Jump to content

Harry Potter and The Order of The Phoenix

Harry Potter and The Order of The Phoenix
Պատկեր:Harry Potter and the Order of the Phoenix.jpg
Harry Potter Universe
Հեղինակ Ճոան Ռոուլինկ
Երկիր Կաղապար:Դրօշաւորում/Անգլիա
Լեզու Անգլերէն
Շարք Հէրի Փոթըրի Վիպաշար
Հերթական թիւ 5-րդ գիրք
Հրատարակուած 21 Յունիս, 2003
Հրատարակող Bloomsbury Publishing
Գիրքի տեսակ Գիտական, երեւակայութիւն եւ արկածային գրականութիւն
Նախորդ գիրք Harry Potter and The Goblet of Fire
Յաջորդ գիրք Harry Potter and The Half Blood Prince


Harry Potter and the Order of The Phoenix-ը, Հէրի Փոթըր վիպաշարի 5-րդ վէպն է, գրուած Ճոան Ռոուլինկի կողմէ։ Այն կը պատմէ՝ Հէրի Փոթըրի պայքարը Hogwarts դպրոցին մէջ, իր 5-րդ տարուայ ուսումը, Lord Voldemort-ի վերադարձը, O.W.L. քննութիւնները եւ կախարդաներու նախարարութիւնը։ Վէպը հրատարակուած է 21 Յունիս, 2003 թուականին Bloomsbury Publishing-ի կողմէն Մեծ Պրիթանիոյ մէջ։ Հրատարակման առաջին 24 ժամերու ընթացքին, գիրքը վաճառուած է 5 միլիոն օրինակով։ Այս Հէրի Փոթըր վիպաշարի ամենաերկար գիրքն է։

Harry Potter and the Order of Phoenix-ը յաղթած է շարք մրցանակներ՝ ան համարուած է 2003 թուականին ամերիկեան գրադարանի միութեան ամենալաւ գիրքը երիտասարդներու համար։ Գիրքի հիման վրայ նաեւ նկարահանուած է անոր ֆիլմ, որ հրատարակուած է 2007 թուականին եւ տեսախաղ՝ «Electronic Arts»-ի կողմէն։

Ամառը երբ Հէրին կը մնար իր մօրաքոյրին՝ Փեթունիա եւ անոր ամուսինին ու զաւակին՝ Վերնոն ու Տատլիին հետ, Հէրին ու Տատլին կը հալածուին երկու Dementor-ներու կողմէ եւ հետեւաբար, Հէրիին պաշտպանելու համար ինքն իրեն ու Տատլիին կը դիմէ կախարդութեան եւ այս պատճառով ու ըլլալով անչափահաս ան հարցաքննութեան կը կանչուի կախարդութեան նախարարութեան կողմէ բայց Dumbledore կ'օգնէ իրեն եւ Հէրին կը պատրաստուի վերադառնալ Hogwarts:

Hogwarts-ի մէջ Հէրին կը գիտնայ որ Տոլորես Ամպրիճը պիտի ըլլայ իրենց պաշտպանութեան դասընթացքի նոր ուսուցիչը։ Հէրին եւ Ամպրիճը կը վիճաբանին որովհետեւ ան, ինչպէս Ֆաճը, կը հրաժարի հաւատալ որ Voldemort-ը վերադարձած է։ Ան կը պատժէ Հէրիին իր ըմբոստ պոռթկումներուն համար եւ կը ստիպէ անոր գրել «Պէտք չէ սուտեր խօսիմ» թուղթի մը վրայ, իսկ երբ կը սկսի գրելու, այդ նոյն տողերը կ'արձանագրուին իր ձեռքին վրայ որպէս վէրքեր։ Ան, Ամպրիճը նաեւ կը հրաժարի աշակերտներուն սորվեցնել թէ ինչպէս կը կատարեն պաշտպանողական կախարդանքներ։

Այդ ժամանակ Հակրիտը դեռ չէր վերադարձած իր գաղտնի առաքելութիւնէն որ պատուիրածէր Dumbledore-ը նախորդ գիրքի վերջաւորութեան։ Մինչեւ իր վերադարձը Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը գիտնան իր առաքելութեան մասին որ անյաջող էր։

հատուած ստեղծումին ժամանակ:

Գիշեր մը, Հէրին երած մը կը տեսնէ Voldemort-ի օձին մասին՝ Նակինին. Կը տեսնէ թէ Նակինին կը յարձակ Ռոնի հօր՝ Արթուր Ուիսլիի վրայ։ Հէրին կը տեղեկացնէ փրոֆեսոր ՄաքԿոնակալին եւ Dumbledore-ին։ Dumbledore-ը դասեր կը կազմակերպէ Հէրիին համար, փրոֆեսոր Սնէյփին հետ որ Հէրին սորվի իր միտքը պաշտպանել Voldemort-ի ապագայ յարձակումներէն:

Երբ O.W.L. քննութիւններու վերջին օրն էր Hogwarts-ի մէջ, Հէրին նորէն երած մը կը տեսնէ որ իր կնքահայրը, Սիրիուսը կը չարչարուի Voldemort-ի կողմէն եւ ան կ'ուզէ երթալ ու անոր ազատել եւ կը փորձէ գաղտնօրէն կապ հաստատել Սիրիւսին հետ որ գոտնայ եթէ ան իսկապէս Voldemort-ին քովն է: Բայց Ամպրիճ կը գտնէ Հէրիին եւ իր ընկերներուն:

Լունան, Ճինին եւ Նեւիլը կը միանան երեք ընկերներուն եւ բոլոր վեցը կը թռչին թեսթրալներու մօտ՝ ակնկալելով գտնել եւ ազատել Սիրիուսին։ Հէրին կը գիտնայ որ Death Eater-ները եւ Voldemort-ը կը գտնուին կախարդութեան նախարարութեան մէջ եւ կը ցանկան գտնել ապակիէ գնդակը որ կը վերաբերի Voldemort-ին եւ Հէրիին: Եւ այդ ապակիէ գնդակին մասին, Dumbledore իր գրասենեկակին մէջ կը բացատրէ Հէրիին որ մարգարէութիւնը կը նշանակէ թէ Հէրին եւ Voldemort-ը պէտք է պայքարին իրար դէմ մինչեւ մէկուն մահը։

Հէրին եւ իր 5 ընկերները կը հասնին կախարդութեան նախարարը ոգր պէտք է գտնուի Voldemort-ը եւ Սիրիուսը: Բայց այս կեղծ երազ մըն էր եւ անոնց տեղ իրենք կը հանդիպին Death Eater-ներու որոնք կը փորձեն ապակիէ գնդակը առնել Հէրիին ձեռքէն, սակայն Հէրին կը կոտրէ զայն եւ նոյն ժամանակ 6 ընկերներուն կը միանան Փիւնիկի միաբանութիւնի անդամները, Սիրիուսն ալ իրենց մէջ եւ անոնք կը պայքարին Death Eater-ներուն դէմ բայց Պելաթրիքս կը հարուած է Սիրիուսին եւ ան կը մահանայ: Երբ Հէրին կը փորձէ սպաննել Պելաթրիքսին, Voldemort-ը կ'ուգայ եւ նոյն ժամանակ նաեւ կը յայտնուի Dumbledore-ը ու անոնք կը պայքարին իրար դէմ: Գիրքը կը վերջանայ երբ ամէն աշակերտները կը վերադառնան իրենց տուները եւ կախարդութեան նախարարուիւնը կը պատրաստուի պատերազմելու Voldemort-ին դէմ:

Հէրի Փոթըրի «կախարդական» վիպաշարը:

Հէրի Փոթըր սիրողները կը սպասեն 3 տարի 4-րդ եւ 5-րդ գիրքերու հրատարակութեան համար։[1][2]։ 5-րդ գիրքի հրատարակութենէն առաջ նախորդ գիրքերու 200 միլիոն օրինակներ արդէն կը վաճառուին եւ կը թարգմանուին 55 տարբեր լեուներու աշխարհի 200 երկրներու մէջ[3]։ Քանի որ վիպաշարը արդէն համաշխարհային երեւոյթ էր, գիրքը արձանագրեց նոր մրցանիշ մը՝ գրախանութներու դիմաց հերթ կանգնող հազարաւոր մարդկիկ կը սպասէին ստանալ իրենց գիրքի իրենց 20 Յունիս, 2003 թուականին: Չնայած անվտանգութեան՝ «Earlstown»-էն գիրքին հազարաւոր օրինակներ 15 Յունիս, 2003 թուականին[4]:

Քննադատներու արձագանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Harry Potter and The Order of The Phoenix ընդունուեցաւ մեծապէս դրական արձագանքներով եւ ստացաւ շարք մը մրցանակներ։ Գիրքը անցաւ Ամերիկիոյ գրադարաններու միութեան նշանակալի գիրքերու շարքին եւ յաղթեց Ամերիկիոյ գրադարաններու միութեան կողմէն սահմանուած լաւագոյն գիրք դեռահասներու մրցանակը 2004 թուականին։ Այն նաեւ ստացաւ 2004 թուականի ոսկէ մետալը «Oppenheim Toy Portfolio»-ի կողմէն[5][6]։

Վէպը նաեւ լաւ ընդունուած քննադատներու կողմէն։ Ռոուլինը իր վառ երեւակայութեան համար պարգեւատրուած է USA Today մրցանակը։ Վատ քննադատութիւններու մեծամասնութիւնը մտահոգուած էին այն բանով, որ վէպը կը պարունակէ բռնութիւն եւ բարոյագիտութիւն[7]։

«The New York Times»-ի գրող Ճոն Լեոնարտը գնահատած է վէպը՝ ըսելով «Order of The Phoenix» կը սկսի դանդաղ, բայց կ'ունենայ բուռն վերջաբան մը քանի որ Հէրին աւելի կը մեծնայ եւ Ռոուլինկը աւելի լաւ կը դառնայ»։

2007 թուականին Harry Potter and The Order of The Phoenix գիրքի հիման վրայ նկարահանուեցաւ ֆիլմը: Բեմադրիչը Տէւիտ Եթսն էր։ Ֆիլմը արտադրուեցաւ Տէյւիտ Հէյմանի ընկերութիւնի կողմէն՝ «HeyDay films»-ի մէջ։ Դրամագլուխը կը կազմէր £75-100 միլիոն[8][9] եւ այն դարձաւ բոլոր ժամանակներու 11-րդ ամենաբարձր դրամագլուխով ֆիլմը եւ հասաւ քննադատական եւ առեւտրական յաջողութեան։

Տեսախաղը, որ հիմնուած է Harry Potter and The Order of The Phoenix գիրքի վրայ, ստեղծուած է Microsoft Windows, PlayStation 2, PlayStation 3, Xbox 360, PSP, Nintendo DS, Wii, Game Boy Advance եւ Mac OS X գործիքներուն համար։ Այն հրատարակուած է 25 Յունիս, 2007 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-ուն մէջ։ Յունիս, 2007 թուականին՝ Աւստրալիա: 29 Յունիս, 2007 թոգականին՝ Մեծ Պրիթանիայի եւ Եւրոպայի մէջ[10]:

Գիրքը նաեւ պատկերուած է 2011 թուականի «Lego Harry Potter: Years 5–7» խաղին մէջ։

Թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հէրի Փոթըրի գիրքի թարգմանութիւնը:

Առաջին օտարալեզու թարգմանությունը հրատարակուած է 21 Յունիսի 2003 թուականին, երբ լոյս տեսան առաջին 22 տեղադրումները։ Եւրոպական առաջին թարգմանութիւնը հրատարակուեցաւ Սերպիայի եւ Մոնթենեկրոյի մէջ սերպերէնով՝ պաշտօնական թարգմանիչ Նարոտնա Քնիգկայի կողմէն, Սեպտեմբեր, 2003 թուականին։ Այլ թարգմանութիւններ հրատարակուեցան աւելի ուշ։ Անգլերէն տարբերակը կը գլխաւորէր Ֆրանսայի ցանկը, մինչդեռ Գերմանիոյ մէջ ոչ պաշտօնական թարգմանութեան գործընթացը սկսաւ առցանց։[11]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ross Shmuel, Mark Zurlo (2000–2009)։ «Harry Potter Timeline: 2000 to the Present»։ Pearson Education, publishing as Infoplease։ արտագրուած է՝ հուլիսի 11, 2009 
  2. «Harry Potter Books»։ MuggleNet.com։ 1999–2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-06-06-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 29, 2009 
  3. «Potter-mania sweeps bookstores»։ CNN։ հունիսի 30, 2003։ արտագրուած է՝ մայիսի 29, 2009 
  4. «Thousands of Potter books stolen»։ BBC։ հունիսի 17, 2003։ արտագրուած է՝ մայիսի 29, 2009 
  5. «Best Books for Young Adults Annotated List 2004»։ American Library Association։ 2004։ արխիւացուած բնօրինակէն 2009-04-14-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 30, 2009 
  6. «2004 Notable Children's Books»։ American Library Association։ 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-09-05-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 30, 2009 
  7. Donahue Deirdre (հունիսի 25, 2003)։ «Rich characters, magical prose elevate 'Phoenix'»։ USA Today։ արտագրուած է՝ մայիսի 31, 2009 
  8. Cornwell Tim (հունվարի 24, 2007)։ «Oscars signal boom (except for Scots)»։ The Scotsman (UK)։ արտագրուած է՝ հունվարի 24, 2007 
  9. Haun Harry (հունիսի 20, 2007)։ «Harry the Fifth»։ Film Journal International։ արխիւացուած բնօրինակէն 2008-08-04-ին։ արտագրուած է՝ հունիսի 26, 2007 
  10. «Harry Potter and the Half Blood Prince: The Video Game»։ Electronic Arts Inc.։ 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-05-18-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 30, 2009 
  11. «Harry auf Deutsch: Projekt-Übersicht der Harry Potter Übersetzung (en)»։ արտագրուած է՝ հուլիսի 10, 2011 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]