Երուանդ Քոչար


Պատկեր:Kochar.jpg
Ծնած է 15 Յունիս 1899
Ծննդավայր Թիֆլիս,Ռուսական կայսրութիւն
Մահացած է 22 Յունուար 1979
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Մելամաղձություն» արձան?, «Սասունցի Դավիթ» արձան? եւ Վարդան Մամիկոնյանի հուշարձան?
Տեսակ դիմապատկեր
Մասնագիտութիւն

քանդակագործ, նկարիչ, նկարազարդող, գծանկարիչ, նկարիչ եւ արուեստներու

գործիչ
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Գեղարուեստաթատերական հիմնարկ
Հօկ
Երեխաներ Ռուբէն Քոչար
Կայքէջ kochar.am

Երուանդ Սիմոնի Քոչար (Քոչարեան) (15 Յունիս 1899, Թիֆլիս22 Յունուար 1979, Երեւան), հայ խորհրդային նկարիչ-արձանագործ։ ԽՍՀՄ ժողովրդական նկարիչ (1976)։ Երուանդ Քոչար հայ քանդակագործութեան եւ գեղանկարչութեան ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն է[2]:Անոր ստեղծագործութիւնը՝ Ժթ.դարու ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթներէն:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Երուանդ Քոչար ծնած է 15 Յունիս 1899-ին, Թիֆլիս: Ծնողքն են՝ շուշեցի Սիմէոն Քոչարեանն ու Ֆեոկլա Մարտիրոսեանը։ 1906-1918 թուականներուն աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը։ 1915-1918 թուականներուն, միաժամանակ, սորված է Գեղարուեստը խրախուսող կովկասեան ընկերութեան նկարչութեան եւ քանդակի դպրոցին մէջ (Շմերլինկի դպրոց): 1918-1919 թուականներուն՝ ուսանած է Մոսկուայի Պետական ազատ գեղարուեստական արուեստանոցներուն մէջ` Պ. Կոնչալովսկիի դասարանը:
  • 1919-ին վերադառնալով Թիֆլիս, մասնակցած է «Վրաց նկարիչներու աշնանային երկրորդ ցուցահանդէսին»։
  • 1921-ին Քոչար գեղանկարչութեան ուսուցիչ էր եւ մինչեւ Փարիզ մեկնիլը՝ արդէն համբաւաւոր նկարիչ։
  • 1922-ին կը գտնուի Կ. Պոլիս: Ուղեւորութիւնը շարունակելու համար անհրաժեշտ էին նիւթական միջոցներ, ուստի Բերայի մատենադարանին մէջ կը կազմակերպէ անհատական ցուցահանդէս մը:

Յաջորդ հանգրուանը Վենետիկն էր, ուր երիտասարդ արուեստագէտը կ'ուսումնասիրէ Ս. Ղազարի մատենադարանի մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն, կը ծանօթանայ հռոմէական եւ Վերածնունդի շրջանի արուեստի գանձերուն։ Վենետիկի մէջ, ստեղծած դիմաքանդակներուն համար կ'արժանանայ արծաթէ շքանշանի:

  • 1923-ին Քոչար կը մեկնի Փարիզ։ Նոյն տարուան  Սեպտեմբերին Ա.Չօպանեանի  աջակցութեամբ  կը բացուի Փարիզի առաջին անհատական  ցուցահանդէսը: Քոչարի համար  յատկապէս  ոգեւորող էին  Էդ. Շահինի  եւ  Հ.Կիւրճեանի  հիացական կարծիքները:
  • Փետրուար 1924-ին կը մասնակցի «Անկախականներու սալոնի» ցուցահանդէսին` իր վրայ  բեւեռելով  ժամանակի յայտնի  արուեստաբաններու  ուշադրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ կը ստեղծէ կերպընկալէ-նկարչական նոր արտայայտչաձեւ «Տարածական նկարչութիւնը» (Peinture dans l’espace), որ կը ներառէ ժամանակը՝ որպէս լրացուցիչ չորրորդ չափ[3]։ Փարիզի մէջ կը բնակի 13 տարի, կը մասնակցի բազմաթիւ նշանաւոր ցուցահանդէսներու, կ'ունենայ 5 անհատական ցուցահանդէս՝ կ'արժանանայ արուեստաբաններու ամենաբարձր գնահատանքին:
  • 1936-ին Քոչար կը ներգաղթէ ԽՍՀՄ։ Կ'ընդունուի Հայաստանի նկարիչներու միութեան շարքերը եւ կը մասնակցի տեղական ցուցահանդէսներու։ Պահպանելով նորարարական որոշ ձեւամիջոցներ՝ առաջնակարգ նշանակութիւն կու տայ բովանդակութեան, նկարուողին ճշգրիտ անհատական նկարագիրին ու ներաշխարհին բացայայտման։
  • 1944-1945 թուականներուն նկարչութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի թատերական եւ պոլիտեխնիկական հիմնարկներուն մէջ։ Քոչար բազմաժանր արուեստագէտ էր։
  • 1948-ին մոմաներկերու գիւտին համար «Գիւտերու եւ յայտանգործութիւններ»ու կոմիտէէն կը ստանայ հեղինակային վկայագիր։

