Ծնած է 13 Փետրուար 1903-ին, ՊելճիքայիԼիեժ քաղաքին մէջ, ապահովագրական ընկերութեան հաշուապահի մը ընտանիքին մէջ։ Դպրոցը աւարտելէ ետք աշխատած է իբրեւ գրախանութի մը վաճառող, ապա իբրեւ թղթակից՝ տեղական թերթի մը մէջ։ Գրականութեան նուիրուելու ձգտումը զինք հանգիստ չէ ձգած, եւ 1992-ին գացած է «նուաճելու» Փարիզը։ Հոն իր երիտասարդական ողջ եռանդով, իրարու ետեւէ կատարած է հրատարակիչներու պատուէրները։ Շուրջ տասը տարի գրած է երկու հարիւրի հասնող կարճ վէպեր ու պատմուածքներ՝ բոլորն ալ արկածային եւ խուզարկուի նիւթերով։ Այնուամենայնիւ, իր գրիչը աւելի բեղուն դարձած է «Մեկրէ Գործակալին յայտնութիւնը» գործով, որմով նոր բնոյթ մը կը հաղորդէ հետախուզական վէպի ոճին։ Այդ տիպարին միջոցով Ժորժ Սիմենոն վեր կը հանէ պուրժուական աշխարհի հակասութիւնները։