«Եդուարդ Մանէ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 59. Տող 59.
{{Վիքիպահեստ կատեգորիա|Édouard Manet|Էդուարդ Մանե}}
{{Վիքիպահեստ կատեգորիա|Édouard Manet|Էդուարդ Մանե}}


{{ՀՍՀ}}
{{ՀՍՀ|հատոր=7|էջ=219}}
{{Արտաքին հղումներ}}
{{Արտաքին հղումներ}}



06:23, 20 Դեկտեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Արեւելահայերէն

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Եդուարդ Մանէ (ֆրանսերէն՝ Édouard Manet, 23 Յունուար 1832(1832-01-23)[1][2][4][…], Փարիզի նախկին 10-րդ թաղամաս, Փարիզ[5][6] - 30 Ապրիլ 1883(1883-04-30)[1][2][3][…], Փարիզի 8-րդ շրջան, Փարիզ[7]
Փարիզ[6]), ֆրանսիացի գեղանկարիչ, տպաւորապաշտութեան հիմնադիրներէն մեկը։

Կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին

Ծնած է Փարիզ 1832 թուականի յունուար 23-ին, Փարիզ, բարձրաշխարհիկ միջավայրին պատկանող ընտանիքին մէջ։ Մայրը՝ Օժենի Դեզիղէ Ֆուզնէն, դիւանագէտի դուստր էր եւ Շուեդի թագակիր արքայազնի՝ Չառլզ Բեռնադոթին թոռնուհին։ Հայրը՝ Օգուստ Մանէն, դատաւոր էր, որ կը փափագէր՝ որդին եւս իրաւաբան դառնայ։

Իրաւաբանի մասնագիտութիւն ստանալու միտումով՝ հօր յորդորով 1848 թուականին Մանէն կը նաւարկէ դէպի Ռիո դէ Ժանէրո։ Երբ Եդուարդ Մանէն երկրորդ անգամ ըլլալով ձախողեց իրաւաբանական դպրոցին համալրման քննութիւնը, հայրը ստիպեցաւ հաշուի առնել որդու՝ արուեստի ոլորտէն ներս կրթուելու որոշումը։ 1850-էն 1856 թուականներուն Մանէն կուսանէր Թոմաս Կուտիւրի գլխաւորութեամբ։ Մօրեղբայրը ՝ Եդմոնդ Ֆուրնիէն, մշտապէս կոգեւորէր Մանէն ստեղծագործական մաքառումներու ընթացքին, եւ մօրեղբօր օգնութեամբ Մանէն կը յայտնուի Լուըր։ 1841 թուականին Մանէն կընդունուի միջնակարգ դպրոց, 1845 թուականէն ի վեր մօրեղբօր խորհրդով կը յաճախէր նկարչական յատուկ դասընթացքներու, ուր կը հանդիպի եւ կը ծանօթանայ Անտոնին Պղուստին՝ Ստեղծարար արուեստներու վարչութեան ապագայ նախագահին եւ իր ամբողջ կեանքին հաւատարիմ ընկերոջը։

Այս ընթացքին Մանէն կը կրկնօրինակէ Լուըրին՝ Վաղեմի Մեծերը (Old Masters)[8] կտաւներու շարքը։ 1853-1856 թթ. Մանէն կը տեղափոխուի Գերմանիա, Իտալիա եւ ապա Նիդեռլանդներ, ուր Եդուարդ Մանէն ոգեշնչող բազմաթիւ աղբեւրներ կային. արուեստի գլուխգործոցներ եւ նկարիչներ։ Ի վերջոյ 1856 թուականին Եդուարդ Մանէն բացաւ սեփական արուեստանոցը։ Այդ տարիներուն նրա նկարելու ոճը սուր քննադատութիւններու կարժանանար բազմաթիւ պատճառներով. մասնաւորապէս կտաւներուն մէջ մանրամասներու պարզագոյն ցուցադրութիւնը եւ գուներանգներու աւանդական տոներու ճնշողութիւնը։

Մանէն ապրած է գլխաւորապէս Փարիզ, ուր ուսանած է Գեղեցիկ արուեստներու դպրոցէն ներս (1850-1856)։ Ընդօրինակած է իտալական Վերածննդի եւ 17-րդ դարու վարպետներու (Ջորջոնէ, Տիցիան, Դիեգո Վելասկէս, Ֆրանս Հալս), ինչպէս եւ Ֆրանցիսկո Գոյայի, Էժէն Դելակրուայի ստեղծագործութիւնները, ազդուած է անոնցմէ։

Վաղ շրջանին աշխատանքներու կերպարներու կենսական հաւաստիութիւնը զուգորդուած է ռոմանտիկ հոգեվիճակներու հետ։ Օգտագործելով եւ վերաիմաստաւորելով հին վարպետներու դիպաշարերն ու շարժառիթները՝ Մանէն գեղանկարչական նոր խնդիրներ լուծելու ձգտած է։

Իր արուեստով կանխորոշելով տպաւորապաշտութիւնը՝ Մանէն 1860-ական թուականներու վերջին մտերմացեր է անոր վարպետներու հետ եւ 1870-ականներու վերջին անցեր պլեներային նկարչութեան, միաժամանակ, խորհրդապաշտներուն հակառակ, պահպանած է գծանկարի կառուցուածքային պարզութիւնը։ Մեծ քաղաքի խայտաբղետութեան մէջ նա ընտրած է առաւել բնորոշ իրավիճակներ՝ զուգորդելով գեղանկարչական եւ հոգեբանական իրավիճակները։

1870-ական թուականներուն ստեղծեր է նատիւրմորտներ, բնանկարներ, գծանկարներ, դիմանկարներ՝ ընդլայնելով ժանրին հնարաւորութիւնները։ Մանէի ստեղծագործութիւնը կաւարտուի 19-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական արուեստի աւանդոյթներու կազմաւորումը։ Անոր առաջադրած եւ լուծած գեղարուեստական խնդիրները շատ բանով կանխորոշած են կերպարուեստի յետագայ պատմական շրջանին բնորոշ որոնումներու ուղղուածութիւնը։

Քառասունէն յետք Եդուարդ Մանէին ախտորոշած են սիֆիլիս քրոնիկ հիւանդութիւն, եւ դեղորայքային բուժումներ կը ստանար։ Սակայն, դա միակ հիւանդութիւնը չէր. նկարչին օրգանիզմը կը տառապէր նաեւ յօդացաւ (ռեւմատիզմ) կոչուող՝ շարակցական հիւսուածքի բորբոքային հիվանդութենէ։ Մահէն քանի մը տարի առաջ նաեւ զարգացներ է լոկոմոտոր ատաքսիա հիվանդությունը, որը կը համարուի սիֆիլիսի կողմնակի արդիւնք եւ կը յանգեցնէ քրոնիկական ցավերու։

1883 թուականի ապրիլին բժիշկներն ստիպեցան հատել Եդուարդ Մանէի ձախ ոտնաթաթը՝ փտախտի (գանգրենայի) պատճառով։ Այս բժշկական միջամտութենէն 7 օր անց նկարիչը մահացաւ։ Անոր աճիւնը ամփոփուած է Փարիզի Պասսի գերեզմանատանը։

Ծանօթագրութիւններ

Կաղապար:Վիքիքաղվածք Կաղապար:Վիքիպահեստ կատեգորիա

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կաղապար:Արտաքին հղումներ


Կատեգորիա:Ֆրանսիացի նկարիչներ Կատեգորիա:Իմպրեսիոնիստ գեղանկարիչներ