Jump to content

Քուն

Հիները կը կարծէին թէ քունի ընթացքին ուղեղի արիւնախառնում տեղի կ’ունենայ:1860-ին Տիւրհէմ անունով անգլիացի բժիշկ մը կատարեց այս կարծիքին արդար դատաստանը: Ան,ծակելով շուներու գանկոսկրը, դիտեց արթնութեան եւ քունի ազդեցութեամբ յառաջ եկած ուղեղի արեան շրջանառութեան փոփոխութիւնները ու տեսաւ,որ հակառակ ընդունւած վարկածին,ուղեղը քունի միջոցին կը գտնուի յարաբերական անիրաւութեան մը մէջ,կը նուազի արեան խողովակներուն տրամագիծը,կը պակսի արեան քանակը եւ կը դանդաղի արեան շրջանառութիւնը:

Տիւրհէմ ապացոյցներով հաստատեց,որ ուղեղին գործունէութիւնը աւելցնող պատճառները, ինչպէս զգայարանքներուն վրայ կատարուած ուժգին տպաւորութիւնները, յուզումները, գրգռիչ գաղափարները եւ այլն, կը ձգտին ուղեղը արթուն վիճակի մէջ պահել:

Ուրիշ բնախօսներ քունի մեքենականութեան մասին մէջտեղ դած են տարբեր եւ զանազան վարկածներ:

Ոմանք կը կարծեն,թէ ուղեղային բջիջները պարբերաբար կ’ենթարկուին տեսակ մը շնչահեղձութեան: Շնչառութեան շարժումները կը պակսին եւ բնածխական թթուն կ’արտաքսուի աւելի քիչ քանակութեամբ: Հետեւաբար այս կազմը պիտի ըլլայ ջղային բջիջներուն թմրութեան պատճառը:

Կատուները քնանալու համար իրենց թաթերը ռունգերուն առջեւ դնելով միթէ չե՞ն օգներ այս յարաբերական շնչահեղձութեան:

Ըստ Լէոն Էրրէրայի,քունը մարսողական եւ դնդերային գործարանական թոյներէ յառաջ եկած թունաւորում մըն է,որուն ազդեցութիւնը կը նմանի քնաբեր նիւթերու ազդեցութեան: Այս տեսութեան ի նպաստ Շ. Պուշար ցոյց տուաւ, որ երբ քունի ժամանակ մէզը կենդանիներու ներարկուի՝ դնդերաձգութիւններ կը յառաջացնէ, մինչդեռ իրիկունը, ընդհակառակը, քնաբեր է: Միւս կողմէ,երբ երկար անքընութեան մէջ պահուած շան մը արիւնը կամ գանկողնայարային հեղուկը ներարկուի այլ շան մը՝ կը ստեղծէ քնանալու անդիմադրելի պահանջ մը:

Մաթիաս Տիւվալ եւ Մանուէլեան յայտնած են բոլորովին տարբեր տեսութիւն մը: Ջղաբջիջը,ջիղերու բաղկացուցիչ մասը,կազմուած է կորիզէ մը եւ կողմնակի ճիւղաւորումներէ: Ջղաբջիջները չեն փակիր իրարու,այլ կը յարադրուին՝ միջոց մը ձգելով երկու ճիւղաւորումներուն միջեւ:Ջղային հոսանքը կ’անցնի մէկ ջղաբջիջէն միւսը,ելեկտրական կայծի մը պէս,որ կը ցայտէ երկու մօտեցուած թելերէ:

Եթէ երկու թելերուն միջեւ միջոցը աւելի է,ապա ելեկտրական հոսանքին ուժը պէտք է ըլլայ աւելի բարձր:Միջոցը եթէ չափէն աւելի մեծնայ,ապա կայծը չ’անցնիր:Իսկ եթէ բջիջային ճիւղաւորումները քունի ատեն իրարմէ հեռանան,ապա պէտք է աւելի ուժեղ գրգռութիւն մը՝ անցքը կարելի դարձնելու համար:Արդ,նկատուած է,որ ջղային հիւսուածքին հաղորդականութիւնը քունի մէջ շատ կը նուազի:Ամէն բան տեղի կ’ունենայ ներքին(գործարանային թոյներու,բնական աւելցուքներու)կամ արտաքին(դեղերու)ազդեցութեան տակ ջղաբջիջներու ճիւղաւորումները կծկուելով արգիլէին ջղային հեղուկին անցքը:

Այս տեսութիւնները չեն կրնար բոլորովին գոհացնել,որովհետեւ քունը բացարձակ եւ անդիմադրելի անհրաժեշտութիւն մըն է:Այս երեւոյթները ազդարարութիւններ են,որոնք,ուղեղին փոխանցուելով,տեղի կու տան քնաբեր անդրադարձի մը,որուն հակակշռումը վերապահուած է մարդուն: Գիտունները,մասնաւորաբար ռուս բժիշկները,քունը կ’օգտագործեն դարմանաբանական նպատակով:Արդարեւ,տեսնուած է,որ մահէն առաջ շատ անգամ տեղի ունենան ընդհանուր դնդերաձգութիւններ,որոնց ընթացքին նոյնիսկ կենդանին կրնայ փրկուիլ մահէն,եթէ ենթակային թոյլ տրուի քնանալ:Այս փորձը ցոյց կու տայ ոչ միայն անքնութեան հետեւանքներուն ծանրութիւնը,այլեւ այն դիւրութիւնը,որով առողջական խանգարուած վիճակ մը կը վերահաստատուի,երբ ենթական անմիջապէս քնանայ:

(ԶԳՈՅՇ),Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ,Բ տարի,թիւ 1 (5),2016 էջ 32 33