Jump to content

Արծիւ (պաշտօնաթերթ)

(Վերայղուած է Արծիւ պաշտօնաթերթ-էն)


Արծիւ (անգլերէն՝ Ardziv), ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան պաշտօնաթերթն է։

«Արծիւ» պաշտօնաթերթը Ապրիլ 1991-ին ծնունդ առած է Գանատայի մէջ։ Անդրանիկ խմբագրական կազմը կը բաղկանար հետեւեալ անդամներէն՝ Շողեր Մարգարեան, Լիզէթ Սարաֆեան եւ Ծովինար Տէր Խաչատուրեան։

Հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած՝ 20 էջերէ բաղկացած առաջին թիւը գանատահայ երիտասարդութեան մէջ բոցավառեց հայերէն ընթերցելու եւ հայերէնով գրելու կրակը։ Առաջին խմբագրականին մէջ գրուած է թերթ մը ունենալու գեղեցիկ գաղափարի ծնունդին մասին։ Խմբագրականը կը գրէ՝

«Նոր թերթի մը հրատարակութիւնը հայ համայնքին մէջ ընդհանրապէս կը նշուի խմբագրին գոռոզ խօսքերով եւ ընթերցողներու անտարբերութեամբ ու յուսախաբութեամբ։ «Արծիւ» -ը նման զգացումներ պիտի չի ներշնչէ համայնքին։ «Արծիւ»ը Գանատայի միակ հայկական պարբերաթերթն է, հրատարակուած երիտասարդութեան կողմէ եւ ուղղուած երիտասարդութեան։ «Արծիւ»ի բովանդակութիւնը, որ պիտի ըլլայ երեք լեզուներով՝ հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն, անկասկած պիտի շահագրգռէ ներկայ հայ սերունդը։ Անկասկած, որովհետեւ սոյն պարբերաթերթին գաղափարը ծնունդ առաւ նոյն երիտասարդութեան մտքին մէջ, իսկ հրատարակման ծրագրումը խլեց նոյն այդ երիտասարդութեան ժամանակը։ Երեք լեզուներու գործածումը անհրաժեշտ կը նկատենք, բոլոր հայ երիտասարդներուն համար մատչելի դառնալու մտահոգութեամբ։ Դժբախտ իրողութիւն մը, որ չենք կրնար հերքել։

Գալով մեր խորհրդանիշին, արծիւը մեծ նշանակութիւն ունէր հին հայկական դիցաբանութեան եւ քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, արծիւը ունի այժմէական մեծ նշանակութիւն։ Ան կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի կամքն ու անկախութեան ձգտումը, որ փաստուեցաւ անկախ հանրապետութեան 1918-ի ճակատամարտերով եւ Արցախի ժողովուրդի հերոսական պայքարով։ Հետեւաբար, «Արծիւ» պարբերաթերթը սոյն գաղափարներու իրականացումը կը հետապնդէ։

Վերջապէս, կ՛ուզենք յստակացնել թէ այս թերթը ազատ բեմ մըն է գաղափարներու, որոնք հայ երիտասարդութիւնը կը ներկայացնեն կամ անոր կը վերաբերին։ «Արծիւ»-ը իր նպատակին կը հասնի երբ ընթերցողներուն հետ կապի մէջ կը մտնէ։ Հետեւաբար, մեր դռները բաց են ձեր նամակներուն, կարծիքներուն եւ առաջարկներուն։ Այս խօսքերով, կ'անցնինք դիմագրաւելու նոր հանգրուաններ։

-ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւն»

Թէեւ սկզբնական շրջաններուն թերթը կանոնաւոր հերթականութեամբ կը հրատարակուէր, տարիներու ընթացքին, սակայն, զանազան պատճառներով, «Արծիւ»ի հրատարակութիւնը կը կաղայ ու դժբախտաբար կը դադրի լոյս տեսնելէ, կիսատ թողելով անոր նուիրական գործը։

2011-ին, ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի 39-րդ պատգամաւորական ժողովի ընթացքին կ'որոշուի թէ Գանատահայ երիտասարդին ձայնին արձագանգող պաշտօնաթերթը պէտք է անգամ մը եւս ներկայութիւն ըլլայ մեր գաղութներէն ներս. թէ «Արծիւ»ը անգամ մը եւս պէտք է սաւառնի։

«Արծիւ»ը այսօր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այսօր, իր այժմէականացած էջերով եւ կայքէջով, «Արծիւ»ը կրկին կը հրամցուի հայ երիտասարդին, առիթ ստեղծելով, որ ան կարենայ թռիչք տալ իր երեւակայութեան, արտայայտել իր մտահոգութիւնները, պահանջատէրը դառնալ իր արդար իրաւունքներուն եւ քաջութեամբ պոռթկալ անարդարութեան դէմ։ ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի «Արծիւ» պաշտօնաթերթը կը հրատարակուի երեք ամիսը անգամ մը ու կը սփռուի գանատահայ գաղութին, ձրիաբար։ «Արծիւ»ի յօդուածները կ'արձագանգեն Գանատահայ երիտասարդին մտահոգութիւններուն, ներառեալ Հայ Դատի, Հայ մշակոյթի ու Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակներու վերլուծականները։

Պաշտօնաթերթին տպագրական 1000 օրինակները կը զետեղուին Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Սէնթ Գաթրինզի եւ Համիլթընի Հայ Կեդրոններէն ներս։ Տպագրութեան կողքին, «Արծիւ»ի ելեկտրոնային տարբերակը կը սփռուի ՝ www.ardziv.org կայքէջի ու ընկերային ցանցերու միջոցաւ։