Մեծ արուեստագէտին ճակատագիրը եղեռական ընթացք կը ստանայ։ Հայրենիքի մէջ ան կը մեղադրուի ֆորմալիզմի մէջ, որ «ժողովուրդի թշնամի»ի հոմանիշն էր։ Բաւական է ըսել, որ հայրենիքի մէջ Քոչարի առաջին անհատական ցուցահանդէսը կը բացուի վերադառնալէն 30 տարի ետք միայն՝ 1965-ին։ Արգելքները, բանտը, մեկուսացումը, անտարակոյս, կ'ազդեն Քոչարի ստեղծագործական ընթացքին վրայ, բայց այս պարագային կարծես կը գործէ հակազդման օրէնքը։ Որոշիչ դեր կ'ունենայ նաեւ Խրուշչովեան «ձիւնհալը»։ Այս տարիներուն կը ստեղծուին «Էքստազը» (1960), «Պատերազմի արհաւիրքը» (1962), «Զուարթնոցի արծիւը» (1955), «Կիբեռնետիկի մուսան» (1972), «Վարդան Մամիկոնեանը» (1972), Հայաստանի ու հայութեան խորհրդանիշ դարձած «Սասունցի Դաւիթը» (1959) եւ այլ մեծարժէք ստեղծագործութիւններ[4]։

Քոչարի արուեստը իր մէջ կ'ամփոփէ համաշխարհային հին ու նոր արուեստի, ինչպէս եւ ժամանակակից նորարարական ուղղութիւններու շատ գիծեր ու սկզբունքներ:

Երուանդ Քոչար կը մահանայ 1979-ին Երեւան։ Անոր անունով կը կոչուի Երեւանի փողոցներէն մէկը։

1984-ին Երեւանի մէջ կը բացուի Երուանդ Քոչարի թանգարանը, ուր արուեստասէրը կրնայ ամբողջական պատկերացում կազմել վարպետին ստեղծագործական ուղիին մասին։ Միայն Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ եւ Փարիզի Փոմփիտու կեդրոնին մէջ կարելի է տեսնել Քոչարի տարածական նկարները։

2015-ին Հայաստանի ազգային պատկերասրահը Երուանդ Քոչարի թանգարան (Երեւան)ին հետ համատեղ ներկայացուցած է «Երուանդ Քոչար. սերունդներու երկխօսութիւն» ցուցահանդէսը (գեղանկար, քանդակ եւ տարածական նկարչութիւն)[5][6]:

Ստեղծագործական գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեղծագործութեան առաջին շրջանը կապուած է Թիֆլիսեան տարիներուն հետ: Քոչարի ի վերուստ տրուած գեղարուեստական ընդունակութիւնները կը դրսեւորուին վաղ հասակին, Ներսիսեան դպրոցի առաջին դասարանէն, ուր ան ուսում ստացած է 1906-1918 թուականներուն: Շուտով Քոչարի կարողութիւնները կը նկատէ անոր գեղանկարչութեան դասատուն ՝ Յարութիւն Շամշինեան: Վերջինիս խորհուրդով Քոչար կ'ընդունուի Գեղարուեստը խրախուսող կովկասեան ընկերութեան նկարչական դպրոցը, որու տնօրէնն էր Թիֆլիսի մէջ յայտնի գեղանկարիչ եւ ծաղրանկարիչ Օսքար Շմեռլինկը: Այդ շրջանին անոր ստեղծած աշխատանքները հիմնականին մէջ դիմանկարներ ու կենցաղային տեսարաններ են: Ստեղծագործական աւելի կայուն ու երկարատեւ յափշտակութեան մասին կը վկայեն փոքրադիր իւղանկարներ, ջրանկարներ, մատիտանկարներ, որոնք ստեղծուած են 1918-ին,մինչեւ Մոսկուա մեկնիլը:Անոնցմէ են «Պարտէզ Թիֆլիսի մէջ», «Պարտէզը», «Զրոյց», «Երեքը պարտէզին մէջ», «Մտերմական խօսակցութիւն»: Մինչեւ 1922 Քոչար մնացած է Թիֆլիս, շարունակելով իր ստեղծագործական  աշխոյժ որոնումները, յենելով հին արուեստին  եւ  Վերածնունդի դասական աւանդոյթներուն վրայ։ Դասական միտումը առաւել ցայտուն կը  դրսեւորուի  Քոչարի ածխամատիտով գծագրութիւններուն մէջ, որոնցմէ են   «Տղու գլուխը», «Կանացի դիմանկարը», «Արփենիկ  Յովսէփեանի դիմանկարը» աշխատանքներուն մէջ:

