«Ստեփան Ա. Քհնյ. Ղազարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Գործերը: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: է ՝ք → է՝ ք (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 51. Տող 51.
Երբ [[Մալաթեան]] կր պարպուի հայութենէն երկրորդ արտագաղթին, Հօտին Հետ մեկնած է [[Հալէպ]] [[1922]]-ին։ Հինգ տարի քահանայագործած է [[Ս, ՝Քաոասնիգ Մանկանց Եկեգեցի|Ս, ՝Քաոասնիգ Մանկանց Եկեգեցւոյ]] մէջ։ Ազդ. Իշանութևան ու կրօնական Ժողովին փափաքին ընդառաջելով հովուական ու կազմակերպչական աոաքևլութեամբ այցևլու հովիւ նշանակուած է Թեմի զանազան շրջաններուն։ Մեծ սիրով ու հաւատքով լծուած է աշխատանքի եւ կազմակերպած [[Համա]]յի, [[Հոմս]]ի, [[Գեսապ]]ի, [[Պապլ Մումպուճ]]ի, [[Ճարապլուս]]ի, [[Ապիատ]]ի ու [[Ռագգայ]]ի թաղականաթիւնները։
Երբ [[Մալաթեան]] կր պարպուի հայութենէն երկրորդ արտագաղթին, Հօտին Հետ մեկնած է [[Հալէպ]] [[1922]]-ին։ Հինգ տարի քահանայագործած է [[Ս, ՝Քաոասնիգ Մանկանց Եկեգեցի|Ս, ՝Քաոասնիգ Մանկանց Եկեգեցւոյ]] մէջ։ Ազդ. Իշանութևան ու կրօնական Ժողովին փափաքին ընդառաջելով հովուական ու կազմակերպչական աոաքևլութեամբ այցևլու հովիւ նշանակուած է Թեմի զանազան շրջաններուն։ Մեծ սիրով ու հաւատքով լծուած է աշխատանքի եւ կազմակերպած [[Համա]]յի, [[Հոմս]]ի, [[Գեսապ]]ի, [[Պապլ Մումպուճ]]ի, [[Ճարապլուս]]ի, [[Ապիատ]]ի ու [[Ռագգայ]]ի թաղականաթիւնները։


[[Վեհափաո Սահակ Բ, Կաթողիկոս]]ի տնօրինութեամբ՝ տարի մը հովուած է ՝քեսապի հայութիւնը եւ երկու տարի ալ Ազէրի հայ գաղութը։ Ուր որ գացած է, յարգուած ու գնահատուած է ժողովուրդէն։
[[Վեհափաո Սահակ Բ, Կաթողիկոս]]ի տնօրինութեամբ՝ տարի մը հովուած է՝ քեսապի հայութիւնը եւ երկու տարի ալ Ազէրի հայ գաղութը։ Ուր որ գացած է, յարգուած ու գնահատուած է ժողովուրդէն։


[[Հալէպ]]ի [[Մալաթիա|Մալաթիոյ]] Կրթասիրաց Ընկերութիւնը լիազօրած է Տէր Հայրը, իբրևւ գործիչ վարելու միութեան գործը եւ միաժամանակ հովուելու հայրենակիցները։
[[Հալէպ]]ի [[Մալաթիա|Մալաթիոյ]] Կրթասիրաց Ընկերութիւնը լիազօրած է Տէր Հայրը, իբրևւ գործիչ վարելու միութեան գործը եւ միաժամանակ հովուելու հայրենակիցները։
Տող 59. Տող 59.
Այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ, քահանան իր հայրենակիցներուն ու տարագիր ժոդովուրդին հետ ճաշակած է կեանքի դաոնութիւնները։
Այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ, քահանան իր հայրենակիցներուն ու տարագիր ժոդովուրդին հետ ճաշակած է կեանքի դաոնութիւնները։


Այդ օրերուն է, որ [[Հալէպ]]ի մկջ հիմնուած են հայրենակրական միութիւններ, որոնք տարած են հսկայական աշխատանք։ Իրենց նիւթական նպաստներով, ընկերային ու աոոդջապահական ծառայութիւններով, մեծ օգտակարութիւն ունեցած են բազմահազար տարագիրներուն։ Այդ բոլոր գործունէութեան հսկող, նպաստարաշխումները կազմակերպող, անմիջական շտապ օգնութիւններուն հասնող ու բոյոր տեսակի գործերը դասաւորող ու համադրող վերին մարմինը՝ [[Բրիոյ Թեմի Ազգ, Իշխանութիւն]]ն է եղած իր կրօնական ու ՝Քաղաքական Ժողովները ներկայացուցիչներով։
Այդ օրերուն է, որ [[Հալէպ]]ի մկջ հիմնուած են հայրենակրական միութիւններ, որոնք տարած են հսկայական աշխատանք։ Իրենց նիւթական նպաստներով, ընկերային ու աոոդջապահական ծառայութիւններով, մեծ օգտակարութիւն ունեցած են բազմահազար տարագիրներուն։ Այդ բոլոր գործունէութեան հսկող, նպաստարաշխումները կազմակերպող, անմիջական շտապ օգնութիւններուն հասնող ու բոյոր տեսակի գործերը դասաւորող ու համադրող վերին մարմինը՝ [[Բրիոյ Թեմի Ազգ, Իշխանութիւն]]ն է եղած իր կրօնական ու՝ Քաղաքական Ժողովները ներկայացուցիչներով։


[[Հալէպ]]ի [[Մալաթիա|Մալաթիոյ]] երթասիրադ Միութիւնը ունեցած է նաեւ [[Ամերիկա]]յի մկջ Հայրենակցական միութիւն մը, որուն նաեւ լիազօր ներկայացուցիչը եղած է [[Տէր Ստեփան]]։ [[Ամերիկա]]յի հայրենակիցներէն ստացած նիւթական նպաստները ինըք անձամբ բաշխած է չքաւոր մալաթիացիներուն։ Որոշ ժամանակաշրջան մը, հայրենակիցներու հաւանութեամբ ու տնօրինութեամբ, իր նիւթական անձուկ վիճակին պատճառով, Տէր Հօր ընտանիքը եւս ապրած է հայրենակցական միութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
[[Հալէպ]]ի [[Մալաթիա|Մալաթիոյ]] երթասիրադ Միութիւնը ունեցած է նաեւ [[Ամերիկա]]յի մկջ Հայրենակցական միութիւն մը, որուն նաեւ լիազօր ներկայացուցիչը եղած է [[Տէր Ստեփան]]։ [[Ամերիկա]]յի հայրենակիցներէն ստացած նիւթական նպաստները ինըք անձամբ բաշխած է չքաւոր մալաթիացիներուն։ Որոշ ժամանակաշրջան մը, հայրենակիցներու հաւանութեամբ ու տնօրինութեամբ, իր նիւթական անձուկ վիճակին պատճառով, Տէր Հօր ընտանիքը եւս ապրած է հայրենակցական միութեան նիւթական օժանդակութեամբ։

21:30, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Ստեփան Ա. Քհնյ. Ղազարեան Աւազանի անունով՝ Մկրտիչ, ծնած է մալաթիացի ծնողքէ, Մալաթիոյ մէջ 1879-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստաղած է ծննդավայրի Հայ Կաթողիկէ Վարժարանին մէջ, ուր սորված է հայերէն, գրաբար ու կրօնական գիտևլիքնևր։

Կենսագրութիւն

1895-ի հայկական կոտորածին կորսնցուցած է իր ծնողքն ու բոլոր ազգականներր եւ այնուհետեւ ապրած է որբ ու անօգնական։ Հակաոակ ուսումը շարունակելու իր փափաքին, որբութիւնր զրկած է զինք բարձրագոյն կրթութենէ; Այս պայմաններն ու հանապաղօրեայ հացը ապահովելու հրամայականը զինք մղած են արհեստի։ Ժամանակի ընթացքին, դարձած է վարպետ քարակոփ ու որմնաղիր։

