«Վարդավառ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ +{{անաղբյուր}}
No edit summary
Տող 12. Տող 12.
Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ Վարդավառը կը տօնախմբուի մեծ հանդիսութիւններով ու ջրախաղերով,որոնց համար գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ Վարդավառի միջազգային փառատօն:
Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ Վարդավառը կը տօնախմբուի մեծ հանդիսութիւններով ու ջրախաղերով,որոնց համար գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ Վարդավառի միջազգային փառատօն:


== Տօնակատարութիւն ==
== Տոնակատարութիւն ==
Ժողովրդական սովորութիւններ
Անցեալին սովորութիւն էր Վարդավառը տօնել սարերու վրայ, աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, այդ առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ դէպի սրբավայրերը: Յիշենք այդ առիթով տեղի ունեցող քանի մը աւանդութիւններ:
ա) Բաց դաշտերուն մէջ, ակունքներու մօտ կողով մը կը զարդարէին. Յատակը ցորենի հասկեր կը դնէին, մէջտեղը խաչափայտ մը, զայն կը զարդարէին եղանակի ամէն տեսակի բանջարեղէններով եւ պտուղներով: Կը զետեղէին տախտակի վրայ եւ շուրջը շրջանակներ կազմելով, երիտասարդ թէ տարէց, միասին կը պարէին ի նշան միասնականութեան եւ կենսունակութեան:

բ) Իրարու վրայ ջուր թափել եւ թրջուած հագուստնրով մնալ ամբողջ օրը՝ կը նշանակէր ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում: Հարսերը իրենց կեսուրներուն վրայ գաղտնի ջուր կը թափէին, որպէս սիրոյ եւ միասնականութեան արտայայտութիւն:

գ) Ուխտի կ'երթային, մանաւանդ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցին: Ուխտաւոր մանուկներուն մազերը կը կտրէին, հսկա կաթսաներով մատաղ կ'եփէին, կերուխում կ'ըլլար: Տղամարդիկ ձիամրցում կը կատարէին. Իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր դիմացինին գլուխը ջուրին մէջ թաթխել: Կիներ ու աղջիկներ ճօճախաչ կոչուող մցումը կը կատարէին (օդօդուիլ, պարան ցատկել):

դ)Սովորութիւն էր նաեւ աղջիկ ուզել, նշանել, աշնան ամուսմացնելու նպատակով:

ե) Խաչ փունչեր կազմել վարդերով, ծաղիկներով եւ ցորենի հասկերով ու նուիրել եկեղեցիին, բերքի առատութեան համար եւ կամ նուիրել սիրած անձերու:

զ) Ուրախութեան, խնդուքի պատկերներ կը ներկայացնէին, աղաւնի կը թռցնէին կենսունակութեան նպատակով:

է) Սովորութիւն էր նաեւ մինչեւ Վարդավառի օրը խնձոր չուտել, այդ օրը խնձոր ղրկել իր սիրած անձին:

Այժ վարդավառը կը նշուի [[Զատիկ]]էն 14 շաբաթ ետք։ Այս տօնը սիրուած է յատկապէս փոքրերու կողմէ։
Այժ վարդավառը կը նշուի [[Զատիկ]]էն 14 շաբաթ ետք։ Այս տօնը սիրուած է յատկապէս փոքրերու կողմէ։

11:53, 29 Յունիս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:Անաղբյուր Կաղապար:ԱՀ

Վարդավառ Հայաստանի մէջ

Վարդավառը Յիսուսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնն է, որ ընդհանրապէս Յուլիս ամսուան ընթացքին կը կատարուի։ Մեր եկեղեցւոյ հինգ մեծ տօներէն մէկն է։ Յիմնուած է Յիսուսի կեանքի ընթացքին պատահած դէպքի մը վրայ, երբ ԱՆ իր երեք աշակերտները՝ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը առնելով, Թափօր լեռ բարձրացաւ, ու անոնց դիմաց պայծառակերպուեցաւ։ Իր դէմքը արեգակի նման փայլեցաւ, եւ զգեստները ձիւնի նման ճերմկցան։ Հոն երեւցան նաեւ Հին Կտակարանի մարգարէներէն Մովսէսն ու Եղիան։ Այս դէպքը խորհրդանիշ մըն էր Յիսուսի փառաւորումին, որ տեղի պիտի ունենար իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք դարձեալ իր աստուածային փառքին պիտի վերադառնար։

