Փինար Սելեք

Փինար Սելեք
թրք.՝ Pınar Selek
Ծնած է 8 Հոկտեմբեր 1971(1971-10-08) (52 տարեկան)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա[1]
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
 Ֆրանսա
Ուսումնավայր Նոթր Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարան
Սթրասպուրկի Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ընկերաբան, իրաւապաշտպան, մանկագիր
Կայքէջ pinarselek.fr

Փընար Սելեք (թրք.՝ Pınar Selek,8 Հոկտեմբեր 1971(1971-10-08), Պոլիս, Թուրքիա[1]), թուրք ընկերաբան, կանանց իրաւունքի պաշտպան, հակառազմապաշտ, գրող, յանձնառու եւ պայքարող:

Հայրը՝ Ալփ Սելեք, իրաւաբան, մարդկային իրաւանց պաշտպան։ 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք ան հինգ տարի կը բանտարկուի․ իսկ մեծ հայրը՝ ձախ յեղափոխական եւ Թուրքիոյ «Աշխատաւորական» կուսակցութեան հիմնադիրներէն է:

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փընար Սելեք Նոթր Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարանին մէջ ֆրանսերէն սորված է: Ուսանած է ընկերաբանութիւն եւ Կը զբաղի չափահաս աներդիքներով:

Համակիրներու հետ կը հիմնէ «Փողոցի արուեստագէտներ» միութիւնը, որուն համադրողը կ'ըլլայ։ Միութեան կ'անդամակցին մանուկներ, գնչուներ, ուսանողներ, տանտիկիններ, միասեռականներ, պոռնիկներ․ Սելեքին «Աշխատիլ անոնց հետ, որոնք լուսանցքի վրայ մնացած են» խորագրով յօդուածը կը բացատրէ իր միտումը:

Սելեք կ'ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու փոփոխութիւնները, միասեռականները, այլ սեռային հարցեր եւ անոնց մերժումը ընկերութեան կողմէ, անոնց կողքին կը պայքարի: Կ'ուսումնասիրէ քրտական հարցը, կը ճամբորդէ Քիւրտիստան, Ֆրանսա, Գերմանիա:

1998-ին կը ձերբակալուի Պոլսոյ մէջ, չարչարանքի կ'ենթարկուի, որպէսզի իր խօսակիցներուն անունները տայ: Կը զրպարտուի 9 Յունիս 1998-ին ռումբ մը տեղադրած ըլլալու յանցանքով, որ պատճառ եղած էր 7 հոգիի մահուան[2]:

17 տարիէ աւելի կը հալածուի: Երկուքուկէս տարի բանտ կը մնայ, մտաւորականներ եւ փաստաբաններ զօրավիգ կը կագնին իրեն: Բանտին մէջ գրածները կը բռնագրաւուին:

2000-ին ազատ կ'արձակուի: Համաժողով մը կը կազմակերպէ՝ «Կանանց հանդիպում՝ խաղաղութեան համար»[3], Տիգրանակերտի մէջ (Տիարպեքիր), ապա նաեւ ուրիշներ ալ, Պոլիս, Պաթման եւ Գոնիա:

Կը հիմնէ միւթիւն մը եւս, կանանց դէմ բռնութիւնները կանխելու, խաղաղութեան եւ բոլոր տեսակի տիրապետութիւններու դէմ: 2001-ին, Պոլսոյ կեդրոնը կը հիմնէ կանանց պաշտպանութեան առաջին գրատունը:

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-ին Փընար Սելեք կը հրատարակէ «Պարիշմատիք» գիրքը (Չկրցանք խաղաղութիւն հաստատել), կը խօսի թրքական ռազմապաշտութեան եւ Թուրքիոյ մէջ խաղաղասիրական շարժման մասին:

Կը հիմնէ կանանց պաշտպանութեան հանդէս մը, որ մինչեւ այսօր հազարաւոր օրինակներով կը վաճառուի, որուն գլխաւոր խմբագիրն է:

2006-ին անպարտ կը հռչակուի, կեղծուած ամբաստանութիւնները կը հերքուին: Կ'աշխատակցի բազմաթիւ թերթերու, կը պայքարի ամէն կարգի տիրապետութիւններու դէմ:

2008-ին կը հրատարակէ «Սիւրիւն էրքէք օլմաք» գիրքը (Այր դառնալ սողալով), քնադատելով զինուորական ծառայութիւնը:

Կը հրատարակէ «Սու տամլասի» գիրքը (Ջուրի կաթիլը), եւ այլ գիրքեր: Նոյն տարին կրկին կ'ամբաստանուի, վճիռը կը բեկանուի եւ կը ստիպուի երկրէն հեռանալ:

Կրթաթոշակ մը կը ստանայ «Աքսորական գրողներ» հիմնադրամէն, եւ Գերմանիոյ մէջ կ'աւարտէ իր առաջին վէպը՝ «Եոլ կեչէն հանի» (Անցորդներու հիւրանոցը»):

2011-ին կրկին անպարտ կը հռչակուի, բայց դատախազը կրկին կ'ամբաստանէ զինք, եւ 2013-ին կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան[4]: Յաջորդական անպարտ յարձակումներ եւ կրկնուող ամբաստանութիւններ ու դատեր:

Փընար Սելեք կ'ապրի Ֆրանսա: Կը հրատարակէ իր գիրքերը:

2015-ին լոյս կը տեսնէ «Որովհետեւ հայ են» գիրքը:

Ներկայիս Քաղաքական Գիտութիւն կ'ուսուցանէ Նիսի համալսարանը: Կը պայքարի վերստեղծելու համար քաղաքականութիւնը, որպէսզի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն ըլլայ բոլորին համար:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #141138246 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. Baran Mavzer (27 January 2013), "Pınar Selek Issued a Life Sentence after 15 Year Trial". Global Voices. Retrieved 27 January 2013.
  3. «Pınar Selek»։ Amargi Istanbul (անգլերէն)։ 2011-01-15։ արտագրուած է՝ 2022-02-01 
  4. The Observatory (27 November 2012), "TURKEY: Judicial harassment of Pinar Selek continues as Istanbul Heavy Penal Court decides to amend her acquittal and request her conviction". International Federation for Human Rights Archived 2013-06-05 at the Wayback Machine.. Paris-Geneva. Retrieved 2 February 2013.