Գաղատիա
։Նոր քաղաքին համար, տես՝ Անքարա
Գաղատիա (Անգարա), Անկիւրիա կամ Էնկիւրի, հին երեւելի ու պատմական քաղաք, ներկայիս (1938) մայրաքաղաք Թուրքիոյ, ինչպէս ժամանակին մայրաքաղաք եղած է Գաղատիա գաւառին, Փոքր Ասիոյ մէջ:
Գաղատիա նշանաւոր եղած է իբրեւ քրիստոնեայ քաղաք. Ս. Պօղոս գնաց քարոզելու Աւետարանը անթիւ կուռքերով լի քաղաքին մէջ եւ քրիստոնէական ճշմարիտ կրօնքը հոն ունեցաւ իր աղանդաւորները: Չորրորդ դարու առաջին կիսուն, Ս. Յուլիս քահանայապետը Գաղատիոյ եկեղեցին առաքելական եկեղեցիներու կարգին դասեց: Հոս գումարուած են շատ ժողովներ եւ ոմանց կանոնները եւս հասած են մեզի:
Անգարա հեռուէն հիանալի եւ նկարչական դիրք ունի, ամփիթատրոնի ձեւով տարածուած է, 120 մեթր դաշտէն եւ 920 մեթր ծովու մակերեւոյթէն բարձր բլուրի մը՝ արեւելեան, հարաւային եւ արեւմտեան կողմերը, որուն գագաթին վրայ հանգչած է մեծատարած եռապարիսպ բերդը: Գաղատիոյ հնութեանց մէջ առաջինը կը համարուի հռչակաւոր Օգոստոսի տաճարը, որ ոչ միայն մասամբ կանգուն մնացած որմերու սրբատաշ եւ հաւասարաչափ սարմարիոն քարերով, ճարտարապետական ձեւովը եւ զարդերով, այլեւ ընդարձակ արձանագրութիւններովը յոյժ հետաքրքրական եւ թանկագին մնացորդ մըն է հնութեանց, յաչս հնախօսներու եւ պատմաբաններու: Թուրքերը այս տաճարին Հաճի Պէյրամ անունը կու տան մերձակայ համանուն մզկիթի անուամբ, որուն մէջ է Հաճի Պէյրամի շիրիմը եւ դագաղը: Հին արձաններ, խոյակեր, սիւներ եւ ուրիշ հնութեանց մնացորդներ կը գտնուին քաղաքին զանազան կողմերը:
ԺԹ. դարուն սկիզբը Գաղատիոյ բնակչութիւնը 40000-50000 էր. իսկ 1900-ին 30-35 հազար: Մեծամասնութիւն կը կազմէին թուրքերը, որոնք ընդհանրապէս պետական գործերով կը զբաղէին:
Բազմութեան կողմէն երկրորդ կու գային հայ կաթողիկէները, որոնց թիւը 10000-ի կը հասնէր, եւ 1850 թուականէն ի վեր ունեցած էին իրենց եպիսկոպոս առաջնորդներ, որոնց մէջ նշանաւոր եղած է Գեր. Անտոն եպ. Շիշմանեան (1850-1862), որուն դամբանը կը գտնուէր մայր եկեղեցւոյ աւագ խորանին կռնակը. այդ եպիսկոպոսին օրով բացուած է վանք մը, որուն մասին Գէորգ Փէրոյ Գաղիացի ուղեւորը գովեստով կը խօսի:
Հին ատեն բոլոր հայերը թրքերէն կը խօսէին. այս վանքի աշակերտները կ'ըլլան ամբողջ քաղաքի հայ հասարակութեան մէջ հայերէն լեզուն մշակողն ու խօսողը: Կաթողիկէ հայերը չորս եկեղեցի ունէին. Ս. Աստուածածին՝ որ մայր եկեղեցին էր, որուն մօտ կը գտնուէին տարրական դպրոցներ: Աւելի կանուխ կար նաեւ գաղիացի Եգինէոս Պօրէէն հաստատուած լեզուաց դպրոց մը:
1883-1884 տարիներուն Յակոբ Գըրմըզեան քահանայի ջանքով բացուեցաւ Որդին Յիսուսի կամ Քառասնից կոչուած վարժարան մը, որ յետոյ պարագաներու բերմամբ ժամանակ մը փակ մնաց:
Լուսաւորչական հայոց սեփականութիւնն էր Գաղատիոյ հիւսիսակողմը գտնուող Ս. Աստուածածին վանքը, քաղաքէն կէս ժամ հեռու. հոս կը նստէր քաղաքին առաջնորդը, երկու կամ երեք վարդապետներով:
Գաղատիա ընդհ. պատերազմէն ետք Աթաթիւրք Քէմալ փաշայի, նոր Թուրքիոյ մայրաքաղաքն եղաւ:
1926-ի մարդահամարի մը համաձայն, 122,700 բնակիչ ունէր, որոնց 239 հայ մեծ մասամբ կաթողիկէ, 6 հոգի միայն «կրիկօրիէն» (առաքելական) արձանագրուած:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 451: