացի այդ անոնք ելոյթ ունեցան «Motown»-ի այլ ճանչցուած աստղերուն համար, անոնց մէջ կար Four Tops, Սթիվի Ուոնտըր (Stevie Wonder), Տայանա Ռոս (Diana Ross) եւ Սմոքի Ռոպինսըն (William "Smokey" Robinson, Jr.)։ 1969 թուականի Օգոստոս 11-ին Տայանա Ռոս կը հրաւիրէ հոլիվուտեան Զանգուածային լրատուամիջոցները - (ԶԼՄ) գնահատելու «Motown»-ի նոր աստղերը։ Շուտով Ճեքսըններու համերգը տեղի կ՝ ունենայ «Dasy's Disco» բեմին վրայ, որ կը գտնուէր Պեվըրլի Հիլզ (Ռոտիօ տրայվ, 326)։

Համերգը տեւեց 18։30-էն մինչեւ 21։30, ելոյթէն ետք Պերրի Կորտին մամուլի համար յայտարարութիւն կ՝ ընէ ըսելով, որ Jackson 5-ի առաջին երեք անհատական ձայնագրութիւնները (singles) կը զբաղեցնեն առաջնակարգ տեղեր հիթ շքերթներուն մէջ եւ խումբը կը դառնայ տասնամեակի ամենայաջողակ խումբերէն մէկը[15]։ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ առաջին ամիսները խումբի անդամները անցուցին «Hitswille» արձանագրութեան արուեստանոց (studio) Պոպի Թէյլըրի (կը համարուի, որ ճիշդ ինքն է որ բերաւ Ճեքսըններուն «Motown»), Ֆրետտի Փարրաների, Տեք Ռիչըրտսի եւ Ֆոնս Միզզելի («Corporation») հետ։ 1969 թուականին տեղի ունեցած «Միսս Սեւ Ամերիկա» մրցոյթին նաեւ տեղի ունեցաւ խումբի հեռուստացոյցի նախագիծի նախաքայլերը, ուր անոնք կատարեցին «It's Your Thing» երգը[15]։

«Motown»-ի վարիչ ղեկավար Սիւզըն Տի Փասսեն պատասխանատուութիւնը առաւ Jackson 5-ի արտաքին երեւոյթի (image) ձեւաւորման աշխատանքը, ան սորվեցուց տղաներուն ճիշդ պատասխանել հարցերուն, փոխեց անոնց սանտրուածքը, օգնեց անոնց (Choreography) պարագիրներու, երգերու եւ հագուստի ընտրութեան հարցերուն մէջ։ Հոկտեմբերին թողարկուած «Motown»-ի կազմով անոնց առաջին անհատական ձայնագրութիւնը (single), որ կը ներառէր «I Want You Back» եւ «Who's Loving You» երգերը, վաճառուեցաւ 2 միլիոն օրինակով 6 շաբաթուան ընթացքին։ Այդ խումբի առաջին «Ոսկէ» ձայնագրութիւնն էր, բայց քանի որ «Motown»-ը չէր հանդիսանար «Ամերիկեան ձայանագրման միութեան (association)» անդամ, անհատական ձայնագրութիւնը (single) չստացաւ վկայագիր։ Հոկտեմբեր 18-ին Տայանա Ռոսը եւ Supremes-ը ներկայացուցին Jackson 5-ին «Hollywood Palace Special» ծրագիրին, որ կը հեռարձակէր ABC հեռուստաալիքը, խումբը կը կատարէր «I Want You Back» եւ «Can You Remember?» երգերը[15]։ Նոյեմբեր 15-ին «I Want You Back» երգը յայտնուեցաւ փոփ անհատական ձայնագրութիւնները (singles) հիթ (hit) շքերթի 90-րդ հորիզոնականի վրայ։ Նոյեմբեր 22-ին «I Want You Back» երգը սեւամորթ կատարողներու հիթ շքերթին հասաւ առաջին հորիզոնականին, այդ հորիզոնականին երգը մնաց 4 շաբաթ, հիթ հանդէսին այն մնաց 18 շաբաթ։ Դեկտեմբեր 14-ին Jackson 5-ը ելոյթ ունեցաւ «Էտ Սալլիվանի շոու»-ին, ուր անոնք կատարեցին «I Want You Back» եւ «Who's Loving You» երգերը, աւելի ուշ անոնք ելոյթ ունեցան «Ճոննի Քարսընի երգի ցուցադրական ելոյթին (show) եւ «Soul Train» ծրագիրին մէջ[15]։

1970-1980, ABC, Վիզ, Մենակատար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունուարին, ««Jackson 5»»-ը կը ստանայ իր առաջին «Image Award»ը, որ կը տրուի սեւամորթ բնակչութեան զարգացման համար ազգային կազմակերպութեան կողմէ, անոնք ընտրուեցան որպէս տարուան խումբ: Շուտով, ««Jackson 5»»-ը կը պարգեւատրուի «Sixteen» ամսագիրին կողմէ իբրեւ «Տարուան Լաւագոյն Խումբ», ինչպէս նաեւ «Spec» ամսագիրին կողմէ կը ստանան «Տարուան Լաւագոյն Մեներգ» մրցանակը՝ «I'll Be There» երգին համար:

17 Յունուարին Diana Ross Presents The «Jackson 5» ալպոմը կը գրաւէ առաջին տեղը սեւամորթ փոփ կատարողներուն հիթ շքերթներուն մէջ, այն մնաց այս դիրքին վրայ 9 շաբաթ շարունակ, հիթ շքերթներուն մէջ մնաց 32 շաբաթ շարունակ։

Յունուար 31-ին, «I Want You Back» եւ «Who's Loving You» երգերով սկաւառակը կը յայտնուի Մեծն Բրիտանիոյ «Թոփ 50» մենակատարութիւններուն հիթ շքերթի 2-րդ դիրքին վրայ, այն հիթ շքերթին մէջ ան մնաց 13 շաբաթ շարունակ եւ ծախուեցան 250 000 օրինակ: «I Want You Back» երգը սեւամորթ կատարողներու հիթ շքերթներուն մէջ գրաւեց առաջին դիրքը, այդ դիրքին վրայ մնաց 4 շաբաթ շարունակ, ընդհանուր առմամբ ատիկա մնաց հիթ շքերթներուն մէջ 19 շաբաթ «ABC»ի գործարանին շրջանակներուն մէջ ««Jackson 5»» խումբը հանդէս եկաւ «American Bandstand» մրցանակաբաշխութեան, ուր կատարեց «I Want You Back» երգը եւ ստացաւ «Ոսկէ սկաւառակ» այդ երգի վաճառքին համար[15]:

6 Մարտին «Motown at The Hollywood Palace» սկաւառակին մէջ ներառուեցան ««Jackson 5»»-ի կատարումներէն, որոնք առնուած էին նախորդ տարուան Հոկտեմբերին ABC հեռուստաալիքով ելոյթի ժամանակ:

21 Մարտին, «ABC» եւ «The Young Folks» երգերով մենակատարութիւնը, որ թողարկուած էր 24 Փետրուարին, գրաւեց առաջին դիրքը սեւամորթ կատարողներու մենակատարութիւններու հիթ շքերթին մէջ, մենակատարութիւնը մնաց այս դիրքին վրայ 2 շաբաթ, իսկ ընդհանուր առմամբ՝ 4 շաբաթ շարունակ: «1-2-3» երգը 3 շաբթուան ընթացքին վաճառուեցաւ 2 միլիոն օրինակ: Շուտով «Diana Ross Presents The «Jackson 5»» երկարանուագ սկաւառակը կը թողարկուի Բրիտանիոյ մէջ եւ «Թոփ 75»ին մէջ կը գրաւէ 16-րդ դիրքը, եւ կը մնայ հիթ շքերթին մէջ 4 շաբաթ:

25 Ապրիլին, «ABC» երգը դարձաւ համար մէկ հիթ փոփ մենակատարութիւններուն հիթ շքերթին մէջ, մինչ հիթ շքերթը կը գլխաւորէր The Beatlesի «Let It Be» երգը: «ABC»ին կը գլխաւորէ հիթ շքերթը 2 շաբաթ եւ կը մնայ հիթ շքերթին մէջ 13 շաբաթ, այնուհետեւ երգը կը գրաւէ առաջին դիրքը սեւամորթ կատարողներու հիթ շքերթին մէջ։ Անիկա գլխաւորեց հիթ շքերթը 4 շաբաթ եւ մնաց այնտեղ 13 շաբաթ: «ABC» եւ «The Young Folks»երգերով մենակատարութիւնը 16 Մայիսին կը հասնի բրիտական «Թոփ 50»-ի 8-րդ դիրք եւ հիթ շքերթին մէջ կը մնայ 11 շաբաթ[15]:

19 Մայիսին տեղի ունեցող լոսանճելըսեան ֆորումի ժամանակ «Jackson 5» տուաւ իր առաջին համերգը իբրեւ «Motown»ի կատարողներ: Անոնք ելոյթ ունեցան 18 հազար հանդիսատեսի առջեւ եւ շահեցան 100 000 տոլար: Իրենց ելոյթի ժամանակ, երկրպագուհիները ներխուժեցին բեմ, խումբը պահուըտեցաւ մինչեւ կարգ ու կանոնի հաստատումը:

30 Մայիսին «The Young Folks» եւ «I Found This Girl» երգերով մենակատարութիւնները, որ հրատարակուեցաւ 13 Մայիսին «Motown»ին կողմէ, յայտնուեցաւ փոփ հիթ շքերթին մէջ։ Ասկէ աւելի քան 2 միլիոն տոլար վաճառուեցաւ[15]:

1 Յունիսին «Soul» ամսագիրը տպագրեց խումբին նկարը: 4 Յունիսին «The Love You Save» երգը առաջին դիրքը գրաւեց սեւամորթ երգիչներու հիթ շքերթին, որուն մէջ մնաց 14 շաբաթ: 6 Յունիսին «ABC» երկարանուագ սկաւառակը (ասիկա Ճէքսըններուն 2րդ երկարանուագ սկաւառակն է), որ հրապարակ եկած էր 8 Մայիսին «Motown»ի կողմէ, կը գլխաւորէ սեւամորթ կատարողներու հիթ շքերթը եւ փոփ ալպոմներու շքերթին գրաւեց 4-րդ դիրքը: Հիթ շքերթին մէջ կը մնայ 25 շաբաթ, որուն ընթացքին սկաւառակը կը գլխաւորէ 12 շաբաթ եւ փոփ շքերթին մէջ կը մնայ 50 շաբաթ: Ինչպէս նաեւ այս ալպոմը 2 հիթ աւելցուց Ճեքսըններու երգացանկին մէջ:

27 Յունիսին, «The Love You Save»ը գրաւեց առաջին դիրքը փոփ մենակատարութիւններուն շքերթին մէջ, փոխարինելով այդ դիրքին վրայ գտնուող Beatles-ի «The Long And Winding Road» երգը: Երգը իր դիրքը կը պահպանէ 2 շաբաթ եւ հիթ շքերթին մէջ կը մնայ 13 շաբաթ եւ «Jackson 5» կը դառնայ «ռոք դարաշրջան»ի առաջին խումբը, որուն 3 թողարկումները գլխաւորեցին հիթ շքերթները՝ ատոնցմով իսկ ապացուցելով Կորտիի կանխատեսումները: 24 Յուլիսին, «The Love You Save» եւ «I Found This Girl» կատարումներով մենակատարութիւնները, որ հրապարակ եկած է Բրիտանիոյ մէջ, հասաւ «Թոփ 50»ի 7-րդ դիրք եւ այդտեղ մնաց 6 շաբաթ: ««Jackson 5»»-ը կատարեց «I'll Be There» երգը «Ճին Նէյպըրի Ժամ» յայտագիրի ժամանակ:

26 Սեպտեմբերին, «I'll Be There» եւ «One More Chance» երգերու մենակատարութիւնները, որ հրատարակուած էր «Motown»ի կողմէ Օգոստոսին, կը գլխաւորէ սեւամորթ կատարողներու հիթ շքերթը: Շուտով «I Want You Back», «ABC», «The Love You Save» մենակատարութիւններու համաշխարհային վաճառքը հասաւ 10 միլիոն օրինակի (9 ամիսներու ընթացքին): Այս մրցանիշը մինչեւ օրս չէ գերազանցուած:

18 Սեպտեմբերին, 3-րդ ալպոմը հրապարակ կու գայ «Motown»ի կողմէ, որ կը կոչուի Third Album: Շուտով, ասիկա կը յայտնուի փոփ ալպումներու հիթ շքերթին մէջ, որուն մէջ իր գոյութիւնը կը պահէ 50 շաբաթ, գրաւելով մինչեւ 4-րդ դիրք եւ սեւամորթ կատարողներու հիթ շքերթին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, որուն մէջ կը մնայ 10 շաբաթ:

9 Հոկտեմբերին, ««Jackson 5»»-ը մեկնեցաւ իր առաջին շրջագայութեան: Խումբը ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի, Սինսինաթիի, Թենիսիի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Խումբին կ'ընկերակցէր իրենց անձնական ուսուցիչ՝ Ռոուզ Ֆայնը:

«Motown Records»ը 11 Հոկտեմբերին հրապարակեց «The «Jackson 5» Christmas Album»ը: «I'll Be There»ը, որ մեկնարկած էր 40-րդ դիրքին վրայ 19 Սեպտեմբերի փոփ շքերթին, 17 Հոկտեմբերին կը գրաւէր առաջին դիրքը, ինչպէս նաեւ կը գլխաւորէր սեւամորթ կատարողներու հիթ շքերթը 6 շաբաթ: «Motown»ը կը հրապարակէ «Santa Claus Is Coming To Town» եւ «Christmas Won't Be The Same This Year» մենակատարութիւնները: Շուտով խումբը հանդէս եկաւ Նիւ Եորքի «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն» համերգասրահին մէջ։ «I'll Be There»ը կը դառնայ «Motown»ի 3-րդ ամենաշատ վաճառուող մենակատարութիւնները: 28-ին խումբը հանդէս կու գայ Ռոչեսթըրի մեմորիալ ռազմական սրահին մէջ (Նիւ Եորք): Շուտով տղաքը կը տեղափոխուին Քալիֆորնիա: Նոյեմբերի վերջաւորութեան յայտնի կը դառնայ, որ Պուֆալոյի մէջ տեղի ունենալիք համերգը չեղեալ կը համարուի Մայքըլի հասցէին եկող սպառնալիքներուն պատճառով. 9 հազար երկրպագուներու տոմսերուն գումարը ետ վերադարձուեցան: Դեկտեմբերին ի յայտ կու գայ թէ «Diana Ross Presents «Jackson 5»» ալպոմի վաճառքը հասած է 1 միլիոնի, իսկ «ABC» եւ «Third Album»ի վաճառքը կը գերազանցէ 1 միլիոնը: Երկարանուագ «The «Jackson 5» Christmas Album»ը, որ հրապարակուած էր Բրիտանիոյ մէջ, հիթ շքերթներու չի մտներ:

27 Դեկտեմբերին, անոնց շրջագայումը կը սկսի ԱՄՆ-ի մէջ եւ կը սկսի Շարլոթի մէջ տուած համերգով (Հիւսիսային Գարոլինա): 28-ին անոնք ելոյթ կ'ունենան Կրինսպորոյի մէջ, 275 հանդիսատեսի առջեւ, 29-ին՝ Նէշուիլի մէջ։ Անոնք նաեւ ելոյթ ունեցաւ Ճեքսընուիլի, Մայամի Պիչի, Ֆլորիտայի, Մոպիլի եւ Ալապամայի մէջ։ 1970-ականներու վերջերուն «Billboard» ամսագիրի եզրափակիչ համարը ցոյց կու տայ թէ «Jackson 5»ի 4 մենակատարութիւնները ըստ վաճառքի թիւերուն, յայտնուած եւ առաջին 20-ներուն մէջ[15]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Deutsche Nationalbibliothek Record #118711083 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. Michael Jackson Artist Biography by Steve HueyAllmusic.
  3. BlackPast.org — 2004.
  4. https://www.nytimes.com/1988/06/05/books/summer-reading-firing-your-father-isn-t-easy.html
  5. Montreux Jazz Festival Database
  6. Grammy Legend մրցանակ
  7. 7,0 7,1 Ջեքսոնի ալբոմների վաճառքը աճում է
  8. I.B. BAD ON THE YEAR IN MUSIC[permanent dead link]
  9. List of most expensive music videos
  10. Մարթին Բաշիր, Մայքլ Ջեքսոնը՝ մեծագույն արտիստը, մահացել է
  11. Հրաժետ Ջեքսոնի հետ
  12. Ջեքսոնը դարձել է մեծագույն արտիստ, լավագույն հայր
  13. I.B. BAD ON THE YEAR IN MUSIC [permanent dead link]. Hits Daily Double News, December 21, 2009.
  14. «Ջեքսոնին ետմահու կպարգեւատրեն Ռուսաստանում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-11-ին։ արտագրուած է՝ 2012-01-11 
  15. 15,00 15,01 15,02 15,03 15,04 15,05 15,06 15,07 15,08 15,09 15,10 15,11 15,12 15,13 Էդրիան Գրանտ (30,10,2009)։ «գլուխ»։ in Ե. Տռասկեեվիչ։ Майкл Джексон: Иллюстрированная Биография։ Մ. Մեդվեդեվ։ Սանկտ Պետերբուրգ: Ամֆորա։ ISBN ISBN 978-5-367-01215-6 
  16. Փոփ արքային սպանել են - Կապիտալ
  17. «Ահա եւ Վերջ» Archived 2009-10-19 at the Wayback Machine.,
  18. American Music Awards 2009,
  19. Մայքլ Ջեքսոնը ետմահու արժանացել է Գրեմի մրցանակի,
  20. 2010 թվականի մարտի 16-ին Sony Music Entertainment-ը ստորագրեց ռեկորդային պայմանագիր,