Երբ յարատեւ աշխատանքով իր նիւթական վիճակը բարելաւած է, պատրաստուած է ամուսնական կեանքի։ Իր կեանքի ընկերր ընտրած է օրդ, Վարդուհի Թաշճանը, որուն հետ Մալաթիոյ մէջ պսակուած է 1905-ին, ձեոամբ Տ, Միքայէլ եպս. խաչատուրեանի։ Ունեցած է երեք գաւակներ՝ Սարգիս, Ռոզա եւ Մկրտիչ (այժմ Տէր Վահան)։ 1914-ի համաշխարհային Պատերազմին զինուորագրուած է եւ չորս տարիներ, իրրեւ արհեստաւոր թրքական բանակին ծաոայելով, ազատուած Մեծ եղեռնի արհաւիրքներէն։ 1918-ի զինադադարին, ազատ արձակուելով եւ իր ընտանիքին վերամիանալով վերըսկսած է իր աշխատանքին։

Անձնական աշխատանքին կողքին Հևտեւած է ևկևղևցական ու ազգային գործերու։ Կրօնական զգացումները զինք առաջնորդած են եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Իր աշխարհական հագուստին տակ կրած է կրօնական հեղահամբոյր հոգի մը՝ ամէնուն մատչելի։

Պատերազմէն ետք, 1920-էն որպէս գնահատանք էր անբասէր կենցաղին, ժողվուրդին միաձայն հաւանութևամբ հրաուիրուած է քահանայական պաշտօնի։ Արդէն որոշումը յարգելով, նոյն տարին մեկնած է Խարբերդ ձեոնադրութեան պատրաստուելու։

Գործերը

Իր քահանայական օծումը տեղի ունեցած է ձեոամբ Խարբերդի Առաջնորդ՝ Տ, Գիւտ եպս, Մխիթարեանի, տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, 15 Օգոստոս 1920-էն, վերակոչուելով Տէր Ստեփան։

Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանին գործնական գիտելիքները սորվելէ ետք. Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հայրենակիցներուն փափաքով նշանակուած է հոզեւոր հովիւ վերապրող մալաթիացէ ծխական ժողովուրդին։

Երբ միացած է իր հօտին, համեստ քարոզութիւններով, բայց ծառայելու բարձր տրամազրութեամբ ու մեծ հաւատքով ձեոնարկած է հովուական աշխատանքներուն։ Ի գիծ մեծ զոհողութիւններու բացած է դպրոց մը եւ քիւրտերու ու թուրքերու մօտ ապաստան գտած ու փրկուած հայ փոքրիկները հաւաքելով, անոնց սորվեցուցած է Մեսրոպեան ոսկեղնիկ լեզուին քաղցրահունչ տաոերը։

Միւս կողմէ աշխատանք տարածէ ժողովուրդը կապուած պահելու պապենական հողէն։ Հովուական այցելութիւններով նոր շունչ, յոյս ու ապրելու, գոյատեւելու հաւատք ներշնչած է հայրենակիցներուն։ Աակայն թրքական զինուորներ դժուարութէւններ յարուցանելով ստեղծած են անապահով վիճակ։ Աւելէն՝ թրքական «Աթէշ եըլտըրըմ» կոչուած հերոսակախումբը խափանարարական աշխատանքներ կատարած է ու բոնութիւն բանեցուցած ժողովուրդին վրայ, որպէսզէ հեոանայ իր հողերէն ու տուներէն։ Տակաւ առ տակաւ թրքական սարսափը, վախը, անվստահութիւնն ու անապահով վիճակր սաստկացած են, այնքան որ անզէն այս ժոզովուրզր չկարենալով հանդուրժել այս անիրաւութիւններուն ու րազմացող ոճիրներուն, հարկադրուած փնտոած է նպաստաւոր պայմաններ եւ ապահով երկինքներ։

