Jump to content

Աբրահամ Այվազեան

Աբրահամ Այվազեան
Ծնած է 1846
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1909(1909-09-05)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Պեզճեան Մայր Վարժարան
Մասնագիտութիւն բանասէր, բանաստեղծ, Խմբագիր
Աշխատավայր Մամուլ (հանդէս)

Այվազեան Աբրահամ (1846, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Սեպտեմբեր 1909(1909-09-05), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանասէր, բանաստեղծ, հմուտ կենսագիր։

Ծնած է Պոլսոյ, աշակերտած է Գումգաբուի մայր վարժարանին, 1865-ին անցած է Խարբերդ եւ այնտեղ 19 տարի պաշտօնավարած է որպէս ուսուցիչ։

Իր եղբօր՝ Գէորգ Այվազեանի հետ 1869-ին հիմնել է «Մամուլ» երգիծաթերթը։ «Մամուլ» պարբերականին մէջ եւ այլ թերթերուն մէջ տպած է յօդուածներ, ակնարկներ։ «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ տպած է շարք մը նշանաւոր հայերու կենսագրութիւններ։ 1860-ականներուն լոյս ընծայած է բանաստեղծութիւններու եւ այլ բնոյթի մի քանի գրքոյկներ, ինչպէս «Արտասուք Հայ մանկան», «Ի Մահ Մամիկոնեան Վարդանայ Հայ Դիւցազնին» (1862), «Առաջին Մրմունջք» (1864), «Անակրեոնեան Նուագք» (1865) եւ այլն։

Ճամբորդած է բազմաթիւ հայաբնակ քաղաքներ եւ իր գործերուն համար նիւթեր հաւաքած, այս առթիւ ահա իր խօսքերը.

Զիս ճանչցողները գիտեն, որ փոշտանկ հիւանդութեամբ տառապելովս հանդերձ ամէն կողմ արշաւած եմ եւ կ'արշաւեմ կենսագրելի անձանց ժամանակից ծերունիները գտնելու, հազուագիւտ ձեռագիրներ եւ յիշատակարաններ պրպտելու եւ օգտուելու, եւ մանաւանդ՝ երբեմն արժանահաւատ աւանդութեանց դիմելու եւ ապաւինուելու...։


Առաւել ուշագրաւ է անոր «Շար Հայ Կենսագրութեանց» (1893) եռահատոր աշխատութիւնը, որ կը պարունակէ 18-19-րդ դարերու մշակութային գործիչներու կենսագրութիւնները։ Հակառակ համիտեան գրաքննական խստութիւններուն, այդ հատորին մէջ տեղ գտած են նաեւ Խաչատուր Աբովեանն ու Միքայէլ Նալբանդեանը, գրաքննական նկատառումներով առաջինը ներկայացուած է, որպէս՝ Քանաքեռցի Խաչատուր, Նալբանդեանը որպէս՝ Միքայէլ Պայտարեան։

Այվազեան մահացած է 1909-ին, Պոլսոյ։

  • Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Հայկ ՏԷր-Աստուածատուրեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 93:
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, Ա․ հատոր, 1938 Պուքրէշ, էջ 143։
  • Ամենուն Տարեցոյց, Թէոդիկ, 1910, էջ 242։