Քաղաքական եւ ընկերային պայմանները 1900-1920 տարիներուն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Քաղաքական եւ ընկերային պայմանները 1900-1920 տարիներուն, 1900-ի շուրջ, քաղաքական սեղմումներն ու հալածանքը, թէեւ անհաւասար չափերով, կը մնան ուժեղ երկու հատուածներուն համար։ Տնտեսական տագնապ կը տիրէ, յատկապէս՝ Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան ներքոյ ապրող հայութեան համար, կը ծանրանայ հողազրկումը, կը ծաւալին պանդխտութիւնն ու զանգուածային արտագաղթը։
Ալեւելահայութիւնը համար կը շարունակուէ, մասամբ, իր տնտեսական բարգաւաճումը։ Բայց ան կը կրէ հարուածներ վարչակարգէն՝ դպրոցներու փակում, կալուածներու գրաւում, թաթարական՝ դրդուած յարձակումներ։ Այս վերջինները, առանց զինեալ ինքնապաշտպանութեան, պիտի վտանգէր մինչեւ իր ֆիզիքական գոյութիւնը։
Հակառակ այս բոլորին, արեւելահայութեան յանձառու զանգուածը կը պահպանէ իր մշակոյթը, կը շարունակէ օգնել արեւմտահայ տառապող ժողոուրդին։ Ան նաեւ, 1905-էն սկսեալ, կը մասնակցի ռուսական կայսրութեան ընկերային շարժումներուն։
Երկրորդ տասնամեակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1908-ի Սահմանադրոիթիւնը, արեւմտահայութեան համար, պահ մը ստեղծած էր դրական պայմաններ, բանտեր բացուած էին, տարագիրները՝ վերադարձած։ Թէեւ անկատար, հաստատուած էին ժողովրդավար ազատութիւններ, կազմակերպուած խորհդարանական ընտրութիւններ՝ հայութեան մասնակցութեամբ։
Բայց յաջորդ իսկ տարին, Կիլիկիոյ ջարդը կը զգացնէ, որ նոր վարչակարգին խոստումները կասկածելի են։ Իսկ 1912-ին, թրքական պարտութեամբ վերջացող Պալքանեան պատերազմը իշխանութեան գլուխ կը բերէ ցեղամոլ թուրք տարրեր։ Հայութիւնը կը ստիպուի յոյսը կտրել համապետական բարեկարգումներէ եւ դիմել արեւմտեան պետութիւններուն՝ վերակենդանացնելու համար հայկական բարենորոգումներու հին ծրագիրը։
Մինչ 1914-ին՝ Թուրքիան կը ստիուի ընդունիլ հայկական բարենորոգումները եւ զանոնք գործադրութեան դնել, կը ծագի առաջին Աշխարհամարտը։ Թուրք իշխանութիւնը, համաթրքական մեծ կայսրութեան մը ճամբան մաքրելու նպատակով, պահը հասած կը նկատէ բնաջնջելու արեւմտահայութիւնը՝ ջարդերով եւ դէպի սուրիական անապատ տեղահանութեամբ։ Նախապէս, գրեթէ լրիւ ձերբակալուած եւ Ասիոյ խորերը քշուելով բնաջնջուած են հայութեան քաղաքական ղեկավարութիւնը եւ մտաւորոկանութիւնը։ Դարու առաջին ցեղասպանութենէն կը փրկուին Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայ բնակաչութիւնը, ռուսական սահմանի վրայ եւ Վասպուրականի հայութեան մէկ մասը, եւ սուրիական անապատէն վերապրող թիւ մը։
Հայկական մնացորդացը կը փրկուի շնորհիւ Գերմանիոյ եւ Թուքրիոյ վերջնական պատմութեան։ Բայց քանի մը տարի ետք Թուրքիան կը վերականգնի քեմալական շարժումով եւ կը խուսափի հաշիւ տալէ իր գործած մեծ եղեռնին համար։