Երբ Մալաթեան կր պարպուի հայութենէն երկրորդ արտագաղթին, Հօտին Հետ մեկնած է Հալէպ 1922-ին։ Հինգ տարի քահանայագործած է Ս, ՝Քաոասնիգ Մանկանց Եկեգեցւոյ մէջ։ Ազդ. Իշանութևան ու կրօնական Ժողովին փափաքին ընդառաջելով հովուական ու կազմակերպչական աոաքևլութեամբ այցևլու հովիւ նշանակուած է Թեմի զանազան շրջաններուն։ Մեծ սիրով ու հաւատքով լծուած է աշխատանքի եւ կազմակերպած Համայի, Հոմսի, Գեսապի, Պապլ Մումպուճի, Ճարապլուսի, Ապիատի ու Ռագգայի թաղականաթիւնները։

Վեհափաո Սահակ Բ, Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ տարի մը հովուած է՝ քեսապի հայութիւնը եւ երկու տարի ալ Ազէրի հայ գաղութը։ Ուր որ գացած է, յարգուած ու գնահատուած է ժողովուրդէն։

Հալէպի Մալաթիոյ Կրթասիրաց Ընկերութիւնը լիազօրած է Տէր Հայրը, իբրևւ գործիչ վարելու միութեան գործը եւ միաժամանակ հովուելու հայրենակիցները։

Մեծ Եղեոնի տարիներուն Հալէպ դարձած է հայ տարագիրներու ապաստանարան։ Հակառակ Ագգային իշխանութեան խնամատարութեան ու առողջապահական միջոցառումներուն, մահը ամէն օր կր հնձէ բազմաթիւ կեանքեր։

Այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ, քահանան իր հայրենակիցներուն ու տարագիր ժոդովուրդին հետ ճաշակած է կեանքի դաոնութիւնները։

Այդ օրերուն է, որ Հալէպի մկջ հիմնուած են հայրենակրական միութիւններ, որոնք տարած են հսկայական աշխատանք։ Իրենց նիւթական նպաստներով, ընկերային ու աոոդջապահական ծառայութիւններով, մեծ օգտակարութիւն ունեցած են բազմահազար տարագիրներուն։ Այդ բոլոր գործունէութեան հսկող, նպաստարաշխումները կազմակերպող, անմիջական շտապ օգնութիւններուն հասնող ու բոյոր տեսակի գործերը դասաւորող ու համադրող վերին մարմինը՝ Բրիոյ Թեմի Ազգ, Իշխանութիւնն է եղած իր կրօնական ու՝ Քաղաքական Ժողովները ներկայացուցիչներով։

Հալէպի Մալաթիոյ երթասիրադ Միութիւնը ունեցած է նաեւ Ամերիկայի մկջ Հայրենակցական միութիւն մը, որուն նաեւ լիազօր ներկայացուցիչը եղած է Տէր Ստեփան։ Ամերիկայի հայրենակիցներէն ստացած նիւթական նպաստները ինըք անձամբ բաշխած է չքաւոր մալաթիացիներուն։ Որոշ ժամանակաշրջան մը, հայրենակիցներու հաւանութեամբ ու տնօրինութեամբ, իր նիւթական անձուկ վիճակին պատճառով, Տէր Հօր ընտանիքը եւս ապրած է հայրենակցական միութեան նիւթական օժանդակութեամբ։

Յետ բազում տառապանքներու, ի վերջոյ 1929-ին իրեն համար բացուած է ծառայութեան նոր դաշտ մը՝ Արաբ-Ոունար։ Առաջնորդին տնօրինութեամբ տեղափոխուած է այս նոր գիւղաքաղաքը ու հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ տեղւոյն գաղութին ու շրջակայի հայութեան։

