Jump to content

Արագիլ

Արագիլ

Արագիլ (լատ.՝ Ciconiidae), թռչուններու ընտանիքէն։ Գոյութիւն ունի քսան տեսակ[1], Հայաստանի մէջ՝ երկու տեսակ՝ սեւ եւ սպիտակ։ Կտուցը երկար է, ծայրը՝ ուղիղ, սուր կամ թեթեւակի կեռ, թեւերը՝ լայն, ոտքերը՝ երկար, վառ կարմիր։ Տարածուած են արեւադարձային, մասամբ՝ բարեխառն գօտիներուն մէջ։

Արագիլներուն գաղթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ ձմեռը կը մօտենայ, արագիլներուն ուտելիքը կը նուազի: Անոնց համար ժամանակն է երթալու դէպի արեւոտ Ափրիկէ, ուր ուտելիքը աւելի առատ է: Արագիլները, որոնք ընդհանրապէս զոյգերով կ'ապրին, կը խմբուին: Նոյնիսկ փոքրիկ արագիլները ճամբորդութեան մաս կը կազմեն:

Արագիլները թռիչք կ'առնեն: Կը սկսի աւելի քան երեսուն օր տեւող ճամբորդութիւն մը: Ճամբան շատ դիւրին է. ուղիղ դէպի առջեւ: Օրուան ընթացքին արագիլները կը սաւառնին առանց ճիգի: Գետնէն բարձրացող տաք օդի հոսանքները զանոնք կը քշեն ու կը տանին: Գիշերը բոլորը գետին կ՛իջնեն ուտելու եւ հանգստանալու համար[2]:

Հազարաւոր քիլոմեթրեր ճամբորդութենէ մը ետք, արագիլները վերջապէս կը հասնին Ափրիկէ: Հոն, ցուրտ ձմեռէն հեռու, անոնք դիւրութեամբ ուտելիք կը գտնեն` միջատները, ձուկ կամ պզտիկ անասուններ: Անոնք իրենց ուժը կը վերագտնեն:

Գարնան չափահաս արագիլները կը պատրաստուին հիւսիս վերադառնալ: Հոն է, որ անոնք պիտի ածեն իրենց հաւկիթները: Այն փոքրիկ արագիլները, որոնք տակաւին ածելու տարիքի չեն հասած, քանի մը տարի Ափրիկէ պիտի մնան իրենց կարգին հիւսիսի ճամբան բռնելէ առաջ:

  • Մարմինը ուղղահայեաց է։
  • Մարմինին երկարութիւնը 100-115 սմ է, թեւերուն բացուածքը՝ 155-165 սմ, կշիռքը՝ 4 քկ։
  • Արագիլը բոյնը կը հիւսէ ճիւղերէ, խոտաբոյսերէ ու լաթերէ՝ գիւղական տուներու տանիքներուն, ծառերուն, աշտարակներուն եւ ժայռերուն վրայ, նոյնիսկ, ելեկտրասիւներու ծայրերուն։
  • 3-7 ձուերէն կ'ունենայ 3-5 ձագ։
  • Սպիտակ արագիլներուն զոյգերը իրարու հաւատարիմ կը մնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը։
  • Ձուէն նոր դուրս եկած ձագերը ունակ կ'ըլլան ձայներ արձակելու, որոնք աստիճանաբար կը զարգանան։
  • Մեծ արագիլները իրարու հետ կը հաղորդակցին կափկափիւններով, կարծես կ'աւետեն նաեւ գարնան գալուստն ու իրենց բազմացման ժամանակը։
  • Բոյնը պաշտպանելու համար արագիլները պատրաստ են անզիջում կռիւի բռնուելու։
  • Սեւ արագիլներու աւելի հազուադէպ կարելի է հանդիպիլ, անոնք իրենց բոյնը կը շինեն Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ։ Հայաստանի մէջ անոնց կարելի է հանդիպիլ Սեւանայ լիճին աւազանին, հիւսիսային եւ հարաւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ։
  • Չափազանց զգոյշ թռչուն մըն է եւ կը նախընտրէ ապրիլ խուլ անտառներու մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Storks (Ciconiidae)»։ www.hbw.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2 Փետրուար, 2019 
  2. Արագիլը
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։