Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւն, ՀԵԴ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական ստորաբաժանումին մաս կը կազմէ, որ իր ծաւալուն աշխատանքներով տարբեր համայնքներուն ու հայրենիքին մէջ կամաւորական գործ կը տանի ի նպաստ հայ ժողովուրդին։

Փաստացի, ԱՄՆ Ցեղակրօն Ուխտերուն յաջորդող կազմակերպութիւն է։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի սկզբանէ եղած է ԱՄՆ Ցեղակրօն Ուխտեր կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած է 1933 թուականին Պոսթոնի՝ ԱՄՆ գործուղուած Գարեգին Նժդեհի նախաձեռնութեամբ՝ ՀՅԴ հովանաւորութեամբ գործող տարբեր երիտասարդական խումբերու (Արամներ, Քրիստափորներ, Անդրանիկներ, Կայծակներ) անդամներու միաւորմամբ։

Սկզբնապէս կոչուած է Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ցեղակրօն ուխտերու միութիւն, 1941 թուականին՝ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւն:

Նպատակն է պահպանել հայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութիւնը, պայքարիլ ուծացման դէմ, վառ պահել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը։

1973 թուականին (մինչ այդ ունեցած է մէկ կեդրոնական վարչութիւն Արեւելեան Ամերիկա՝ Պոսթոն) բաժնուած է Արեւելեան Ամերիկայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Գանատայի մասնաճիւղերու։ Գանատայի կազմակերպութիւնը կոչուած է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն (ՀՅԴ-ԳԵՄ)։ 1989 թուականին կազմակերպութեան Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղը բաժնուած է ՀԵԴ-ի ուխտերու (կեդրոնական վարչութեան հովանիի ներքեւ) եւ Պատանեկան կազմակերպութեան (Պատանեկան վարիչ մարմնի հովանիի ներքեւ)։ ՀԵԴ կազմակերպած է ողիմպիական խաղեր, դասախօսութիւններ, քաղաքական հաւաքներ, երգի երեկոներ, ունի երիտասարդական ամառնային ճամբարներ Պոստոնի (Քեմփ Հայաստան՝ Արեւելեան ԱՄՆ-ի լաւագոյն ճամբարներէն մէկը) եւ Լոս Անճելըսի մերձակայքը։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն հրատարակած է «Հայդուկ» պարբերաթերթը ընդհատումներով։ Գանատա հրատարակուած է «Արծիւ» պարբերաթերը (Արծիւ պաշտօնաթերթ

Գաղափարախօսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկզբնապէս կոչուած է Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ցեղակրօն ուխտերու միութիւն (ԱՄՆ Ցեղակրօն Ուխտեր), եւ 1941 թուականին կազմակերպութեան անունը պաշտօնապէս կը փոխուի Հայ երիտասարդաց Դաշնակցութիւն։ ՀԵԴ-ն իր ծաւալուն աշխատանքներուն մէջ կ՚ընդգրկէ ծրագիրներ, որոնք կը կեդրոնանան դաստիարակչական, Հայ Դատի, ընկերային, մարզական եւ մշակութային ծիրերէն ներս։ ՀԵԴ-ի գաղափարախօսութիւնը հիմնուած է ընկերվարական սկզբունքներու՝ միութեան, ընկերական, եւ համագործակցութեան սկզբունքներու վրայ։ Աւելին ՀԵԴ-ն կը հաւատայ ընկերվար-ժողովրդավար սկզբունքներուն։ Անդամները միասին կ՚աշխատին ծառայելով իրենց գաղութին եւ հայրենիքին։ Նպատակն է պահպանել Հայ Երիտասարդութեան ազգային ինքնութիւնը, պայքարին ցուլումի դէմ ու ջանք կը թափեն որպէսզի հասնին Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարին։ Ան նաեւ անդամ է Համաշխարհային Սոցիալական Երիտասարդներու Խմբակին (անգլ.՝ International Union of Socialist Youth) եւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարութեան (անգլ.՝ Youth European Socialists) կազմակերպութիւններու մէջ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14 Յունուար, 1933-ը կը նկատուի ՀԵԴ-ի հիմնութեան օրը։ Այդ ժամանակուայ ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կ՚որոշէ երիտասարդները քով քովի բերելով խմբակներ կազմակերպել ու նամակներ կը յղէ երիտասարդներու: Արեւելեան Ամերիկա՝ Պոսթոնի «Հայրենիք» սրահին մէջ կ՚ըլլայ խորհրդաժողով մը որպէսզի կազմակերպուին գաղութի հայերը։

40 երիտասարդներ տարբեր շրջաններէն կ՚որոշեն որ Յունիս 1934-ին պիտի ունենան իրենց առաջին Ընդհանուր ժողովը, ուր պիտի ընտրեն Կեդրոնական Վարչութիւնը։ Երիտասարդները նաեւ կը դիմեն ՀՅԴ-ի որպէսզի նշանակեն երիտասարդական յանձնախումբ մը՝ երիտասարդներուն օգնելու համար։

1933-1934 թուականներուն տարբեր գաղութներու մէջ կը հիմնուին նոր ուխտեր Գարեգին Նժդեհ ցուցմունքներով, որոնք իրենց ազգային ոգիով կը ներշնչեն Հայ երիտասարդը եւ հազարաւոր երիտասարդներ կ՚անդամակցին կազմակերպութեան։

Առաջին ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին 40 ուխտեր. կը հաւաքուին Պոսթոնի «Հայրենիք» սրահին մէջ։ Պատգամաւորները կ՚որոշեն որ կազմակերպութեան անունը պիտի ըլլայ «Ցեղակրօն»։ Հիմնական նպատակը կ՚ըլլայ աշխատիլ Թուրքիոյ ու Խորհդրային Միութեան դէմ միշտ վառ պահելու Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը։ Առաջին ընդհանուր ժողովին կ՚ընտրուի 5 անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութիւն մը հետեւեալ անձերէն՝ Համբարձում Կելանեան, Ճոն Տէր Յովհաննէսեան, Յակոբ Յակոբեան, Արթուր Կիրակոսեան, եւ Ք. Մէրթոն Պոզոյեան։

Ընդհանուր ժողովէն ետք, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը արդէն իսկ կը բանայ իր առաջին ուխտը սահմանէն դուրս, Գանատայի Սէնթ Գաթրինզի, Օնթարիօ նահանգին մէջ։ Հիմնութեան առաջին օրերը, ՀԵԴ-ի անդամները կ՚աշխատին աւելի մշակութային գործերով։ Անոնք նաեւ կը զբաղին դաստիարակչականի ծրագրով, որովհետեւ կը խաղային Հայ դպրոցի դերը հայ գաղութի կեանքէն ներս։ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը բաժնէ դաստիարակչականի նիւթեր, կը հրատարակէ յեղափոխական երգերու երգարան, կը հրատարակէ գիրք մը Հայոց պատմութեան նիւթերով (Գիրքի հեղինակ Կ. Վ.-ի անդամ՝ Ճայմզ Մանտալեան) եւ հայոց կարեւոր ազգային գործիչներու կենսագրութիւններով։ Տարուան վերջը ամէն անդամ քննութիւն մը կ՚անցընէր եւ ՀԵԴ-ի գրասենեակը կը սրբագրէր։

1935-թուականին, ՀԵԴ-ն կը ստեղծէ կրթաթոշակային հիմնարկի ֆոնտ. այդ անդամները, որոնք իրենց ուսումը կ՚ուզեն շարունակել, կրնան օգտուիլ այդ ֆոնտէն։

Համաշխարհային Բ. Պատերազմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1941 թուականին, կազմակերպութիւնը անունը պաշտօնապէս կը փոխէ ՀՅԴ Ցեղակրօն անունէն Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան։ Անունը կը փոխուի յատկապէս, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ հայերէն չխօսող մարդոց մօտ։

Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ժամանակ, Ամերիկայի ժողովուրդը՝ նեռարեալ հայեր, կ՚ապրէին ճգնաժամային օրեր եւ կը փորձէին յաղթահարել նոր մարտահրաւէրներ։ Այս մարտահրաւէրներու ժամանակ, ՀԵԴ-ի անդամակցութեան թիւը կ՚աճէր։ Սակայն Ամերիկայի վիճակէն ՀԵԴ-ի անդամներ կ՚անդամակցին Միացեալ Նահանգներու Զինեալ Ուժերու Բանակին։

1944-1945 թուականներու ընթացքին 1.000 անդամներէ աւելի զինուորներ կ՚ըլլան։ Տարիներու ընթացքին ուխտերը կը ղրկեն «Հայրենիք» պարբերաթերթի օրինակներ, այլ թերթեր, նուէրներ ու նամակներ իրենց ընկերներուն։ Այս ժամանակամիջոցին ՀԵԴ-ն կը հաւաքէ 750,000 ամերիկեան տոլար պարտամուրհակներ։ Այս ծրագրով կը գնուի B-25 Mitchell եւ B-17 Flying Fortress պատերազմի համար։

29 Յունիս, 1946-ին Տէթրոյթի մէջ տեղի կ՚ունենայ հաւաքոյթ մը, ուր կը պատուեն պատերազմէն վերադարձած բոլոր ընկերներուն եւ յիշատակը կը յարգեն 40 ընկերներու, որոնք պատերազմի ընթացքին կը զոհուին։

1942-1946 տարիներու ընթացքին, 800 նոր երիտասարդներ կ՚անդամակցին կազմակերպութեան։ Այդ տարիներուն կը ստեղծուի «Տարուան Երգը» ծրագիրը, որուն շնորհիւ անդամներ կը սորվին ազգային եւ յեղափոխական երգեր, շարադրութեան մրցոյթներ քաջալերելու համար Հայերէն գրելը եւ պրպտումը։ Եւ առաջին հրատարակութիւն ՀԵԴ-ի «Կապոյտ Գիրքը», դաստիարակչական նիւթերով։

Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն ետք, ՀԵԴ-ի գործերը կը սկսին աւելի ծաւալիլ։ Զինուոր-անդամներու վերադարձի պատճառով, կազմակերպութեան մարդուժը կ՚աւելնայ։ Սակայն այդ յաջորդող տարիներուն անդամները կը սկսին տեղափոխուիլ եւ անդամները կը հեռանան ակումբի կեդրոններէն։ Սակայն, շնորհիւ անդամներու գիտակցութեան նոր շրջաններու մէջ ՀԵԴ-ի անդամները կը հիմնեն նոր ուխտեր։

50-ական Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

50-ական թուականներուն, ՀԵԴ-ի «Կապոյտ Գիրքը» կը սնուցանէ նոր սերունդ մը, որ կը սորվի Հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, մշակոյթ, արուեստ եւ ուրիշ կարեւոր նիւթեր։

1948 թուականին ՀԵԴ-ն կը հիմնէ Պատանեկան Միութիւնը, ուր 9 տարեկանէն 16 տարեկան պատանիներ կրնան անդամակցիլ կազմակերպութեան եւ ետքը փոխանցուիլ շարքերը։ Տարիներու ընթացքին, այդ ստորաբաժինն ալ կը ստեղծէ իր դաստիրակչական «Կապոյտ Գիրք»ը, մարզային ծրագիրները, ընդհանուր ժողովը, շարադրութեան մրցոյթները եւ ուրիշ ծրագիրներ։

1951 թուականին, Ֆրէնքլին, Մասէչուսէցի մէջ կը բացուի Գամբ Հայաստանի բանակավայրը։ 25-րդ ամեակի նուիրուած ձեռնարկները կը սկսին 1958 թուականին եւ անդամներ կը ներշնչուին շարունակել իրենց գործը։

60-ական Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1960-ական թուականներուն արդէն իսկ փոքր քաղաքներէն մարդիկ կը տեղափոխադրուին աւելի մեծ քաղաքներ, եւ այս փոքր կազմուած համայնքները կը տուժեն մարդուժի պակասութենէն, սակայն այս կ՚ըլլայ անկիւնադարձային պատմութեան մէջ եւ այլեւ ՀԵԴ-ն չ՚ըլլար միայն լոկ հանդիպելու տեղ եւ կ՚ըլլայ աւելի ամէնօրեայի աշխատանքներու կեդրոն։

Այս տարիներուն հայկական գաղութները կը սկսին պատրաստուիլ յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակը։ Այս անկիւնադարձային օրերուն, հայկական գաղութներու մէջ կը սկսին աւելի քաղաքական աշխատանքները եւ Ցեղասպանութիւնը կը փոխուի եւ կը դառնայ աւելի պահանջատիրութեան օր քան յիշատակելի օր: Հայը կը սկսի պահանջել ցեղասպան ազգէն ճանաչում, արդար լուծում ու հատուցում։

70 եւ 80-ական Թուականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

70-ական թուականներու սկիզբը ՀԵԴ-ի տարբեր ուխտերու թիւը կը հասնի հարիւրէ աւելի։ Նոյն տարիներուն, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ կը հիմնուի ՀԵԴ-ի Բանակավայրը (AYF Camp)։ Բանակավայրը պիտի օժանդակէր Արեւմտեան Ամերիկայի ընկերներուն։ Բանակավայրը կը գտնուի Սան Ուաքին քաղաքին մէջ Գալիֆորնիոյ նահանգը (22214 Big Pines Hwy, Valyermo, CA 93563) եւ կը գնուի 80,000 ամերիկեան տոլարով։

Այդ տարիներուն Դաշնակցութիւնը կը բաժնուի 5 խումբերու որպէսզի աւելի դիւրին ըլլար կառավարումը (Գալիֆորնիա, Գանատա, եւ 3 բաժին Արեւելեան Ամերիկա)։ Սակայն կառավարելը այդքան կը դժուարանայ որ 1973-74 տարիներուն արդէն ՀԵԴ-ն կը բաժնուի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկա եւ Գանատայի շրջանները։

Արցախի Մէջ Աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1980-ական թուականներուն, հայկական գաղութներու ուշադրութիւնը ուղղուած էր դէպի Արցախ, ուր պատերազմ սկսած էր Ատրպէյճանի հետ։ ՀԵԴ-ն ալ անմասն չմնաց այդ ծաւալուն գործին մէջ եւ սկսաւ շուտով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ աշխատիլ ամէն տեսակի օժանդակութիւն հասցնել Ղարապաղ։ Զինադադարէն ետք, ՀԵԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կը ղրկէ ՀԵԴ-ի անդամներէ բաղկացած խումբ մը Արցախ, որպէսզի վերաշինեն Արցախի մէջ ակումբները։ 15 տարի շարունակ այս գործը կատարելէ ետք, ծրագիրը կը փոխուի եւ ամէն ամառ խումբ մը երիտասարդներ կ՚երթան Հայաստանի տարբեր գիւղ ու քաղաքները որպէսզի ՀԵԴ-ի ճամբարը կազմակերպեն, ուր շրջանի պատանիներուն կը սորվեցնեն անգլերէն, երգեր, պարեր, եւ պատմական եւ առողջապահական դաստիարակչականներ։ Արդէն իսկ ճամբարներ կազմակերպուած են Կիւմրիի, Պռոշեանի, Ստեփանակերտի, Մարտակերտի, Շուշիի եւ այլ վայրերուն մէջ։

2012 թուականին ՀԵԴ-ն կը հռչակէ այդ տարին «Ազատամարտիկի Տարի» ու կը սկսի նիւթապէս օժանդակել Արցախի ազատամարտին վիրաւորուած հայ զինուորներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով։ Յաջորդող երկու տարիներու ընթացքին, անդամները կը սկսին դրամահաւաքներ կազմակերպել եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբին հետ կը սկսին հոգալ ազատամարտիկներու գործողութիւններու ծախսը։ 2015 թուականին ծրագիրը փակելէ ետք, ՀԵԴ-ն արդէն իսկ օգնած էր 80 ազատամարտիկներէ աւելի։ 2016 թուականին, Արցախի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը վերաշխուժացած է՝ ազատամարտիկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն օժանդակութիւններ հասցնելու նպատակը։ Կազմակերպութիւնը ծրագիրը կը շարունակէ եւ արդէն իսկ օժանդակած է Քառօրեայ Պատերազմի բոլոր զինուորներու ընտանիքներուն. աշխատանքները կը շարունակուին։

Հայրենիքի Մէջ Աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀԵԴ-ն հաւատալով՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարին իր լաւագոյնը կը կատարէ որպէսզի օժանդակէ իր հայրենիքին։ Արցախի մէջ սկսած Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի գործը 2009-ին կը փոխուի վերաշինութենէ դէպի ճամբարներ։ Այդ նպատակով Արեւմտեան Ամերիկայի ծրագիրն ալ կ'որդեգրուին ու տարբեր շրջաններ իրենք ալ ճամբարներ կը կազմակերպեն։ Երկու շաբթուայ ճամբարը կ՚ընդգրկէ անգլերէն, երգեր, պարեր, եւ պատմական եւ առողջապահական դաստիարակչական պահեր։

Շրջան Ճամբարի Վայրեր
Արեւմտեան Ամերիկա Կիւմրի, Պռոշեան, Արդիք, Ստեփանակերտ, Շուշի, Մարտակերտ
Գանատա Վանաձոր
Արեւելեան Ամերիկա Ջաւախք
Լիբանան Սիսիան
Աւստրալիա Նոր Նորք

ՀԵԴ-ի Շրջաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շրջաններ Կայքէջ
Արեւելեան Ամերիկա AYF-YOARF Eastern Region's Website

AYF Eastern USA Official Facebook Page

Արեւմտեան Ամերիկա AYF Western Region's Website

AYF Western USA Official Facebook Page

Գանատա AYF Canada's Website

AYF CanadaOfficial Facebook Page

Լիբանան AYF (LEM) Lebanon's Website Archived 2017-09-07 at the Wayback Machine.

AYF Lebanon Official Facebook Page

Յունաստան AYF Greece's Website

AYF Greece Official Facebook Page

Լոնտոն AYF London's Website

AYF London Official Facebook Page

Հոլանտա AYF Netherland's Website Archived 2017-07-10 at the Wayback Machine.

AYF Netherlands Official Facebook Page

Ֆրանսա AYF FRA Nor Seround's Website Archived 2011-12-09 at the Wayback Machine.

AYF France Official Facebook Page

Հարաւային Ամերիկա

AYF South America Official Facebook Page

Հայաստան AYF Armenia Official Facebook Page
Արցախ AYF Artsakh Official Facebook Page
Պարսկաստան AYF Iran Official Facebook Page
Երուսաղէմ AYF Jerusalem Official Facebook Page
Պելճիքա AYF Beligium's Official Facebook Page
Շուէտ
Գերմանիա
Աւստրալիա AYF Australia Nigol Touman Official Facebook Page
Սուրիա
Կիպրոս AYF Cyprus Official Facebook Page

Պաշտօնաթերթեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն հրատարակած է «Հայդուկ» պարբերաթերթը եւ ՀՅԴ-ԳԵՄ-ը կը հրատարակէ «Արծիւ» պարբերաթերթը (Արծիւ պաշտօնաթերթ):

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]