Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ

Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ
AlicesAdventuresInWonderlandTitlePage.jpg
Հեղինակ Լուիս Քերըլ
Թարգմանիչ Հայերէնի՝ Սոնա Սեֆերեան եւ Սամուել Մկրտիչեան
Պատկերազարդող Ճոն Տանիէլ
Երկիր Միացեալ Թագաւորութիւն
Լեզու Անգլերէն
Հրատարակչական թուական
1865
Գիրքի տեսակ Մանկական վէպ եւ գրականութիւն
Յաջորդ գիրք Ալիսը հայելիի աշխարհին մէջ


«Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ» (անգլերէն՝ Alice's Adventures in Wonderland), Անգլիացի մաթեմաթիքոս եւ գրող Լուիս Քերըլի գիրքը։ Գրուած է 1865 թուականին։ Կայ նաեւ գիրքի շարունակութիւնը՝ «Ալիսը Հայելիի Աշխարհին Մէջ»։ Գիրքը հայերէն թարգմանած են Սոնա Սեֆերեանը եւ Սամուէլ Մկրտիչեանը։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքի պատմութիւնը կը սկսի հետեւեալ ձեւով՝ Ալիս անունով աղջիկ մը կը վազէ սպիտակ ճագարի մը ետեւէն եւ անսպասելիօրէն կ'իյնայ նապաստակներու խոր փոսի մը մէջ, ուրկէ կը հասնի փակ դռներով խորհրդաւոր սենեակի մը մէջ։ Դռներէն մէկուն ետեւը ան կը տեսնէ գեղեցիկ պարտէզ մը, բայց չի կրնար մտնել այնտեղ, որովհետեւ դուռը շատ փոքր էր։ Այնուհետեւ Ալիսը ուտելով սենեակին մէջ դրուած տարբեր կարկանդակները, ինչպէս նաեւ՝ խմելով հեղուկները, կը նկատէ որ անոնց հետեւանքով, իր հասակը կամ կ'աւելնայ, կամ կը պակասի։ Փոքրանալով ան կը յայտնուի տարբեր արարածներով լեցուն հեքիաթային աշխարհի մը մէջ, ուր կը հանդիպի այդ նոյն Սպիտակ Ճագարին, Չեշիրեան Կատուին, Որդերու Թագաւորին, Մարտեան Նապաստակին, Տոտոյին, Կրիային, եւ այլ շատ ապշեցուցիչ կերպարներու։ Իր հերթական արկածներէն մէկուն ժամանակ ան կ'արթննայ եւ կը հասկնայ, որ այս ընդամէնը երազ էր։

Գիրքի ստեղծում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրական Ալիս Լիտըլը

Չարլզ Տոճսոն իր յայտնի գիրքը ստեղծած է 1862, Յուլիս 4-ին Ուրբաթ օրը[1], երբ իր ընկերոջ երեք զաւակներուն՝ 13 տարեկան Լորինի, 10 տարեկան Ալիսի, եւ 8 տարեկան Էտիթի հետ նաւակով կը շրջէր: Շրջելու ընթացքին, Չարլզ իր ուղեկիցներուն կը պատմէր Ալիս անունով աղջկայ մը արկածներուն մասին: Աղջիկները այդքան հաւնեցան պատմութիւնը, որ Ալիս խնդրեց Չարլզ էն այդ մէկը գրի առնէ:

Հրատարակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը լոյս տեսաւ ճիշդ երեք տարի ետք՝ 1865 թուականին, Յուլիս 4-ին։ Մինչ այդ, 1864 Նոյեմբեր 26-ին Չարլզ, Ալիսին յանձնած էր իր պատկերազարդումներով եւ «Ալիսի արկածները հրաշքներու աշխարհին մէջ» վերնագիրով ձեռագիր գիրքը։

Փաստեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեղծագործութիւնը մեծ արձագանք կը գտնէ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ թարգմանուած է տարբեր լեզուներու։ Մեծ ազդեցութիւն ունեցած է համաշխարհային մշակոյթի տարբեր շրջաններուն վրայ, գիրքին հիման վրայ նկարահանուած են շարժապատկերներ, նկարուած են հերոսներու կտաւներ, գրուած են բանաստեղծութիւններ ու արձակ գրութիւններ, ստեղծուած են տարբեր երաժշտական երկեր, եւ նոյնիսկ ստեղծուած են համակարգչային խաղեր։

  • «Ալիսը Հրաշքներու Աշխարհին Մէջ» գիրքը ամէնաշատ երեւակայական ստեղծագործութիւններէն է։ Տարբեր երկիրներու կողմէն գիրքը նկարահանուած է աւելի քան 40 խաղարկային շարժապատկերներու։
  • Գիրքը աշխարհի մէջ առաջին դիրքերէն մեկը կը գրաւէ: Նաեւ նկարիչներու կողմէն ստեղծագործութեան զանազան հերոսներուն պատկերող նկարներով։
  • 1931 թուականին Չինաստանի նահանգներէն մէկը արգիլած է գիրքի ընթերցումը ու վաճառքը, քանի որ ըստ նահանգի ղեկավարութեան, կարելի չէր մարդոց եւ կենդանիներուն դնել հաւասար դիրքերու վրայ եւ ըսել թէ կենդանիները կը խօսին մարդկային լեզուով։
  • Գիրքը կարդալէն ետք Անգլիոյ ժողովուրդը ցանկացաւ ծանօթանալ Լուիս Քերըլի միւս գրուածքներուն, գիտնալով որ անոնք միայն թուաբանութեան վերաբերող յօդուածներ են։
  • 1928 թուականին գիրքի ձեռագիր պատմութիւնը վաճառուած է 15 400 փաունդ սթերլինով։
  • Առիթով մը Լուիս Քերըլը իր մասին ըսած է. «Ես որոշած էի ուսողագիր դառնալ, սակայն իմ երեւակայութիւնս թոյլ չտուաւ եւ ես դարձայ վէպ գրող։»
  • Կայ Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ ախտանշան (անգլերէն՝ Alice in Wonderland syndrome, AIWS ) անունով հիւանդութիւն մը, որ այս հիւանդութիւնը ունեցողները իրենց շրջապատի առարկաները կը տեսնեն փոքր եւ անոնց կը թուի թէ, անոնք կը գտնուին ուրիշ հրաշք աշխարհի մը մէջ, քան թէ իրականութեան։

Պատկերազարդումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճոն Թեննիելի պատկերազարդումները

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Story Museum – The real Alice»։ www.storymuseum.org.uk։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ ապրիլի 24 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]