Ուիքիփետիա
Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու հանրագիտարանային նախագիծ է, որուն կը հովանաւորէ ոչ հասութաբեր ամերիկեան հիմնադրամը՝ Ուիքիմետիա Հիմնադրամը: Անունը կազմուած է Ուիքի (համագործակցական կայքեր ստեղծելու արուեստագիտութիւն, հաուայեան ուիքի բառէն, որ կը նշանակէ «արագ») եւ յունարէն Encyclopedia բառերէն։ Ուիքիփետիայի աւելի քան 30 միլիոն յօդուածները (ինչպէս՝ շուրջ 251 716 հայերէն Ուիքիփետիային մէջ) ստեղծուած են կամաւորներու կողմէն, եւ համարեա բոլոր յօդուածները կրնան խմբագրուիլ համացանցէն օգտուող ցանկացած անձի կողմէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը սկսած են Ճիմմի Ուէյլզը եւ Լէրի Սէնկըրը 2001-ի Յունուարին, եւ ներկայիս այն Համացանցի ամենաօգտագործուող հանրագիտարանային կայքն է[1]:
Սեպտեմբեր 2007-ին այն ունէր 285 անկախ լրիւ առանձին լեզուական տարբերակներ, որոնց իրականացման հովանաւորը Ուիքիմետիա Հիմնադրամ հասարակական հիմնադրամն է։ Աւանդական հանրագիտարանային յօդուածներու հետ մէկտեղ կան նաեւ ալմանախ, թերթեր եւ ներկայ իրադարձութիւններ թեմաներ։ Ուիքիփետիան ներկայիս Համացանցին ամենայաճախ այցելուող տեղեկատուական կայքերէն մէկն է։ Օրական ամբողջ աշխարհէն գրեթէ 80 միլիոն մուտք կ՛ըլլայ այս կայքը։
Ուիքիփետիան կը պարունակէ մօտաւորապէս 30 միլիոն յօդուած, որոնցմէ աւելի քան 4.300.000-ը կը պատկանին անգլերէն տարբերակին։ Հանրագիտարանը սկսաւ գործել որպէս փորձագէտներու կողմէն գրուող Նուփետիա հանրագիտարանի շարունակութիւնը 15 Յունուար 2001-էն։ Հանրագիտարանը կ՛աշխատի ուիքի համակարգչային ծրագրով եւ ունի բազմաթիւ քոյր նախագիծեր, ինչպիսին են օրինակ Ուիքիդարանը եւ Ուիքիգիրքերը:
Ուիքիփետիան կը գնահատուի անվճար ըլլալու, ազատութեան եւ մատչելիութեան, թեմաներու հսկայական բազմազանութեան եւ յիրաւի մանրամասն տեղեկութիւններու համար։ Ուիքիփետիան կը քննադատեն աւանդական հանրագիտարանի համեմատ արժանահաւատութեան պակասի համար, , եւ աւանդական հանրագիտարանային թեմաներու վերաբերեալ յօդուածներու թերութիւններուն համար։ Այս կայքը նաեւ հսկայածաւալ փորձարարական դաշտ է en:discourse այսպէս կոչուած ընկերային գիտութիւններու բնագաւառէն ներս ազատ քննարկումներու համար։
Ազատ ու մատչելի հանրութեան գաղափարը, մէկ հանրութեան, որ միաւորուած է արուեստագիտութեամբ, ուր հետզհետէ կը մեծնան հաղորդակցուող տեղեկութիւններու ծաւալները, աշխուժօրէն յօդուածներ կը գրուին եւ կը քննարկուին ու ազատօրէն կը տրամադրուին համաշխարհային հասարակութեան, այս առանձնայատկութիւնները Ուիքիփետիան կը դարձնեն բացառիկ երեւոյթ մը ոչ միայն որպէս հանրագիտարան, այլ նաեւ որպէս տեղեկատուական ռեսուրսներու աննախադէպ աղբիւր մը։ Այդուհանդերձ, շնորհիւ այն հանգամանքի, որ այն բաց է իւրաքանչիւր գրել ցանկացողի համար եւ կրնայ ազատօրէն խմբագրուիլ ընթերցողներուն կողմէն, յօդուածներու արժանահաւատութիւնը ըստ էութեան կախուած է գրողի պատասխանատուութիւնէն եւ բարեխղճութիւնէն, եւ Ուիքիփետիա համայնքը անդադար աչալուրջ պիտի ըլլայ վանդալութեան հնարաւոր դէպքերը կանխարգիլելու եւ ենթակայական տեսակէտներէն խուսափելու համար։
Ուիքիփետիայի արժանահաւատութիւնը յաճախ կասկածի տակ կ՛առնուի, ճիշդ այդ պատճառով, որ յօդուածներու բովանդակութիւնը կրնայ ազատօրէն խմբագրուիլ ցանկացողներու կողմէն, իսկ այդ կրնայ հանգեցնել որոշակի անճշտութեան եւ ոչ բաւարար խորութեամբ հետազօտուած բովանդակութեան։ Վանդալութիւնը մշտական խնդիր է, թէեւ ի պատիւ համայնքի պէտք է ըսել, որ այն սովորաբար կը բացայայտուի ու կը վերացուի քանի մը վայրկեաններու վայրկեաններու ընթացքին։
Ազատ խմբագրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիայի բովանդակութիւնը կը ստեղծեն օգտագործողները։ Իւրաքանչիւր այցելու կրնայ խմբագրել Ուիքիփետիայի յօդուածները, եւ շատեր այդպէս կ՛ընեն, թէեւ կարելի է ըսել, որ բոլոր խմբագրումներու գրեթէ կէսը կ՛ընեն օգտագործողներու ընդամէնը 2.5 %-ը։ Էջերը միշտ կարելի է խմբագրել, այնպէս որ ոչ մէկ յօդուած երբեք «վերջնական» կամ «աւարտած» չըլլար։ Բոլոր խմբագրումներու 18 %-ը կ՛ընեն չգրանցուած, անանուն խմբագիրները։ Այն խմբագիրներու համար, որոնք չեն գրանցուած, օգտագործողի անուան փոխարէն կ՛օգտագործուիէ անոնց IP հասցէն, որ որոշակի թուային ծածակագիր է, եւ մեծ ցանկութեան պարագային վերծանելի է։ Սակայն Ուիքիփետիան այնպէս ծրագրաւորուած է, որ սովորաբար արգելք կը դնէ en:open proxies չգրանցուած խմբագրումներուն վրայ։ Յատկապէս մեծ լեզուական կայքերուն մէջ, ինչպէս օրինակ անգլերէն, գերմաներէն, ճափոներէն, ուր օրը քանի մը հազար նոր յօդուած կը յայտնուի, եւ անհնար է բոլորը հատ-հատ ստուգել, խմբագրել եւ կանխել վանդալութեան փորձերը։ Միեւնոյն ժամանակ, հաւանականութիւնը շատ քիչ է, որ գրանցուած օգտագործողները կարենան այդպիսի փորձեր ընել։
Հեղինակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիայի օգտագործողներու բազմաթիւ շերտեր կան։ Ըստ էութեան, ինչպէս նշուեցաւ, իւրաքանչիւր օգտագործող կրնայ նաեւ խմբագրել յօդուածները տարբեր եղանակներով, ընդ որուն միւս բոլորին հետ հաւասար իրաւունքներով եւ պայմաններով։ Սակայն Ուիքիփետիային մէջ կան նաեւ վարչական պաշտօններ։ Ամենաստորին կարգի վարչականներուն կ՛ընտրեն ճիշդ օգտագործողներու համայնքները եւ անոնց իրաւասութիւն կը տրուի փակել կամ ջնջել ամբողջական էջեր, արգելք դնել որոշակի օգտագործողներու մուտքի վրայ՝ անշուշտ ուղղորդուելով ծրագրի վարած քաղաքականութեամբ կամ օգտագործողներու համայնքի ընդհանուր համաձայնութեամբ։ Աւելի փոքրաթիւ են Ուիքիփետիա ծրագրի ընթացքը ղեկավարող պաշտօնեաները, որոնք կրնան նոր սիսօփներ նշանակել, յետոյ կու գան կառավարիչները, որոնք իրենց հերթին բազմաթիւ մակարդակներու գործող պաշտօնեաններ են, ապա՝ մշակողները, որոնք մասնագիտական ծրագրաւորողներ են եւ կրնան մտնել ծրագրի ծրագրային ապահովման ֆայլեր։ Խմբագրումը կրնայ կատարուիլ նաեւ մեքենայացուած կամ կիսամեքենայացուած փոքրիկ ծրագրերու միջոցով։
Ներքին քաղաքականութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիայի մասնակիցները (Ուիքիփետիացիները) կը պահպանեն եւ կը պարտադրեն միւսներուն քանի մը սկզբունքային մօտեցումներ.
