Jump to content

The Insult (ֆիլմ)

The Insult
Հայհոյանքը
Բեմադրիչ Զիատ Տուէյրի
Թատերագիր Զիատ Տուէյրի
Թողարկման
թուական
31 Օգոստոս 2017
Տեւողութիւն
112 վկն
Երկիր Լիբանան
Ֆրանսա
Լեզու Արաբերէն
Ֆրանսերէն

Հայհոյանքը (անգլThe Insult, ֆրաL'insulte, արաբقضية رقم ٢٣ (Qadiyya raqm 23) 2017 թուականին հրապարակուած Ֆրանսա-Լիբանանեան ֆիլմ մըն է: Քատիյյէթ Ռաըմ 23 Ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Վենետիկի Համաշխարհային 74րդ Ֆիլմի Փառատօնին (անգլ.՝ 74th Venice International Film Awards)[1] ուր ֆիլմի գլխաւոր դերասաններէն Քամիլ Ըլ Պաշան արժանացաւ Լաւագոյն Դերասանի մրցանակին, շատ կարեւոր մրցանակ մը, զոր դերասան մը կրնայ ստանալ համաշխարհային այդ ֆիլմի փառատօնին ընթացքին[2]: Ֆիլմը ընտրուած է Լիբանանը ներկայացնելու 2017Օսքարներու մրցանակաբաշխութեան, ուր անոր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրուի «Լաւագոյն Ոչ-Անգլերէն Ֆիլմի Օսքար» մրցանակին համար[3][4]: «Քատիյյէթ Ռաըմ 23» Ֆիլմին բեմադրիչն է հանրածանօթ՝ Զիատ Տուէյրի: Ֆիլմը ունի 2 ժամուան տեւողութիւն եւ ներկայացուած է Ֆրանսերէն եւ Արաբերէն լեզուներով: Առաջին ցուցադրութիւնը Վենետիկի Համաշխարհային 74րդ Ֆիլմի Փառատօնի ընթացքին էր, 31 Օգոստոս 2017-ին: Իսկ Լիբանանի մէջ ան սկսաւ ցուցադրուիլ 14 Սեպտեմբերէն սկսեալ, եւ տակաւին մինչեւ Հոկտեմբեր ամսուայ վերջը Լիբանանի ամէնէն շատ դիտուած ֆիլմերու ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէր:

Լիբանանցի Քրիստոնեայ Թոնին (Ատէլ Քարամ) հարցեր կ'ունենայ Պաղեստինցի փախստական շինարար Եասերի հետ (Քամիլ Ըլ Պաշա): Հարցը կը մեծնայ ու կը դառնայ բուռն կռիւի պատճառ: Երկար դէպքերէ ետք, փոքր հայհոյանքը, կամ The Insult-ը, պատճառ կը դառնայ դատարանի մէջ ներկայացուող հարցի մը եւ ինչպէս որ ֆիլմը կոչուած է արաբերէնով, կը դառնայ դատ/քատիյյէ թիւ 23:

  • Գլխաւոր դերասանն է Լիբանանեան պատկերասփիւռի կատակերգակ դէմքերէն՝ Ատէլ Քարամ, որ ֆիլմին մէջ կը ներկայանայ իբրեւ Թոնի Հաննա:
  • Երկրորդ գլխաւոր դերասանը՝ Քամիլ Ըլ Պաշա, ֆիլմին մէջ կը մարմնաւորէ Եասեր Ապտալլահ Սալամէի տիպարը:
  • Ռիթա Հայէք
  • Քամիլ Սալամէ
  • Տիամանտ Պու Ապուտ

Ֆիլմը բաւական գնահատականներու արժանացաւ, որովհետեւ ան լոյսին բերաւ Լիբանանցի-Պաղեստինցի յարաբերութիւններու կարգ մը իրականութիւններ եւ հարցեր, որոնց մասին բնաւ չենք մտածեր, ինչպէս՝ Պաղեստինցիներու հպատակութեան, գործի ընդունման եւ դատական իրաւունքներու կապուած մտահոգութիւններ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]