Ալ Քայիտա
«Ալ Քայիտա» (արաբերէն՝ القاعدة, Կաղապար:Transl, IPA: /ælˈqɑːʕɪdɐ/, «Հիմք», «Հենակէտ», «ֆունդամենտ», «սկզբունք»), ամենածայրահեղական-արմատական ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն մէկը[1], կը պատկանի իսլամի ուահապական ուղղութեան:
Ստեղծուած է 1988-ին[2][3]: Խորհրդային զօրքերու Աֆղանիստան ներխուժումէն ետք «Ալ Քայիտան» երկար պայքար սկսաւ ԱՄՆ-ի դէմ՝ երկրին, զորս այդ ժամանակ կը կոչէին «Արեւմտեան աշխարհ», եւ իսլամական երկրներու մէջ գտնուող անոր դաշնակիցներուն դէմ: Կազմակերպութեան նպատակը կը հանդիսանայ իսլամական երկիրներու մէջ աշխարհիկ վարչակարգի տապալումը եւ «Իսլամական մեծ խալիֆայութեան» ստեղծումը:
1998-ին Քենիայի եւ Թանզանիայի մայրաքաղաքներուն մէջ ԱՄՆ դեսպանատան պայթիւններէն ետք «Ալ Քայիտան» սկսաւ նկատուիլ աշխարհի թիւ 1 ահաբեկչական կազմակերպութիւն: «Ալ Քայիտայի» կողմէ իրականացուած են շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ, ինչպէս՝ ԱՄՆ-ի 11 Սեպտեմբերի Ահաբեկչական Յարձակումները: Դէպքերու շղթան կը սկսի 11 Սեպտեմբեր 2001-էն եւ կապուած է «Ալ Քայիտայի» գործունէութեան եւ ատոր ճնշման հետ։ Ասիկա աւելի յայտնի է Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ անունով: Կը համագործակցէր Լաշքարէ Թայպայի[3], Կովկասեան Ամիրայութեան եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւնների հետ[4]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւմտեան հետազօտողները «Ալ Քայիտայի» պատմութիւնը կը բաժանեն հինգ շրջանի՝ ծագումը (1980-ականներու վերջաւորութիւն), «Վայրի» շրջան (1990-1996), ծաղկում (1996-2001), ցանցի տեսքով գոյութեան ժամանակաշրջան (2001-2005) եւ մասնատում (2005-էն ետք):
Պատերազմ Աֆղանիստանի Մէջ (1979-1989)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ալ Քայիտայի» ծագումը կը կապուի Աֆղանական պատերազմին հետ, իսկ աւելի՝ ԱՄՆ-ի արձագանգին հետ, երբ խորհրդային զօրքերը մտան Կեդրոնական Ասիոյ այս պետութիւնը: ԱՄՆ-ն խորհրդային զօրամասերու կուտակումը Փաքիստանի սահմանին կը նկատէր խորհրդային նախայարձակումը աղաղակող դէպք: Պատասխանը եղաւ "Ցիքլոն" գործողութիւնը, որուն ընթացքին Փաքիստանի Միջազգային հետախուզութեան օգնութեամբ ԱՄՆ-ն Աֆղանական զինեալներուն ֆինանսական օգնութիւն կը փոխանցէր[5][6]:
Աֆղանիստանի մէջ ընդդէմ խորհրդային զօրքերու կը յայտարարուի ժիհատ: Պատերազմին կը միանան մեծ թիւով արաբ վարձկաններ: Օգնութիւն կ'ուղարկուի իսլամական միջազգային կազմակերպութիւններէն: Ատոնց մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Մաքթապ-ալ-Քիտմաթը[7], որը հիմնադրուած է 1984-ին Փեշաւար քաղաքին մէջ (Փաքիստան)՝ Ուսամա պըն Լատընի եւ Ապտուլլա Ազզամի կողմէ:
«Մաքթապ-ալ-Քիտմաթը» Փեշեուարի մէջ ստեղծած է հիւրատներ եւ զինեալներու պատրաստման ճամբարներ: Ուսամա պըն Լատըն այս կազմակերպութեան կ'օգնէր իր անձնական միջոցներով: 1987-ին Ազզամ եւ պըն Լատըն սկսան ճամբարներ ստեղծել Աֆղանիստանի մէջ: Միաժամանակ «Մաքթապ-ալ-Քիտմաթը» եւ արաբ վարձկանները պատերազմի ընթացքին ոչ մէկ դեր լրջօրէն խաղացին: Պէտք է ասել, որ ընդդէմ խորհրդային զօրքերու դուրս եկաւ 250 հազար աֆղան, իսկ արաբ վարձկանները մարտի դաշտին վրայ միաժամանակ երբեք 2000 զինեալէն աւելի չէ եղած: Այնուհանդերձ Ազզամի եւ պըն Լատընի կազմակերպութենէն 1982-1992 թուականներուն աշխարհի 42 երկիրներէ պատերազմին մասնակցած է 35 հազար զինուոր: Սովետական զօրքերը 1989-ին դուրս եկան Աֆղանիստանէն, որմէ ետք 3 տարի եւս պաշտօնավարեց Նատճիպուլլիի կառավարութիւնը, որմէ հետո զինեալները գրաւեցին Քապուլը:
Ազզամի սպանութենէն ետք՝ 1989-ին «Մաքթապ-ալ-Քիտմաթը» տապալեցաւ եւ անոր մեծ մասը միացաւ «Ալ Քայիտային»:
«Ալ-Քայիտայի» Ծագումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինչպէս կը գրէ Լորենս Ռայթը, «Ալ-Քայիտան» ստեղծուած է 11 Օգոստոս 1988-ին, երբ տեղի ունեցաւ Եգիպտական իսլամական ժիհատի քանի մը բարձրաստիճան ղեկավարներու հանդիպումը: Անոնք էին՝ Ապտուլլա Ազզամը եւ Ուսամա պըն Լատընը. այս ժամանակ որոշուեցաւ միաւորել պըն Լատընի գումարները Եգիպտական իսլամական ժիհատի փորձի հետ եւ խորհրդային զօրքերու Աֆղանիստանէն հեռանալէ ետք ժիհատ յայտարարել ամբողջ աշխարհին: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Փեշեուարի մէջ (Փաքիստան)[8]: Նաեւ «Ալ-Քայիտայի» ստեղծման մասնակցած է Լաշքարէ Թայպայի ղեկավարը:
ԿՀՎ-ն քննադատութեան ենթարկած է Աֆղանիստանի մէջ իսլամ զինեալներու ֆինանսաւորումը, ըստ անոնց այդ գումարներու շնորհիւ ստեղծուած է «Ալ-Քայիտան»:[9] Գրող եւ լրագրող, իսլամական ահաբեկչութեան փորձագետ[10] Ճէյսըն Պըրկ այս քննադատութեան ի պատասխան գրած է որ ֆինանսաւորումը ուղարկուած է Կուլպետտին Հեկմատեարին, իսկ Ալ-Քայիտայի հետագայ ղեկավարը եւ ստեղծողն է Ուսամա պըն Լատընը, իսկ այդ ժամանակ այն ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէր, անոր խմբաւորումը հազիւ կը գերազանցէր քանի մը տասնեակը եւ մեծապէս կախեալ էր այլ իսլամական կազմակերպութիւններէ, օրինակ՝ Եգիպտական իսլամական ժիհատը: Իր «Аль-Каида՝ Ծայրահեղ իսլամութեան ճշգրիտ պատմութիւնը» գիրքին մէջ Պըրկը կ'ապացուցէ, որ՝
Պատերազմը Պարսից Ծոցի Մէջ Եւ «Ալ-Քայիտա» Ընդդէմ ԱՄՆ-ի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սովետական բանակի Աֆղանիստանէն հեռանալէ ետք Ուսամա պըն Լատըն կը վերադառանայ Սէուտական Արաբիա (1989), իսկ 1990-ի Օգոստոսին միացեալ Իրաքի զորքերը կը գրաւեն Քուէյթը, սէուտական քարիւղային դաշտի համար ստեղծելով լուրջ վտանգ: Ուսամա պըն Լատըն թագաւոր Ֆահատին կ'առաջարկէ իր օգնութիւնը՝ Աֆղանիստանէն ուղարկելով մուժահետներու իրաքեան բանակի հաւանական յարձակումը կանխելու համար: Բայց միապետը անոր առաջարկէն կը հրաժարի, ատոր փոխարէն օգտուելով ԱՄՆ-ի օգնութենէն: Ամերիկեան եւ անոր դաշնակից զորքերը կը տեղակայուին Պարսից ծոցի մէջ: Սակայն պըն Լատըն յամառօրէն կը պնդէ, որ օտարերկրեայ զորքերը կը պղծեն «երկու մզկիթներու տարածքը» (Մեքքա եւ Մատինա): Անոր հրապարակային ելոյթներէ ետք իշխանութիւնները պըն Լատընին կը վտարեն Սէուտական Արաբիայէն (1991), եւ ան իր համակիրներուն հետ կը տեղափոխուի Սուտան:
Սուտանի Մէջ (1992-1996)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պըն Լատըն եւ իր համակիրները Սուտան կը ժամանեն իսլամացման գաղափարակից Հասան Թուրապիի հրաւէրով: Սուտանի մէջ յեղաշրջման հետեւանքով Օմար ալ-Պաշիրի գլխաւորութեամբ ծայրահեղ իսլամները հասած էին իշխանութեան: Համագործակցելով Սուտանի կառավարութեան հետ եւ առեւտուրով պըն Լատըն կրցաւ զինեալներու պատրաստութեան ճամբար ստեղծել:
1992-ին Սէուտական Արաբիան կողմ կ'արտայայտուի Օսլոյի համաձայնագրին, որ կը ներկայացնէր խաղաղութեան համաձայանգիր Իսրայէլ եւ պաղեցստինցիներուն միջեւ: Իսկ 1994-ին պըն Լատըն կը զրկուի սէուտական հպատակութենէ: Անոր անմիջապէս հետեւեցաւ անոր հարազատներուն տարեկան նպաստէն զրկումը (7 միլիոն տոլար տարեկան) եւ հաշիւներու սառեցումը: Հարազատները հրապարակայնօրէն հրաժարեցան Ուսամա պըն Լատընէն:
Այս ընթացքին նաեւ կը սնանկանայ «Եգիպտական իսլամական ժիհատը»: 1993-ին Եգիպտոսի վարչապետ Աթեֆա Սետքիի վրայ կատարուած անյաջող մահափորձը կը հանգեցնէ դպրոցականի մահուան, որմէ ետք եգիպտական հասարակութիւնը դէմ կ'ելլր իսլամականներու: Եգիպտական ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ ազ-Զաուահիրի խմբաւորման 280 անդամ եւ անոնցմէ վեցը կը դատապարտէ մահապատիժի: 1995-ի Յունիսին նախագահ ՄուՊարաքի վրայ կատարուած աւելի անյաջող մահափորձը կը մղէ, որ «Եգիպտական իսլամական ժիհատը» վտարուի Եգիպտոսէն: 1996-ի Մայիսին Սուտանի իշխանութիւնները կ'որոշեն վտարել Ուսամա պըն Լատընը իրենց երկրէն: Այս բոլորէն ետք ան կ'ուղուի Աֆղանիստան:
1996-2001
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1996-էն 2001 թուականներուն «Ալ-Քայիտայի» ղեկավարութիւնը գլխաւոր կեդրոն տեղակայեց Աֆղանիստանի մէջ: «Կազմակերպութեան գործունէութեան հետ կապուած է նաեւ թմրանիւթերու վաճառքը, որ կ'արտադրուի Աֆղանիստանի մէջ», կը նշուի Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլերի թղթածրարի «Պըն Լատընի մեղաւորութեան ապացոյց»-ին մէջ:
Այս ընթացքին աշխուժօրէն կ'աշխատէին զինեալներու պատրաստման ճամրարները, որոնցմէ մեծագոյնը եղած է Ալ-Ֆարուքը:
2001-էն Ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաս խմբաւորման կողմը Կազայի գօտիի գրաւումէն ետք 2006-ին «Ալ-Քայիտան» խրամաբջիջներ ստեղծած է այս տարածքներուն մէջ: Այս երկու խմբաւորումներու միջեւ միաձայնութիւնը մղեց լայնածաւալ բախումներու: 15 Օգոստոս 2009-ին Ռաֆախ քաղաքի մէջ բախումներու պատճառով մահացաւ գոնէ 24 մարդ եւ վիրաւորուեցաւ աւելի քան 120 մարդ:
Լիպիական իշխանութիւններու հաստատումով «Ալ-Քայիտա» մասնակից եղած է Լիբիոյ քաղաքացիական պատերազմին:
2011-ի Յունիսին «Ալ-Քայիտան» դիմեց ամբողջ աշխարհի իսլամներուն, որպէսզի միանան «ծայրահեղական ժիհատին»:
Ըստ ԱԴԾ-ի տնօրէն Ալեքսանտր Պորտնիկովի (2012-ի Հոկտեմբեր)՝ «Ալ-Քայիտայի գաղափարական քարոզները թոյլ կու տան անոնց նոր համակիրներ ձեռք բերելու, իսկ ժամանակակից տեղեկատուական միջոցները այս գործընթացը կը դարձեն աւելի լայնածաւալ»:
Հետաքրքական եզրակացութիւն, որուն հանգած է գիտնական Մարք Սէյճմանը, «Ալ-Քայիտայի» ահաբեկիչներու ընկերային եւ հոգեբանական վիճակը կը համապատասխանէ մոլեռանդ մարդոտ միջին վիճակագրական օրինակին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Российская Федерация — Антитеррористический Центр СНГ»։ www.cisatc.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-23-ին։ արտագրուած է՝ 2017-10-24
- ↑ Хохлов, 2005
- ↑ 3,0 3,1 Как «Аль-Каида» распространилась по миру // BBC, 07.08.2013
- ↑ «"Исламское государство" приняло присягу боевиков Северного Кавказа»։ Кавказский Узел։ արտագրուած է՝ 2017-10-24
- ↑ «How the CIA created Osama bin Laden»։ 2001-09-19։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-03-ին։ արտագրուած է՝ 2007-01-09 Կաղապար:En icon
- ↑ «1986-1992: CIA and British Recruit and Train Militants Worldwide to Help Fight Afghan War»։ Cooperative Research History Commons։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2007-01-09
- ↑ «Maktab al-Khidamat»։ GlobalSecurity.org։ 2006-01-11։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-02-14-ին։ արտագրուած է՝ 2007-02-11 Կաղապար:En icon
- ↑ Wright Lawrence (2006)։ The Looming Tower: Al-Qaeda and the Road to 9/11։ New York: Knopf։ ISBN 037541486XԿաղապար:En icon
- ↑ «Frankenstein the CIA created»։ Guardian։ January 17, 1999։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-01-18-ին։ արտագրուած է՝ 2017-10-28
- ↑ Politics, media and war: 9/11 and its aftermaths Archived 2016-04-10 at the Wayback Machine. The Open University
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- The Uses of al-Qaida // London Review of Books. 13 September 2012. - P. 26-27.[1]
|
- ↑ Burke, 2004, էջ 5