- Անկողմնակալ, կամ չէզոք տեսակէտներու արտայայտում յօդուածներուն մէջ, որովհետեւ այս հանրագիտարանային համայնապատումին մէջ կրնան մասնակցիլ երկրագունդի բոլոր գաղափարախօսութիւններու եւ ազգութիւններու տէր մարդիկ։ Պետք է յուսալ, որ կայքին մէջ տեղադրուած բոլոր յօդուածները կ՛ըլլան հնարաւորինս անկողմնակալ, առարկայական եւ ճշգրիտ։ Ըստ ծրագրի ջատագովներուն այն հանգամանքը, որ յօդուածներու շարադրմանը կրնան մասնակցիլ անսահմանափակ թիւով միմեանց անծանօթ մարդիկ, կապահովի կարծիքներու բազմազանութիւնը եւ բովանդակութեան առաւելագոյն առարկայաութիւնը։ Սակայն չեն բացառուիր կարծիքներու բախումներ եւ թէժ քննարկումներ որ ոչ հազուադէպ երեւոյթ է, յատկապէս անգլերէն Ուիքիփետիայի յօդուածներուն կից քննարկման էջերուն մէջ։ Այսպիսով, կարելի է ըսել, որ չէզոք տեսակէտը Ուիքիփետիայի համար ոչ այնքան քաղաքականութիւն է, որքան գաղափարախօսութիւն։
- Չներկայացնել աղբիւրներով չհիմնաւորուած հետազօտական աշխատանք. որովհետեւ ըստ էութեան անհնար է վերահսկել բոլոր յօդուածներու գիտական արժանահաւատութեան աստիճանը։ Այդ իսկ պատճառով Ուիքիփետիային մէջ տեղադրուած նիւթերու բովանդակութիւնը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ այլ գիտահետազօտական աղբիւրներուն կատարուած յղումներով։ Այսինքն փաստեր, որոնք նոր յայտնաբերուած են եւ չեն հրապարակուիլ որեւէ այլ տպագիր աղբիւրու մէջ (եւ այդ իսկ պատճառով չեն կրնար որակաւորուիլ «ըստ … տուեալներու աղբիւրի» բառերով) ողջունելի չեն։
- Սահմանափակել քննարկումները «քննարկում» էջերուն մէջ եւ որեւէ հարցի քննարկում չառաջարկել անմիջականօրէն յօդուածային էջերուն մէջ։
- Կեդրոնանալ յօդուածի հանրագիտարանային բովանդակութեան վրայ։ Շարք մը մուտքագրումներ խրախուսելի չեն, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ հանրագիտարանային արժէք կը ներկայացնեն կամ իրենց բնոյթով հանրագիտարանային տեղեկութիւններ կը պարունակեն։ Օրինակ. Ուիքիփետիայի յօդուածները չեն կրնար ըլլալ բառարանային սահմանումներ կամ այնպիսի ամբողջական նիւթեր, ինչպէս օրէնքներու բնագիրները կամ ճառերը, անոնք պարզապէս անթոյլատրելի են։ Սակայն կան Ուիքիփետիայի քոյր նախագիծեր, ինչպէս օրինակ en:Wiktionary եւ en:Wikisource, որոնք նախատեսուած են ճիշդ յղումային նիւթերու բազմաթիւ այլ տեսակներու համար, որոնք չեն համապատասխաներ Ուիքիփետիայի ձեւաչափին։
- Կան շարք մը չգրուած կանոններ կամ վարուելակարգեր, որոնց կը հետեւի է ամբողջ Ուիքիփետիա հասարակութիւնը, ինչպէս օրինակ ընդունուած չէ ստորագրել յօդուածներու տակ, բացի յղումներ ընելէն եւ նամակներէն (եթէ գրանցուած օգտագործող էք, ապա ստորագրութիւն թողնելու համար ընդամէնը կը սեղմէք այս բնագիրի շրջանակի վերը իկոններու շարքի աջէն երկրորդի վրայ, եւ ձեր կեղծանունը, ամսաթիւն ու ժամը կը յայտնուին այդտեղ էջը պահպանելէն ետք), իսկ օժանդակ ֆայլերուն մէջ առանց այն ալ կ՛երեւի, թէ ով եւ երբ ըրած է փոփոխութիւնը կամ յօդուածի մուտքագրումը։ Երբ այդ կանոնները դիտաւորեալ կամ պարբերաբար կը խախտուին, համայնքը սովորաբար կ՛որոշէ կայացնում աւելի խիստ միջոցներ նախաձեռնել վարուելաձեւի համայնքային կանոնները պարտադրելու կամ խախտումը անտեսելու համար։
