Jump to content

Անգարա

Բնակավայր
Անգարա
թրք.՝ Ankara
Երկիր  Թուրքիա
mayor of Ankara? Mansur Yavaş?[1]
Տարածութիւն 25 632 քմ²
ԲԾՄ 938±1 մեթր
Կլիմայ cold semi-arid climate?[2] եւ Mediterranean-influenced warm-summer humid continental climate?[2]
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 5 803 482 մարդ (2023)[3]
Կը գտնուի ափին Çubuk? եւ Hatip?
Ժամային գօտի UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 312
Փոստային ցուցանիշ 06000–06999
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 06
Պարգեւներ The Europe Prize?
Պաշտօնական կայքէջ ankara.bel.tr(թուրք.)
Հին քաղաքին համար, տես՝ Գաղատիա

Անգարա (թրք.՝ Ankara), Թուրքիոյ մայրաքաղաքն է։ Բնակչութիւնը՝ 5 803 482 մարդ (2023)[3]։ Կը գտնուի Անատոլական սարահարթի կեդրոնական մասի մէջ, Չուպուք եւ Անգարա գետերու (Սաքարիոյ աւազան) միախառնման հանգուցակէտին վրայ։

Տարի Բնակչութիւն
2015 5 270 575 մարդ [4]
2018 5 503 985 մարդ
2021 5 747 325 մարդ
2023 5 803 482 մարդ [3]

Քելթական պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մեռնող Կալաթացին յայտնի արձան է, որ Ք.Ա. 230-220 թուականներուն կառուցուեր է Փերկամոնի թագաւոր Աթթալոս I-ի հրամանով՝ ի նշան վերջինիս յաղթանակի Փոքր Ասիայի Քելթական Կալաթացիներու դեմ: Հելլենիսթական այս գործի մարմարեայ օրինակը կը պահպանուի Քափիթոլիական թանգարաններուն մէջ, Հռոմ:

Ք.Ա. 278 թուականին Քելթական խումբ մը կը զբաղեցնէ քաղաքը եւ Կեդրոնական Փոքր Ասիան: Այս ցեղերը Անգարան կը դարձնեն իրենց կեդրոնը[5]: Այլ կեդրոններ կը համարուէին (Pessinus) Փեսսինուսը, որը մերօրեայ (Ballıhisar) Պալըհիսարն է եւ Թավիումը, որ կը գտնուէր Անգարայի արեւելեան հատուածին մէջ: Նոյն ժամանակ ալ քաղաքը կը կոչուէր Անգիրա: Քելթական տարրը հիմնականին այնքան ալ մեծ չէ եղեր՝ ընդամէնը ռազմիկներու արիսթոքրաթիա, որ կ'իշխէր փռիուկերէն խօսող գիւղացիներու վրայ: Այնուամենայնիւ Քելթական լեզուն շարունակեր է օգտագործուիլ Կալաթիոյ մէջ երկար տարիներ: 4-րդ դարու վերջին Տալմաթիայէն Հիերոնիմոսը բացայայտեց, որ Անգարայի շրջակայքին օգտագործուող լեզուն շատ նման է Հռոմեական կայսրութեան հիւսիս-արեւմուտքին՝ Թրիերի մօտակայքին օգտագործուող լեզուին:

Թրքական իշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը (կեդրոն) եւ վարչապետ Իսմեթ Ինիոնիուն (ձախէն) 1930 թուականին Թուրքիայի Հանրապետութեան ստեղծման 7-ամեակի ժամանակ Ազգային մեծ ժողովի շէնքէն դուրս եկած պահուն:
Զիրաաթ դրամատան գլխաւոր տնօրէնութեան շէնքի պատկեր: Այն նախագծուեր է Սթամպուլ ծնուած իտալական լեվանտացի ճարտարապետ Կուիլիօ Մոնկերի կողմէ եւ կառուցուեր է 1926-1919 թուականներուն:

1071 թուականի Մանազկերտի ճակատամարտէն յետոյ սելճուկ թուրքերը կը սկսին իշխել գրեթէ ամբողջ Փոքր Ասիա: Մինչեւ 1073 թուականը թուրք վերաբնակչները կը հասնին Անգարայի մօտակայք եւ կարճ ժամանակ ետք կը գրաւեն այն: 1101 թուականին, երբ Թուլուզի կոմս Ռայմոնտ IV-ի գլխաւորութեամբ խաչակիրները կը հասնին այս տարածքներ, քաղաքը կը գտնուէր Տանիշմանտիներու իշխանութեան տակ: Խաչակիրները կը գրաւեն քաղաքը եւ այն կը յանձնեն բիւզանդացի կայսր Ալեքսիոս I Քոմնենոսին (1081–1118):Բիւզանդական իշխանութիւնը, սակայն, երկար չտեւեց, եւ քաղաքը գրաուեցաւ սելճուկեան Ռումի սուլթանութեան կողմԷ. 1127 թուականին այն վերադարձաւ Տանիշմանտիներուն մինչեւ 1173 թուականը, երբ Ռումի սելճուկեան սուլթանութիւնը վերագրաւեց այն:

1243 թուականի Քիոսէ տաղի ճակատամարտէն յետոյ, որու ժամանակ մոնղոլները պարտութեան մատնեցին սելճուկներուն, Փոքր Ասիայի մեծ մասը յայտնուեցաւ մոնղոլական իշխանութեան տակ: Սելճուկներու նահանջէն օգտուելով՝ ահիները, որոնք արհեստաւորներու եւ առեւտրականներու կիսակրօնական խաւ կը ներկայացնէին, 1290 թուականին Անգարան կը հռչակեն անկախ քաղաք-պետութիւն: Օսմանեան կայսրութեան երկրորդ Պէյ Օրհան I-ը 1356 թուականին գրաւեր է քաղաքը: 1402 թուականին Անգարայի ճակատամարտի ժամանակ Լենկ Թեմուրը պարտութեան մատներ է Պայազետ I-ին եւ գրաւեր քաղաքը, սակայն 1403 թուականին Անգարան կրկին կը յայտնուի օսմանեան վերահսկողութեան տակ:

1639-1768 թուականներուն Լեւանտի ընկերութիւնը քաղաքին մէջ արտադրամաս կը հիմնէ[6]: 19-րդ դարուն անոր բնակչութիւնը 20.000-60.000 է եղել[7]: 1832 թուականին քաղաքը աւերուեր է եգիպտացի փաշա Իպրահիմի կողմէ [6]: Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընդառաջ քաղաքին մէջ կար բրիտանացի հիւպատոս, իսկ բնակչութիւնը շուրջ 28.000 էր, որու ⅓ մասը քրիստոնեայ էր⅓:

Թուրքիայի Հանրապետութեան մայրաքաղաք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անըթքաբիրը, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի դամբարանը Անգարայի մէջ, ամէն տարի ազգային տօներու օրերուն բազմութիւն կ'ըլլայ
Թուրքիայի Հանրապետութեան վաղ տարիներուն Քըզըլայ հրապարակը՝ կեդրոնի մէջ Ջրահարսեր շատրուանը, 1930 թուական[8][9]:

Առաջին համաշխարհային պատերազմին Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնէն յետոյ Օսմանեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը եւ Փոքր Ասիայի շատ այլ հատուածներ կը յայտնուին Անթանթի պետութիւններու վերահսկողութեան տակ, որոնք կը ծրագրէին այդ տարածքները բաժնել Հայաստանի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Իտալիայի եւ Մեծ Բրիտանիայի միջեւ՝ թուրքերուն թողնելով միայն փոքրիկ տարածք մը Կեդրոնական Փոքր Ասիոյ մէջ: Ատոր ի պատասխան՝ թուրք ազգայնամոլական շարժման ղեկավար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը 1920 թուականին Անգարայի մէջ կը սկսի քեմալական շարժումը: Ազգայնամոլական պատերազմին յաղթանակ տանելէն յետոյ Սեւրի պայմանագիրը կը փոխարինուի Լոզանի պայմանագրով, որուն հետեւանքով՝ թուրք ազգայնամոլները 1923 թուականի Հոկտեմբերի 29-ին կը հիմնեն Թուրքիայի Հանրապետութիւնը: Քանի մը օր առաջ՝ 1923 թուականի Հոկտեմբերի 13-ին, Անգարան պաշտօնապէս կը դառնայ մայրաքաղաք՝ փոխարինելով Կ.Պոլիսը:

Այն բանէն յետոյ, երբ Անգարան դարձաւ Թուրքիայի նորահռչակ հանրապետութեան մայրաքաղաքը, քաղաքը բաժնուեցաւ հին հատուածի, որ կը կոչուի Ուլուս բառացի՝ ազգ), եւ նոր հատուածի, որ կը կոչուի Եենիշեհիր (բառացի՝ նոր քաղաք): Անթիք շրջանի բիւզանդական, հռոմեական եւ օսմանեան պատմութիւնը արտացոլող շինութիւնները ու նեղ փողոցները կը ներկայացնեն քաղաքի հին հատուածը: Նոր հատուածը, որու կեդրոնն է Քըզըլայ հրապարակը, աչքի կ'իյնայ ժամանակակից շինութիւններով՝ լայն լուսաւոր փողոցներ, հիւրանոցներ, թատրոններ, տօնավաճառներ եւ բարձրայարկ շէնքեր: Կառավարական շէնքերն ու օտարերկրեայ դեսպանատուները եւս տեղակայուած են նոր հատուածի մէջ: 1923 թուականին Թուրքիայի մայրաքաղաքը դառնալէն յետոյ այն մեծապէս աճեր եւ զարգացեր է: Ժամանակին այն կը համարուէր «աննշան փոքր քաղաք»[10]: 1924 թուականին Անգարայի մէջ կը բնակէր 35.000 հոգի: 1927 թուականին արդէն բնակիչներու թիւը կը հասնէր 44.553, իսկ մինչեւ 1950 թուականը կտրուկ աճ կ'արձանագրուի՝ հասնելով 286.781: 20-րդ դարու ընթացքին Անգարան կը շարունակէ արագօրէն աճիլ եւ ի վերջոյ կ'անցնի նաեւ Թոււրքիայի երկրորդ խոշոր քաղաքին՝ Իզմիր, զիջելով միայն Սթամպուլին:


Քաղաքի համայնապատկերը Անգարայի ամրոցէն
Քաղաքի համայնապատկերը Անգարայի ամրոցէն


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հ. Ղ. Գրգեարեան, Ն. Մ. Հարութիւնեան (1987), «Աշխարհագրական Անունների Բառարան», Երեւան։ «Լոյս», էջ 31։