1922-ին, Արաբ-Ոունարը եղած է ընդարձակ տափաստան մը Գանի-Արաբի եւ Միւբշիտ-Ոունարի միջեւ։ Այդ օրերուն, կարելի չէր այդտեղէն անցնիլ աոանց որոշ մտավախութեան կամ սարսափի։ Այդ գօտիին մէջ, մարզիկ իրենց ամէն քայլափոխին կրնային հանդիպիլ հրոսակախումբերու, որոնք կը կողոպտէին ու անխնայօրէն կը սպաննէին խեղճ ու անպաշտպան անցորդնևրը։ Ընդարձակ այդ տափաստանին մէջտեղ գտնուող ջրաղացը թաքստոցն էր հրոսակներու խումբին։

Այս վայրի բնութեան մէջ հայերու տեղաւորուիլը սկսած է եդեսիոյ պարպումով, ուրկէ ափ մը հայեր, առաջնորդութեամբ Յովհաննէս Զուվալերթանեանի, 1923-ի սկիզբը կանգ աոած են եդեսիոյ հարաւ-արեւմտեան կողմը, ուր յոգնարեկ կարաւանը վրան զարկած է ջրաղացին մօտ, որ իր շրջակայ տարածութիւննևրով պիտի կազմէր Արաբ-Բունար աւանը։

Արաբ-Բունարի հիմնադիր Յովհաննէս Զուվալերթանեան քաջալերած է հայերը եւ մասնաւորաբար իր հայրենակիցները այդ վայրին մէջ հաստատաիլ։

Հետզհետէ հոն հաստատուող տասնեակ մը հայ ընտանիքներուն ձեռք բերած յաջողութիւններբ, արձագանգ գտած են հեռաւոր շրջաններու կարմուճցիներու, տիգրանակերտցիներու եւ լճեցիներու մօտ, որոնք տակաւ եկած ու հաստատուած, աշխատանքով տուն-տեղ շինած եւ ընդարձակած են շրջանակը։

Հայու շինարար ոգին, կարճ ժամանակամիջոցին, հրաշքներ գործած է։ Ւ գին մեծ զոհողութիւններու, փայտաշէն տուներուն քովն ի վեր բարձրացած են քարաշէն բնակարաններ։

Արաբ-բունարցին հիւրասէր է եղած եւ կապուած նահապետական սովորութիւններուն։ ՝Բանի մը հարսեր կրնան ապրիլ մէկ յարկի տակ։ Շրջանի գիւգացիութեան տիրող մեծամասնութիւնը քիւրտ եղած է եւ զբապած է արջառներ կամ հօտ պահեյով։

Ինչպէս բոլոր գիւղերուն մէջ, նոյնպէս հոս, իգական սեռը կապուած է ղաշտին ու տունի գործերուն։ Առաւելաբար կինը աշխատած ու տղամարղը կերած է։ Կինը չէ ունեցած հանգիստ ու դադար։ Այստեղ արհեստներու ու առեւտուրի կոպքին, մեծ կարեւորութևամբ կապուած են հողամշակութան։

Տեղացիներու տարազը հինէն ի վեր, եդեսիացիներու ազդեցութիւնը կրած է։

1924-ին Արաբ-Բունարի հայ ազգաընակչութեան թիւը կը հասնի հարիւր ընտանիքի։ Գնուած է հողաշերտ մը ու 1926-ին հոն կաոացաած է Ս, Աստուածածին եկեղեցին։