- Կան նաեւ շարք մը կարեւոր ոճային աւանդոյթներ, յատկապէս յօդուածներու վերնագրերու կապակցութեամբ, օրինակ, երբ կան քանի մը անուններ, ապա գերադասելի է այն Ուիքիփետիա լեզուով անուանումը, որ առաւել տարածուած է կամ առաւել յաճախ կ՛օգտագործուի։ Վերնագրերը գրէք փոքրատառերով, բացի, անշուշտ, առաջին տառերէն, այդ կ՛օգնէ պահպանել յօդուածներու միջեւ կապերու ցանցը։ Անպատճառ խմբագրեցէք եւ սրբագրեցէք ձեր յօդուածները, որպէսզի անոնք ընթեռնելի եւ ուսանելի ըլլան միւսներուն համար։ Եթէ որեւէ բնագիր կը թարգմանէք, աւելի շատ ուշադրութիւն դարձուցէք հայերէն հասկանալիութեան եւ պարզութեան վրայ։ Գրեցէք յստակ, պարզ եւ մի մոռնաք յղումներ ընել յօդուածներուն տակ ձեր տուեալներու աղբիւրներու մասին։ Կիսատ յօդուածներու վերջը կը դրուի խորանարդիկ, որ կը զգուշացնէ, որ յօդուածը դեռ աւարտած չէ եւ հրաւիրել միւսներուն աշխատել անոր վրայ։
Ուրիշներու գրած յօդուածներուն խմբագրումներ ընելը անպայման լրացուցէք «խմբագրումի ամփոփ նկարագրութիւնը»: Այդ կ՛օգնէ հեղինակին հետեւիլ ձեր կատարած խմբագրումներու բնոյթին։
Չէզոք տեսակէտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիան կը կառուցուի այն գաղափարի հիման վրայ, որ անոր բոլոր յօդուածները պէտք է գրուին չէզոք տեսակէտէ։ Չեզոք տեսակէտ կը նշանակէ գաղափարներն ու փաստերը արծարծել այնպէս, որ շարադրման հետ կարենան համաձայնիլ ե՛ւ համակարծիք, ե՛ւ տարակարծիք կողմերը։ Անշուշտ, բացարձակ համաձայնութիւնը անհնարին է։ Աշխարհի մէջ կան այնպիսի գաղափարախօսներ, որոնք երբեք չեն համաձայնիր որեւէ մէկուն կարծիքի հետ՝ շարունակելով անգամ ուժով պնդել սեփական կարծիքի բացարձակ եւ անվերապահ ճշտութիւնը։ Սակայն Ուիքիփետիան կոչ կ՛ընէ որդեգրել գրելու այնպիսի ոճ, որ ընդունելի ըլլայ ըստ էութեան բանական մտածելակերպ ունեցող բոլոր մարդոց համար։ Չեզոք տեսակէտի քաղաքականութիւնը կը պնդէ, որ յօդուածները պէտք է գրուին առանց կողմնակալութեան, արդարացիօրէն արտայայտելով բոլոր տեսակէտները։ Սակայն, ճիշտ այնպէս ինչպէս միւս բոլոր համատեղ իրականացուող ծրագրերուն մէջ, Ուիքիփետիան արդէն ներկառուցուած կողմնակալութիւն ունի, քանի որ ազգային լեզուներով կառուցուող յօդուածները կը գրուին որոշակի ժողովրդագրական միասնութիւն ունեցող հանրութեան կողմէ։ Ուիքիփետիայի պարագային այս արտայայտուի այն միտման մէջ, որ համակարգչային գրագիտութիւն ունեցող ամերիկացի ու բրիտանացի յօդուածագիրները աւելի շատ կը գրեն այն մասին, որ իրենց առաւելապէս կը հետաքրքրէ։ Արդիւնքով, երկու յօդուածներու համեմատութենէն կրնայ պարզուիլ, որ «Քորոնէյշըն Սթրիթ» en:Coronation Street կոչուող բրիտանական հեռուստաշարքի մասին յօդուածը, որ սկսած են գրել 2005-ին կազմուած է 6.933 բառերէ, դեռ չհաշուած այն միւս 14 յօդուածները, որոնք գրուած են այդ նոյն թեմային շուրջ (4.746 բառ)՝ նուիրուած հեռուստաֆիլմին մէջ խաղցող դերասաններուն ու կերպարներուն, մինչդեռ Ռուանտային ցեղասպանութեանը նուիրուած (en:Rwandan Genocide) յօդուածը կը պարունակէ ընդամէնը 2.840 բառ այն մասին թէ ինչպէս 800.000 մարդ բնաջնջուած է 100 օրուան ընթացքին։ (Ընթերցեցէք բոլոր այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին կամ հայկական ցեղասպանութեան, եթէ այդպիսին գտնեք եւ աւելցնէք ձեր կողմէն)։ Անգլերէն հանրագիտարանին մէջ նմանատեսակ երկար յօդուածներ կան այնպիսի անկարեւոր թեմաներու շուրջ, ինչպիսին են հեռուստատեսային ծրագիրները, ֆիլմերու կերպարները, փոփ երաժշտութիւնը, երաժշտական ալպոմներն ու վիտիօ խաղերը։ Պատճառը, թէ ինչու անգլերէն Ուիքիփետիային մէջ (որ առաւել մեծ եւ բոլոր ուիքիփետիաներուն կողմէ տեղեկութիւններու համար ամենաշատ յաճախուող կայքն է) յօդուածներու տեսակէտները հիմնականին ամերիկեան կամ բրիտանական են, ճիշդ անով է, որ Ուիքիփետիայի յօդուածներու վրայ կ՛աշխատին հիմնականին ամերիկացիներ եւ բրիտանացիներ։ Ընդ որուն ուշադրութիւն դարձնելով միւս ազգային լեզուներով գրուող հանրագիտարաններուն՝ կարելի է հետաքրքիր եզրակացութիւններ ընել տարբեր ազգերու համակարգչային գրագիտութեան եւ համացանցային աշխուժութեան աստիճանին, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութեան մակարդակի մասին, այսինքն՝ հանրօգուտ նպատակի համար անվճար աշխատանք կատարելու պատրաստակամութիւնը։
Վիճաբանութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիայի յօդուածները երբեմն կը դառնան «խմբագրական պատերզամներու» առարկայ, երբ նախանձախնդիր հեղինակները կը ջնջեն կամ անխնայ կը փոխարինեն միւսներու ներդրումները իրենց յօդուածներուն։ Օրինակ en:Red Herring յօդուածը, (այսինքն «կարմիր հարինգ»՝ հարինգը նիհարիկ բայց շատ համեղ ովկիանոսային ձկնատեսակ է)en:October 2004-ին դարձաւ անգլերէն Ուիքիփետիայի/en:English Wikipedia ամենաշատ խմբագրուած յօդուածը, որուն մէջ խմբագրումներու թիւը նոյնիսկ աւելի շատ էր, քան այնպիսի թեմաներու նուիրուած յօդուածներուն, ինչպէս en:George W. Bush/ Ճորճ Պուշ, en:John Kerry/ Ճոն Քերրի, en:Sexual slang/Սեռային ոճ, en:Jesus/Յիսուս, en:Jew/հրեայ, en:Adolf Hitler/Ատոլֆ Հիթլեր, en:Recent deaths/Մահախօսականներ եւ en:Saddam Hussein/Սատտամ Հուսէյն։ Ուիքիփետիացիները կը ձգտին խուսափիլ վիճաբանութիւններէ՝ փորձելով հասնիլ «ոսկեայ միջինին»:
Վանդալութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիային մէջ ազատ խմբագրելու հնարաւորութիւնը վանդալութեան թիրախ կը դառնայ, որ կ՛արտայայտուի անիմաստ կամ դիտաւորեալ սխալ գրառումներով։ Շատ յաճախ վանդալութեան թիրախ կը դառնան հանրայայտ գրառումները, թէպէտ ցանկացած գրառում կրնայ վանդալութեան թիրախ դառնալ։ Վանդալութիւնը հիմանականին կը կայանայ գրառման վերացումով կամ այն փոխարինելով անիմաստ յայտարարութեամբ, երբեմն ալ հայհոյեանքներով։ Նման յայտարարութիւնները կարելի է ուղղել՝ մտնելով յօդուածի պատմութեան բաժինն ու ընտրելով նախքան վանդալութիւնը եղած բնագիրը, ապա՝ սեղմելով յիշել։ Ուիքիփետիայի սկզբունքներէն են գրառումներու պահպանումն ու վանդալութեան հետեւանքէն անոնց վերանորոգումը։
Վանդալիզմի միջոցները տարբեր են, սակայն սովորաբար այն կարելի է չէզոքացնել վայրկեաններու ընթացքին։ Ուիքիփետիայի աշխատութիւններէն մէկուն, Վիյէկասը, Ուաթնպերկը եւ Տէյվը (2004) գտել են ուղղումներ կատարելու միջին տեւողութիւնը 1.8 օր, որ միջինը կը կազմէ 1.7 վայրկեան, մինչդեռ վանդալութիւնը տեւած է 7.7 օր, որ միջինը կը կազմէ 2.8 վայրկեան։ Հակառակ նախորդին, «ամբողջ ցանկը» ուղղելու համար օգտագործուած է 22.3 օր, որ միջինը կը կազմէ 90.4 վայրկեան։ Հետազօտողներէն Մարթին Ուաթնպերկը The Wall Street Journal թերթին մէջ ըսած է. «Մենք կը զարմանանք վանդալութիւն տեսնելէն, սակայն նոյնքան կը զարմանանք, թէ որքան արագ անոնք ուղղուեցան»:
Որակի վերահսկումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիացիները բարձր որակ ստանալու համար ստեղծած են քանի մը ազատակամ կոմիտէներ եւ միջոցներ։ Օրինակ՝ ծաւալուն յօդուածներու վերագրման համար անհրաժեշտ է միասին համագործակցիլ։ Նման աշխատութիւններու վրայ կարելի է ամբողջ համայնքով աշխատիլ եւ քուէարկութեան միջոցով որոշել լաւագոյն բնագիրը։ Բարձրորակ յօդուածները կարելի է նշանակել «առանձնայատուկ յօդուած» (featured article), այնուհետեւ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը վերաքննելով, ընտրել այն տարբերակը, որ կ՛առանձնանայ չէզոքութեամբ, ըմբռնելիութեամբ, վկայակոչումներով եւ յստակութեամբ[2]:
Քննադատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիան քննադատուած է զգալի պակասներու, յուսալիութեան, ըմբռնելիութեան եւ անհիմնաւորուածութեան մէջ։ Գրադարանավարերը եւ հանրագիտարանի խմբագիրները վկայակոչման համար այն կը համարեն որպէս սահմանափակ ծառայութիւն կամ ընդհանրապէս ոչնչութիւն։ Քննադատներու կարծիքով ազատ խմբագրումը Ուիքիփետիան կը դարձնէ ոչ յուսալի աշխատութիւն։ «Տը Կարտիան»–ի հետ հարցազրոյցին, գրադարանավար Ֆիլիփ Պրատլին ըսաւ, որ ան չօգտագործեր Ուիքիփետիան եւ «համոզուած է, որ այլ գրադարանավարները նոյնպէս չեն օգտագործեր այն: Հիմնական խնդիրը անհիմն տեղեկատուութիւնն է: Տպագրուող աշխատութիւններու հեղինակները պէտք է համոզուած ըլլան իրենց մէջբերած տեղեկատուութեան յուսալիութեան մէջ, քանզի այն անոնց ապրուստի միջոցն է, ոչ թէ անոր նման, որ դուրս կու գայ լուսամուտէ: Բրիտանիկա հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիրը նմանապէս նշեց, որ «Ուիքիփետիայի նախադրեալ բարելաւումը կը կատարելագործէ այն: Այդ նախադրեալը ամբողջովին հաստատուած չէ»[2]: Բանավէճին մէջ՝ Ուիքիփետիան որպէս ակադեմիական աղբիւր, Պոյտը կը կարծէ որ «այն երբեք հանրագիտարան չըլլար, սակայն այն կրնայ պարունակել ծաւալուն գիտելիքներ այլ նպատակներու համար[2]»: Քանի որ Ուիքիփետիան կը գրուի կամաւորներու բնաւորութեամբ, հետեւաբար երբեմն այն կը համարուի անըմբռնելի: Բրիտանիկա հանրագիրատանի գլխաւոր խմբագիր Տէյլ Հոյպերկի կարծիքով՝ «մարդիկ կը գրեն իրենց հետաքրքրող թեմաներու մասին եւ հետեւաբար շատ այլ թեմաներ ուշադրութեան չեն առնուիր, իսկ լրատուութեան նիւթերը առաւել ուշադրութեան կ՛առնուին: Օրինակ Ֆրանչիս փոթորիկի մասին 5 անգամ կապ ունեցող էջ տեղեկատուութիւն կայ, քան Չինական արուեստի մասին: Իսկ Coronation Steet–ի (Թագադրման Փողոցի) նախաբանը երկու անգամ կապուած է քան Թոնի Պլէյրի մասին յօդուածը»[2]։ Արուեստագիտական հարցի քննադատման մէջ Ուիքիփետիան կը համարուի «Google Bombs», որ կը խանգարէ փնտռող միջոցներուն իր բազմազան կապերով։ Փնտռուող նիւթերու պատասխաններուն մէջ Ուիքիփետիայի յօդուածները երբեմն կ՛ըլլան առաջնակարգ։
Քոյր նախագծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիփետիան ունի հետեւեալ քոյր-նախագիծերը, որոնք Ուիքիմետիայի ընտանիքին մաս կը կազմեն․
- Ուիքիտուեալներ (Wikidata), ազատ տուեալներու նախագիծ
- Ուիքիբառարան (Wiktionary), ազատ բառարանի նախագիծ
- Ուիքիգիրքեր (Wikibooks), ազատ դասագիրքեր եւ ուսումնական ձեռնարկներ
- Ուիքիքաղուածք (Wikiquote), քաղուածքներու հաւաքածոյ
- Ուիքիդարան (Wikisource), ազատ բնագիրներու գրադարան
- Ուիքիպահեստ (Wikimedia Commons), մետիաֆայլերու շտեմարան
- Ուիքիլուրեր (Wikinews), ազատ նորութիւններ
- Ուիքիցեղեր (Wikispecies), ցեղատեսակներու տեղեկատու
- Ուիքիլսարան (Wikiversity), ազատ ուսումնական նիւթեր
- Մեթա-ուիքի (Meta Wiki), Ուիքիմետիայի նախագիծերու համակարգում
Չնայած կան բազմաթիւ այլ նախագիծեր, որոնք կ՛աշխատին Ուիքի-սկզբունքով եւ կրնան օգտագործել նոյն Մետիաուիքի ազատ ծրագրային ապահովումը եւ արտաքնապէս շատ նման ըլլալ նշուած նախագծերուն, անոնք չեն պատկանիր Ուիքիմետիա Հիմնադրամին։
Տես նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայերէն Ուիքիփետիա (մեծաւ մասամբ Արեւելահայերէն, բայց նաեւ Արեւմտահայերէն)
- Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Ամենաօգտագործվող կայքեր - Ալեքսա»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-04-01-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-12
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 en.wikipedia.org/wiki/Wikipedia
|