Դասական եւ նորարարական  այդ երկու միտումները   հաշտեցնելու փորձ ըրած է վաղ շրջանի   առաւել յաջող գործերէն մէկուն մէջ `1919 գծած  «Ի խորոց»  մեծադիր իւղանկարին մէջ։

Երկրորդ շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1922-ին  Քոչար Եւրոպական արուեստին մօտէն ծանօթանալու եւ զայն  ուսումնասիրելու նպատակով  կ'երթայ Եւրոպա: Նախ Կոստանդնուպոլիսն էր  անկէ ետք՝ Վենետիկ: Վենետիկի մէջ  արուեստագէտը կը  մնայ Ս.Ղազար կղզիի հայ մխիթարեան  վանականներու  հովանիին տակ: Հոն առաջին անգամ լրջօրէն կը զբաղի  քանդակագործութեամբ` կը կերտէ Աւ. Իսահակեանի, Վենետիկի  Քարտինալ Լաֆոնթենի, Ժ. Զաքարեանի  եւ Աբբահայր Կիւրեղեանի  քանդակները: Վենետիկի մէջ կը ստեղծէ նաեւ քանի մը երփնագիր գործեր` «Իտալացի բանաստեղծը», «Ղազարոսի յարութիւն»ը: «Իտալացի բանաստեղծը» նկարին մէջ պատկերուած  է  սրճարանի սեղանին  հանգիստ նստած, գինիի գաւաթով եւ  ծխամորճով երիտասարդ մը։ Անոր աչքերուն արտայայտութեան մէջ կը նկատուի միտքի լարուած ու կեդրոնացած աշխատանքը, իսկ ազնուական նուրբ դիմագիծերը բանաստեղծին խոր իմացականութեան կնիքը կը կրեն։

1923-ին Քոչար կը հաստատուի Փարիզ։ 1923 -1925 թուականներուն անոր աշխատանքները կը ներկայացուին Աշնանային սալոնին մէջ, Անկախականներու սալոնին մէջ, Գիտական ընկերութեան ցուցահանդէսին մէջ, ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին մէջ, իսկ 28 Հոկտեմբեր 1926–ին Փարիզի ,,Le Sacre du Printemps,, (1959, Սրբազան գարուն) պատկերասրահին մէջ կը բացուի անոր անհատական անդրանիկ ցուցահանդէսը[7]։ 1923 -1926 թուականներուն Քոչար շարք մը ուշագրաւ աշխատանքներ կը ստեղծէ՝ «Հաստլիկը յարդարուելու ատեն» ,« Հուրին» ,« Պտուղներով հուրին», «խնձորով աղջիկը» ,« Արեւելեան կանայք», «Տեսիլք», «Ընտանիք» եւ «Սերունդներ»։ Նկարիչին նշուած աշխատանքները կը գրաւեն՝ Վալտեմար ժորժի, Սենթ – էնեանի, Անտրէ Փասքալ–Լեւիի, Ռայմոն Սելիկի, Մորիս Ռեյանլի եւ ֆրանսացի այլ յայտնի քննանդատներու ուշադրութիւնը։ Քոչարի մասին կը գրեն ՝ «L'Art Vivant»(Կենդանի արուեստ ),  «La Revue   Moderne  das  Arts  es  de la Vie»(Արուեստներու եւ կեանքի ժամանակակից հանդէս), «La Revue du Vrai et  du Beau»(ճշմարտութեան եւ գեղեցկութեան հանդէս),  «Les  Artistes daujourdhui»( Արդի արուեստագէտները ), «Cahiers d Art»( Արուեստի տետրեր) գեղարուեստական լրագիրները եւ ամսագիրները։ Քոչարի մեծ ճանաչում կը շնորհէ անոր երկրորդ ցուցահանդէսը՝ «Le peinture dans l'espace» (Նկարչութիւն տարածութեան մէջ կամ տարածական նկարչութիւն)  վերնագիրով, որ կայացած է Նոյեմբեր 1928–ին փարիզեան «Van Leer» պատկերասրահին մէջ։ «Տարածական նկարչութիւն» անուան տակ արուեստի պատմութեան մէջ կը մտնեն Քոչարի այդ ստեղծագործութիւնները։ «Տարածական նկարչութիւնը» Քոչարի միտքին փայլուն նուաճումը կը հանդիսանայ։

Երրորդ շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1936-ին Քոչար կը ներգաղթէ խՍՀՄ․։ Շատ չանցած՝ 1941-ին պատերազմի սկսելուն առաջին օրը զինք կը ձերբակալեն։ Բանտէն ետք Քոչար կարեւոր յայտանգործութիւն կը կատարէ, իր առանձին կտաւներուն՝ «Կանացի դիմանկար», 1945,«Տղու գլխանկար» 1946, «Կոմիտաս» 1946, ան սովորական իւղաներկերու կամ ածխաներկերու փոխարէն օգտագործած է յատուկ մոմաներկեր, որոնց պատրաստման համար 19 Փետրուար 1948-ին ՍՍՌՄ նախարարներու խորհուրդին առընթեր Գիւտարարութիւններու եւ յայտանգործութիւններու կոմիտէի որոշմամբ անոր հեղինակային վկայագիր կը տրուի։ Ք.ա. Ե. դարուն յոյները մշակած էին մոմաներկերու կիրառման՝ «տաք եղանակը», որմով երկար ատեն կը նկարէին նաեւ բիւզանդացի նկարիչները։ Բայց շատ ժամանակ չանցած այդ ոճը իր տեղը կը զիջի իւղաներկին։ Մոմաներկերու պատրաստման դեղագիրը ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար կը մոռցուի։ Ժը.-Ժթ. դարերու հնագիտական պեղումները, նոր լոյս կը սփռեն։ Քոչար կրնայ վերականգնել «սառը եղանակը»՝ որ շարք մը առաւելութիւններ ունէր։ Իւղաներկերու համեմատութեամբ, անոնք չեն ենթարկուիր քիմիական քայքայիչ հակազդումներուն, չեն մգանար ժամանակի ընթացքին, չեն ծածկուիր մանր ճաքերով ու ճեղքուածքներով, չեն վախնար ցուրտէն եւ տաքէն, ընդունակ են դարերով պահպանելու իրենց սկզբնական թարմութիւնը։

1930-1940 թուականներուն Քոչարի ստեղծագործութեան մէջ կ'առանձնանան անոր ածխամատիտի աշխատանքները։

Երուանդ Քոչարի յայտնի արտայայտութիւններէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Աւելի լաւ է շտապել, քան ուշանալ։
  • Մարդը կը ծնի իր անաւարտ դէմքով ու բնաւորութեամբ, բայց անոր ապրելաձեւը կը յղկէ ու կ'աւարտէ պակասը։
  • Սէրը միակ բանն է, որ կ'ապրի, երբ սոված է, կը մեռնի, երբ կը կշտանայ։

Պատկերներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Deutsche Nationalbibliothek Record #12421990X // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. Խաչատրյան Շահեն (Թիվ 4, 1979 թ.)։ «Երուանդ Քոչար»։ Սովետական Հայաստան: Էջեր 28,29 
  3. Արարատ Աղասյան (2013 թ)։ Երուանդ Քոչարի տարածութեան մէջ։ Երեւան, «Ոսկան Երեւանցի»։ էջ 196։ ISBN 978-99930-0-223-9 
  4. Արվեստի դասեր: Երուանդ Քոչար։ Երեւան: «Գիրք» հրատարակչութիւն։ 2010 թ։ էջ 52։ ISBN 978-99930-65-45-6 
  5. Երուանդ Քոչար. սերունդների երկխոսութիւն»
  6. Երկխոսութիւն Քոչարի հետ՝ ազգային պատկերասրահում
  7. Վալտեմար ժարժ (1923)։ «Քոչարը եւ նկարչութիւնը տարածութեան մէջ» 

Յուշեր Երուանդ Քոչարի մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ռուբէն Զարեան, Յուշապատում, գիրք 3, Երեւան, 1981:
  • Վիգէն Իսահակեան, Փարիզ, Քոչար, Անցած օրեր..., Երեւան, 2006:

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից