Applause

"Applause"
Song
Թողարկուած Օգոստոս 12, 2013
Ժանր Electropop
Արտադրիչ DJ White Shadow
«Applause» երգի պաշտօնական բառերու նկար

«Applause»-ը երգ մըն է ամերիկացի երգչուհի Լէյտի Կակայի կողմէ, իր երրորդ արուեստից ալպոմէն (Artpop 2013): Յօրինուած եւ արտադրուած է իր եւ DJ White Shadow-ի կողմէ. երգը թողարկուեցաւ 12 Օգոստոս, 2013-ին Interscope Records թողարկման ընկերութեան աջակցութեամբ։ Սկզբնականօրէն այս երգը պէտք էր թողարկուէր 19 Օգոստոսին, սակայն երգը գաղտնագողի փախուստ տուաւ 10 Օգոստոսին։ Երգին մասին մանրամասնութիւններ կու տար Կական 2013 տարուան ընթացքին՝ նաեւ յայտնելով թէ ան այդ երգը գրած է, երբ ինք աշխարհը կը շրջէր Born This Way Ball-ի իր ելոյթները տալու համար։

Կական հոս կ'երգէ «Applause» երգը Roseland Ballroom սրահին մէջ

Երաժշտականօրէն՝ երգը electropop ժանր ունի։ Բառերը կը խօսին, թէ ինչպէս Կական հիմնուած է ու կ'ապրի իր երկրպագուներուն (fan) ծափահարութիւններուն հիման վրայ։ Իր ձայնը երգին մէջ կը բախտատուի Անի Լէնօքսին եւ Տէյվիտ Պաուիին, ու երգին յաջողութիւնը ունէր շատ մօտ մրցակցութիւն Քէյթի Բերիի Roar երգին հետ, երկուքին ալ գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին մէջ թողարկում ունենալնուն պատճառաւ։

«Applause»-ը շատ յաջողութիւններ արձանագրեց, ըլլալով Կակայի 12րդ Ամերիկեան Top 10-ին վրայ եւ 9րդը Top 5-ին մէջ, 4րդ դիրքը գրաւող Billboard Hot 100-ի ցանկին վրայ։ Երգը գրաւեց առաջին դիրքը լաւագոյն երգերու ցանկին վրայ շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Լիբանան, Յունաստան, Հունգարիա, Հարաւային Քորիա, Սպանիա, եւ այլն։ Նաեւ էր Top 5-ին մէջ հետեւեալ երկիրներուն մէջ՝ Մեծն Բրիտանիա, Քանատա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, եւ այլն։ Պէտք է յիշել գրաւած երգին Top 10-ի դիրքը ուրիշ 15 երկիրներու մէջ։

Երգը ժողովուրդին ծանօթացնելու համար, Կական երգեց երգը շատ իւրայատուկ ձեւով 2013 MTV Video Music Awards տարեկան հանդիսութեան։ Առաւելաբար, ան ուշադրութիւն գրաւեց երգին պաշտօնական նկարով, որուն վրայ ինք երեսը շպարած է քունաւոր ներկերով, ներկայացնելու համար իր տարբեր տեսակի երկրպագուները՝ ինչ որ ցուցադրուած են տարբեր գոյներով։ Առաջին անգամ երգին տեսերիզը ցուցդրուեցաւ Good Morning America-էն եւ Նիւ Եորքի Times Square-ի հսկայական պաստարներուն վրայ։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]