Քաղաքավարութեան Վնասները
| Հեղինակ | Յակոբ Պարոնեան |
|---|---|
| Լեզու | հայերէն |
Քաղաքավարութեան Վնասները, դասական գրական երկ։ Հայ երգիծանքի մեծ վարպետ Հակոբ Պարոնեանի ամենահայտնի գործերից մէկը։
Այս անջատ ու կարճ պատմուածքների հվաքածուն ունի հասարակաց մէկ գիծ, որուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ՝ մարդ հաճախ զոհ կը դառնա քաղաքավարութեան։ Նուրբ երգիծանքով եւ պարզ ոճով գրուած այս գործը կը խարազանէ Պոլսոյ որոշ խաւի մը՝ ի գին ամէն ինչի, եւրոպական քաղքենիութիւնը ընդօրինակելու հապճեպը։ Պարոնեան իր սրամիտ ոճով կը ներկայացնէ բռնի քաղաքավարութեան զոհերը, երեւան հանելով զայն շահագործող աներես ու անկիրթ պատեհապաշտներ։[1]
«Քաղաքավարութեան Վնասները» ընդհանուր խորագրին տակ, բայց առանց առանձին վերնագիրներու, այս կարճ պատմվածքների շարքը պարբերականօրէն լույս տեսած է հեղինակին խմբագրած «Խիկար» թերթին մէջ, 1886-1887 տարիներուն։ Յետագային, «Քաղաքավարութեան Վնասները» ամփոփուած է առանձին հատորի մը մէջ եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատրակութիւններու, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ։ Անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Ժագ Անդրէասեանը՝ «Perils of Politeness» վերնագրով։