Ամալ Նասէր
Ամալ Նասէր (անգլ.՝ Amal Taher Mohamed Naseer, 9 Սեպտեմբեր, 1959, Իրպիտ, Յորդանան), յորդանանցի գրող, գրական քննադատ եւ ակադեմիկոս[1]: Յորդանանի Համալսարանին մէջ պաշտպանած է գրականութեան ու քննադատութեան նուիրուած դոկտորական աշխատանք: Ան Յորդանանի մէջ առաջին կինն է, ով Յորդանանի Համալսարանին մէջ գրած է այս ոլորտին նուիրուած դոկտորական աշխատանք:
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նասէր ծնած է 9 Սեպտեմբեր 1959-ին, Յորդանանի Իրպիտ քաղաքը: Միջնակարգ դպրոցը աւարտած է նոյն քաղաքին մէջ, 1977-ին: 1982-ին ստացած է արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան Պսակաւոր Արուստից (BA) վկայական՝ Եարմուք համալսարանէն: 1987-ին ստացած է մագիստրոսական աստիճան, իսկ 1995-ին Յորդանանի Համալսարանին մէջ պաշտպանած է իր դոկտորական աշխատանքը: Աշխատած է Ալժերիայի Մոստեղանեմիի համալսարանին մէջ, ուր նաեւ եղած է համալսարանին Կիրառական գիտութիւններու հոգաբարձուներու խորհուրդին անդամ: Անդամ է Յորդանանի Գրողներու Միութեան, ինչպէս նաեւ Իրպիտի Մշակութային Ֆորումին: Անդամ է Ամմանի Կիներու Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնին եւ Լիբանանի Արաբական Լեզուներու Միջազգային Խորհուրդին[2]: 23 Մայիս 2016-ին Եարմուք համալսարանի նախագահ դոկտոր Ռիֆատ Ֆաըուրին Նասէրին նշանակած է իր օգնականը, ինչպէս նաեւ՝ Լեզուներու կեդրոնի տնօրէն[3]: 2010-ին Նասէր պարգեւատրուած է «Կնոջ Կերպար» կոչումով՝ Արաբ Արտադրողներու Միութեան կողմէ` ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Հիմնադրամի հետ համագործակցութեամբ իրականացուցած հեռուստատեսային աշխատանքին համար[4]: Նոյն տարին ան արժանացած է «Կատարեալ Արաբ Մայր» տիտղոսին` Քուէյթի պետութեան կողմէ: 5 Սեպտեմբեր 2016-ին Լոս Անճելըսի քաղաքապետը Նասէրին պարգեւատրած է Յորդանանի կրթութեան ոլորտին մէջ անոր ունեցած ներդրումներն ու ջանքերը գնահատող վկայականով[2][5]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Dr Amal Nasir Author»։ eKtab
- ↑ 2,0 2,1 «Appointment of Prof. Amal Nasir as a member of the Board of Trustees of the Irbid National University»։ TLB News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-29-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-22
- ↑ «Dr . Amal Nasir Assistant to the President of Yarmouk University»։ Jordan Today։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-20-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-22
- ↑ «Dr. Amal Nasir wins women's model title»
- ↑ «Los Angeles province honors Dr. Amal Naseer»։ Lang Center։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-10-03-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-22