Տէր Հօր առաջին գործը եղած է վերականգնումի ընթացքին մէջ գտնուող նորակազմ այս գաղութի ագգայիններուն ու ղեկավարներուն հետ մօտէն յարաբերութիւններ մշակել, զանոնք լաւապէս ճանչնալ ու գործակցութեան ձեոք երկարել, շրջանի հայութեան եկեղեցական, ազգային ու կրթական կեանքը կաղմակերպելու։ Իր անկևղծութիւնն ու նուիրումի ոգին շուտով զգալի դարձած է գործակիցներուն ու հօտին։ Իր պարզ եւ հաւատքով առլցուն քարոզներով ու իր քաղցր եւ տպաւորիչ ձայնով աշխուժացուցած է եկեղեցւոյ կեանքը։ Շարականներու հմտութեամբ կազմակերպած է դըպրաց դասը, շարական ուսուցանելով։ Հետեւած է նաեւ կրթական աշխատանքներուն եւ ձրիաբար կրօն դասաւանդած է դպրոցին ներս։ Այսպիսով, հովիւի, հօտի, դպրոցի ու ագգայիններու միջեւ կապերը ամրապնդած է։ Վստահութիւնը շահած է ագգայիններուն ու ժողովուրդին։ Իր հիւրընկալ ու հաղորդական բնաւորութեամբ, շահած է բոլոր խաւերուն հետ։ Անկողմնակալ ու հայրական սիրով վերաբերած է բոլորին հետ։

Գաղութի խաղաղութեան, ներդաշնակ յարաբերութեան, բոլոր կողմերու համագործակցութեան, միակամութեան, զանազան մարզերու մէջ արձանագրած յաջողութեան ու յառաջդիմութեան մէջ, անուրանալի են եղած Տէր Հօր թափած ջանքերն ու զոհողութիւններր։ Իր համեստ նկարագրով, լուո ու մունջ աշխատած է իր հօտին համար։

Կրցած է տոկալ ու չյուսահատիլ։ Հօտին հետ նոյնանալ ու կազմել մէկ ընտանիք ու արմատանալ մինչեւ խոր ծերութիւն; Այլ խօքով՝ հաւատքով ապրած ու քահանայագործած է ու կրցած է մեծ զոհողութիւններու հայ քահանային վարկը բարձր պահել ու միշտ մնալ հայ եկեղեցականի վայել ծառայական տիպարին մէջ։ Ատոր համար ալ մինչեւ վերջ յարգուած ու սիրուած հոգեւորական մը եղած է։

Աւելի քան քառորդ դար Արաբ-Բունարի եւ շրջակայքի հայութեան ծաոայելէ ետք, իր յաոաջացեալ տարիքին պատճառով խնդրած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդէն ու կրօնական Ժողովէն, որ զինք հանգստեան կոչեն։ Իր փափաքը կատարուած է։ Դադրած է քահանայագործելէ եւ նոյն տարին հանգստանալու համար փոխադրուած է Պէյրութ, իր դալկին՝ Տէր Վահանին քով։ Հազիւ քանի մը ամիս ապրած՝ անհանգստացած ու կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք վախճանած է 7 Նոյեմբեր 1954-ին։

Թաղում

Թաղմանական ու օծման արարողութիւնը կատարուած են 9 Նոյեմբեր 1954-ին, Հայաշէնի Ա, Յովհաննու կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Լիբանանի Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Տ. Խորէն Եպս, Բարոյեանի (հետագային կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ)։

Թաղումը տեղի ունեցած է մեծ շուքով, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից գասուն, այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու, ազգային մարմիններու, հայրենակցական ու միութենական ներկայացուցիչներու, թաղական խորհուրդներու, եպրաց դասերու, դպրոցական աշակերտներու ու յուղարկաւորներու հոծ բաղմութեան մը։ Թափօրին անձամբ հետեւած է Առաջնորդ Սրբազանը մինչեւ Ֆրրն Շպպէքի Ազգ. Գերեգմանատունը, ուր խօսած է պատշաճ դամրանական մը՝ վեր առնելով Տէր Հօր ազգօգուտ գործունոոէթիւնը, զինք ներկայացնելով որպէս տիպար հովիւ՝ Աւետարանի խօսքով՝ «Մշակ առանց ամօթոյ...»։

Իր տարիներու բարւոք ծարայութևան Համար ան գնաՀատուած է Լանջախաչով, Ծաղկեայ սեւ փիլոնով եւ Աւագութեան պատիւով ու տիտղոսովՍփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ էջ 283-289։։

Ծանօթագրութիւններ