Ս․Գրիդոր Լուսաւորիչ այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տոնին, մեր հեթանոս հայերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին։ Մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը։Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով,որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններուն մէջէն,տօնը փոխած է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով,ինչ որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի տօնախմբուիլ: Ժողովուրդը Քրիստոնէական շրջանին ալ սիրելով այս տօնը,զայն նշանակած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հինգ տաղաւոր տօներէն մին,անգամ մը եւս շեշտելու համար անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը: Վարդավառը տօնակատարութիւնը միշտ ալ Զատկուան տօնէն 98 օր ետք կը նշուի,որ ընդհանրապէս կ’ըլլայ 28 Յոէնիսէն 1 Օգոստոսի միջեւ: Նախաքրիստոնէական շրջանին Վարդավառի տօնը կապուած էր հայկական դիցարանի ջուրի,սիրոյ,պտղաբերութեան ու գեղեզկութեան Աստուծոյ` Աստղիկին:Այդ օրերէն իսկ Վարդավառը կը տօնախմբուէր մեծ հանդէսներով.Մարդիկ Աստղիկ Աստուածուհիին կը նուիրէին վարդեր ու իրարու վրայ ջուր կը թափէին:Վարդավառը միաժամանակ եղած է ջուրի պաշտամունքի,պտղաբերութեան ու արգասովորութեան ուժերուն նուիրուած տօն:Տօնը նաեւ առիթ եղած էր անցեալին,որ մեր նախահայրերը անձրեւ խնդրելու աղօթք եւ ծէս կատարէին: Քրիստոնէական գետնի վրայ եւս անցեալին Վարդավառը տօնուած է աւելի մեծ տարողութեամբ:Մարդիկ Վարդավառի տօնին իրենց տուները կը զարդարէին կանաչ ոստերով,ծաղկեփունջեր կը նուիրէին իրարու,եկեղեցիին հասկեր կը նուիրէին,որպէս արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն:Անասնապահներ իրենց կենդանիները ծաղիկներով կը զարդարէին ու ժողովուրդը խնճոյքներ եւ ջրախաղեր կը կազմակերպէր: Մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ Վարդավառը կը տօնախմբուի մեծ հանդիսութիւններով ու ջրախաղերով,որոնց համար գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ Վարդավառի միջազգային փառատօն:

Տօնակատարութիւն

Ժողովրդական սովորութիւններ Անցեալին սովորութիւն էր Վարդավառը տօնել սարերու վրայ, աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, այդ առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ դէպի սրբավայրերը: Յիշենք այդ առիթով տեղի ունեցող քանի մը աւանդութիւններ: ա) Բաց դաշտերուն մէջ, ակունքներու մօտ կողով մը կը զարդարէին. Յատակը ցորենի հասկեր կը դնէին, մէջտեղը խաչափայտ մը, զայն կը զարդարէին եղանակի ամէն տեսակի բանջարեղէններով եւ պտուղներով: Կը զետեղէին տախտակի վրայ եւ շուրջը շրջանակներ կազմելով, երիտասարդ թէ տարէց, միասին կը պարէին ի նշան միասնականութեան եւ կենսունակութեան:

բ) Իրարու վրայ ջուր թափել եւ թրջուած հագուստնրով մնալ ամբողջ օրը՝ կը նշանակէր ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում: Հարսերը իրենց կեսուրներուն վրայ գաղտնի ջուր կը թափէին, որպէս սիրոյ եւ միասնականութեան արտայայտութիւն:

գ) Ուխտի կ'երթային, մանաւանդ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցին: Ուխտաւոր մանուկներուն մազերը կը կտրէին, հսկա կաթսաներով մատաղ կ'եփէին, կերուխում կ'ըլլար: Տղամարդիկ ձիամրցում կը կատարէին. Իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր դիմացինին գլուխը ջուրին մէջ թաթխել: Կիներ ու աղջիկներ ճօճախաչ կոչուող մցումը կը կատարէին (օդօդուիլ, պարան ցատկել):

դ)Սովորութիւն էր նաեւ աղջիկ ուզել, նշանել, աշնան ամուսմացնելու նպատակով:

ե) Խաչ փունչեր կազմել վարդերով, ծաղիկներով եւ ցորենի հասկերով ու նուիրել եկեղեցիին, բերքի առատութեան համար եւ կամ նուիրել սիրած անձերու:

զ) Ուրախութեան, խնդուքի պատկերներ կը ներկայացնէին, աղաւնի կը թռցնէին կենսունակութեան նպատակով:

է) Սովորութիւն էր նաեւ մինչեւ Վարդավառի օրը խնձոր չուտել, այդ օրը խնձոր ղրկել իր սիրած անձին:

Այժ վարդավառը կը նշուի Զատիկէն 14 շաբաթ ետք։ Այս տօնը սիրուած է յատկապէս փոքրերու կողմէ։

թիվ օր
2020 19 Յուլիս
2019 28 Յուլիս
2018 01 Յուլիս
2017 23 Յուլիս
2016 03 Յուլիս
2015 12 Յուլիս
2014 27 Յուլիս
2013 07 Յուլիս
2012 15 Յուլիս
2011 31 Յուլիս
2010 11 Յուլիս