«Միհրդատ Թիրեաքեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Միհրդատ Թիրյաքյան}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
| անուն ազգանուն = Միհրդատ Թիրեաքեան
| անուն ազգանուն = Միհրդատ Թիրեաքեան

12:42, 25 Դեկտեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Միհրդատ Թիրեաքեան (1885 Կ. Պոլիս - 18 Յուլիս 1970): Պատմաբան, գրաբարի եւ պարսկական գրականութեան հմուտ խմբագիր:

Կենսագրութիւն

Միհրդատ Թիրեաքեան ծնած է 1885-ին Կ. Պոլիս, ուր նաեւ կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը ՝ տեղւոյն Ֆրանսական վարժարանին մէջ: Ապա՝ ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Թեհրան, ուր, հայրը՝ հայկաբան Տոքթ. Յարութիւն Թիրաքեան, որպէս բժիշկ կը ծառայէր թագաւորական պալատին մէջ:

Մ. Թիրեաքեան Թեհրանի մէջ կը յաճախէ տեղւոյն Ամերիկեան վարժարանը, իսկ բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Ցիւրիխ: 1919-ին կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներ, ու մնայուն կերպով կը հաստատուի Նիւ Եորք:

Մ. Թիրեաքեան, որ գրաբարի ու պարսկական գրականութեան ճաշակը ստացած էր հօրմէն, աւելի ետք կը խմբագրէ ու հրատարակութեան կը յանձնէ անոր «Հայ-Երանական Ուսումնասիրութիւնք» (Վիեննա, 1922), «Համասեր եւ Կրկնակ Խումբեր» (Վիեննա, 1923), «Կոլեստան» (Սաատի) եւ «Արիահայ Բառարան» աշխատասիրութիւնները:

Պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններով, Մ. Թիրեաքեան ժամանակի ընթացքին կ՛աշխատակցի «Անահիտ», «Բազմավէպ», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Սիոն», «Լրաբեր» եւ «Պատմա-Բանասիրական Հանդէս» ամսաթերթերուն ու հանդէսներուն: Ան նաեւ առանձին հատորով կը հրատարակէ «ՇԱՀՆԱՄէ»ն՝ պարսիկ բանաստեղծի գործէն տաղաչափեալ հատուածներ, եւ «ՄԻՏՔԻ ՇՈՂԵՐ», որ կը բովանդակէ հեղինակին պատմական, բանասիրական ու գրական աշխատասիրութիւններէն ոմանք:

Մ. Թիրեաքեան կը մահանայ 18 Յուլիս 1970-ին:

Աղբիւրներ


Կատեգորիա:1885 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1970 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:18 Յուլիսի մահացածներ Կատեգորիա:Կոստանդնուպոլիս ծնածներ