Jump to content

Փռնգտուք

Փռնգտուք, ակամայ, յանկարծակի եւ սաստիկ կծկումով թոքերու օդի արտահանումը դէպի բերան եւ քիթ կը կոչուի փռնգտալ: Փռնգտալով կ'արտադրուի ձայն մը, որ կը կոչուի փռնգտուք (sneezing): Բոլոր լեզուներու մէջ փռնգտուքը ունի յատկանշական ձայնարկութիւններ, այսպէս՝ աչու, ապչու, ադչու, հափչու: Փռնգտալու հոմանիշներ կամ գոյականներն են՝ փռնգտոց, փռնգտուք: Քունի մէջ մարդ ընդհանրապէս չի փռնգտար: Փռնգտուքի ուժգնութիւնը եւ փռնգտալու թիւը, յաճախականութիւնը ու երկարութիւնը կը տարբերին անձէ-անձ՝ ըստ գրգռիչ ազդակին զօրութեան եւ տեւողութեան: Ամէն մարդ կը փռնգտայ: Ան կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, նոյնիսկ նորածինը կը փռնգտայ:

Կարգ մը ընկերութիւններու մօտ փռնգտալը նկատուած է առողջութեան նշան, եւ այդ իսկ պատճառով փռնգտացող անձին մօտ գտնուողը կը հակադարձէ ըսելով՝ անուշ ըլլայ: Փռնգտալով կ'արտահանուի նաեւ քիթի խլնաթաղանթային հեղուկը եւ երբեմն ալ բերնի լորձունքը:

Դժբախտաբար անոր միջոցաւ կը տարածուին կարգ մը հիւանդութիւններ՝ եթէ անձը արդէն վարակուած է շնչառական համակարգի հիւանդութիւններով:

Գիտական-բժշկական ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ շնչառական համակարգի վերին եւ վարի անցքերու միջեւ գոյութիւն ունի որոշ անդրադարձութիւն (response) մը, արտաքին գրգիռի մը (stimulus) գոյութեան պարագային:

Փռնգտալու հիմնական պատճառը քթախլնաթաղանթի (nasal mucosa) զարկերակային ցանցին գրգռութիւնն է: Որեւէ մէկ մեղմ գրգռիչ ազդակ կը յառաջացնէ փռնգտուք, իսկ աւելի զօրաւոր գրգռիչ ազդակներ կը յառաջացնեն սրտի զարկի դանդաղացում կամ շնչադադար:

Քթախլնաթաղանթի գր-գռութեամբ մարմինին մէջ կ'արտադրուի հիսթամին (histamin) կոչուած նիւթը: Հիսթամինը կը գրգռէ քիթի վերնամասի ջիղերու ծայրամասերը, որոնք ուղեղին կը փոխանցեն որոշ տեղեկութիւններ: Ուղեղը ստանալէ ետք այս տեղեկութիւնները կը հրահանգէ կոկորդի եւ շնչափողի մկաններուն, որպէսզի քիթը եւ բերանը առաւելագոյն չափով բացուին եւ թոքերու օդը զօրաւոր հոսքով ուղղուի դէպի քիթ ու բերան եւ ապա արտաքին աշխարհ:

Վերոյիշեալ գործընթացին հետ տեղի կ'ունենան հետեւեալ բնախօսական երեւոյթները՝

  • Դէմքի, կոկորդի եւ կրծքավանդակի մկանները կը պրկուին,
  • Աչքերը կը գոցուին կոպերու միացումով.
  • Աչքի մկանները կը պրկուին եւ կը ճնշեն ակնագունդին (eye bal) ու ցանցենիին (retina) վրայ։ Այս պատճառներով բազմաթիւ անձեր փռնգտալու ընթացքին աստղեր եւ շարժող փայլուն կէտեր տեսնելու, ինչպէս նաեւ տեսողական խանգարումներու խաբկանքը կ'ունենան: Այս բոլորը ժամանակաւոր եւ անցողակի են:

Գրգռիչ ազդակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կան տարբեր-տարբեր գրգռիչ ազդակներ, որոնք փռնգտալու անմիջական պատճառներ նկատուած են:

Այս գրգռիչ ազդակներն են՝

Քիմիական ազդակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կազեր,
  • Հաճելի եւ անհաճոյ հոտեր,
  • Հականեխիչներ եւ օճառներ,

Մեքենական-հարուածային ազդակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Քիթի արտաքին հարուած,
  • Քիթի ներքին հարուած, որ կը յառաջանայ ընդհանրապէս ներքնաքիթը մաքրելով,

Մթնոլորտային ազդակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Օդի ջերմաստիճանի փոփոխութիւն, մասնաւորապէս՝ ջերմանուազում,
  • Զօրաւոր օդի հոսանք,
  • Զովացուցիչ (A/C), օդափոխիչ (ventilating) եւ խոնաւացուցիչ (humidifying) կազմածներու գործածութիւն,
  • Շոգի եւ մշուշ,
  • Զօրաւոր լոյս եւ արեւու ճառագայթ.
  • Բուրդ, բամպակ,
  • Կատուի եւ շունի մազերը,
  • Թռչուններու բետուրները,
  • Կենդանիներու մորթը եւ մազերը,
  • Բեղմնափոշի (pollen).

Հիւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Քթաբորբ (rhinitis),
  • Քիթի գերզգայնութիւն (allergic rhinitis),
  • Հարբուխ եւ կռիփ,
  • Օտար մարմինի մը գոյութիւնը քիթին մէջ.

Արգելք հանդիսանալ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնականօրէն շատ չփռնգտալու համար հեռու պէտք է մնալ վերոյիշեալ բոլոր գրգռիչ ազդակներէն եւ պէտք չէ վարակուինք վերը յիշուած հիւանդութիւններով: