Փերկամոնացի Կալէն

Կալէնի յուշարձանը իր ծննդավայր Փերկամոնի մէջ:
Կալէն՝ կապիկ հերձելու ատեն,նկարը՝ 1906-ին:
Կալէնի Օփերա Օմնիա (Opera omnia) գործին 1565-ի հրատարակութեան նկարազարդումներէն:
Կալէնին De curandi ratione գործին 1529, հրատարակութեան տիտղոսաթերթը:
Բժիշկներու պատկերով էջ Wiener Dioskurides հնատիպ գիրքէն. Կալէնը պատկերուած է վերը, կեդրոնը:

Կալէն Քլոտիոս (յուն․՝ Γαληνός, 131 Փերկամոն, Փոքր Ասիա, -201 Հռոմ), հին բժշկագիտութեան դասականներէն, յունական ծագում ունեցող հին հռոմէացի բժիշկ, վիրաբուժ, փիլիսոփայ[1]. ան մեծ ներդրում ունեցած է [2] կազմախօսութեան, բնախօսութեան, ախտաբանութեան[3],[4]դեղագիտութեան եւ նեարդաբանութեան, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայութեան[5] եւ տրամաբանութեան մէջ:

Անոր անունը տարածում գտած է վերածննդեան դարաշրջանին եւ ոչ մէկ ձեռագիրի մէջ արձանագրուած է. որոշ ուսումնասիրողներ:

Յունաստան ծնած եւ մեծցած Փերկամոնացի Կալէնը սորված է անդամազննութիւնը եւ ֆիզիոլոկիական տեսութիւնը Եգիպտոսի մէջ՝ Աղեքսանտրիա, եւ կատարելագործած է իր բժշկական հմտութիւնները` բուժելով վիրաւոր կլատիաթորները իր ծննդավայրին մէջ` նախքան Հռոմի մէջ հաստատուիլը 162-ին: Ի թիւս այլ վիրահատութիւններու, Կալէն կը քաջալերէր ֆիզիքական վարժութիւնները, հաւասարակշռուած սննդակարգը, կանոնաւորուած առողջաբանութիւնը եւ լոգանքը: Ըստ իրեն՝ ուղեղն է, որ կը հսկէ մարմինը, եւ ոչ թէ`սիրտը: Ան առաջին բժիշկն էր, որ ցոյց կու տայ, թէ կոկորդը ձայն կ'արտադրէ եւ կը դառնայ երակային ու զարկերակային արիւններու միջեւ տարբերութիւնը առաջին յայտնաբերողը: Ծառայելով քանի մը կայսրերու` իբրեւ անձնական բժիշկ, Կալէն կը զարգացնէ անդամազննական իր գիտելիքները` կլատիաթորներու խնամքի եւ անասուններու մասնատման միջոցով: Ան գրած է հարիւրաւոր բժշկական բանագրութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատը մնացած են վստահելի աղբիւրներ մինչեւ 1500-ական թուականներ[6]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Life, death, and entertainment in the Roman Empire». David Stone Potter, D. J. Mattingly (1999). University of Michigan Press. p.63. ISBN 0-472-08568-9
  2. Galen on the affected parts
  3. Arthur John Brock (translator), Introduction. Galen. On the Natural Faculties. Edinburgh 1916
  4. Galen on pharmacology
  5. Galen on the brain
  6. Փերկամոնացի Կալէն