Հռոմէական Բժշկութիւն

Հին Հռոմէական բժշկական գործիքներ

Հին Հռոմէական բժշկութիւնը գիտական գիտելիքները կը համադրէր գերբնական եւ կրօնական համոզմունքներու հետ: Հռոմէացի բժիշկները որդեգրած են յոյն բժիշկ Հիպոկրատի եւ անոր հետեւորդներու վարժանքները եւ անոնց փիլիսոփայութիւններէն շատերը, յատկապէս` Ք.Ա. 219-ի Սպարտայի Արխակաթուսի ժամանումը, որ կը նկատուէր առաջին յոյն բժիշկը, որ կը գործէր քաղաքին մէջ:

Այսուհանդերձ, հին հռոմէացիները նաեւ բժժանքներ (ամուլեթներ) կը կրէին` հիւանդութիւններէ խուսափելու համար եւ տաճարներու մէջ նուիրատուութիւններ կը մատուցէին աստուածներուն, որոնք բուժիչ ուժ ունէին[1][2]:

Մարդոց դիակներու մասնահատումները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Հռոմի մէջ մարդոց դիակներու մեծ մասին մասնահատումներու արգելքը` կրօնական, բարոյագիտական եւ հանրային առողջութեան հետ կապուած մտահոգութիւններու պատճառով, կը խանգարէ անդամազննութեան ուսումնասիրութիւնները: Բժիշկները կ'ապաւինէին անասուններու, յատկապէս խոզերու մասնատման եւ այլ անասուններու հատման, որովհետեւ անոնց անաթոմիական կառուցուածքը կ'արտացոլէր մարդու մարմինին կառուցուածքը: Այս մասնահատումները հանրային ձեւով կը կատարուէին եւ կը ծառայէին դիտորդներու` իբրեւ ժամանց, իսկ բժիշկներու համար` իբրեւ նոր հիւանդներ ներգրաւելու ձեւ:

Երազները իբրեւ ախտորոշման գործիք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին հռոմէացի բժիշկներ ախտորոշումներ կատարելու եւ բուժումներ որոշելու համար նկատի կ'առնէին երազները, որովհետեւ անոնք կ'ենթադրէին, թէ երազները կրնան հոգիէն ազդանշան ըլլալ մարմինին մէջ հիւմորային անհաւասարակշռութեան մասին: Բժիշկներ կը կարծէին, որ երազները կրնան հիւանդներու մասին պատկերացում մը կազմել: Բաներ, որոնք անտեսանելի են ու թաքնուած` մարմնային քննութեան ատեն: Օրինակ` այն երազները, որոնք կը ներառէին ձիւն կամ սառոյց, կ'ենթադրուէր, որ ցոյց կու տան խորխի աւելցուկ, մինչդեռ միւսները, որոնք կրակ կը տեսնէին, ցոյց կու տային ազդանշան` մաղձի մակարդակի բարձրացման:

Բժշկութիւնը՝ Հռոմէական բանակին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օգոստոս կայսրը կը հիմնէ առաջին արհեստավարժ ռազմաբժշկական մարմինը, որ յոյն արհեստավարժ բժիշկներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ` անոնց տրամադրելով հռոմէական լիակատար քաղաքացիութեան իրաւունք, ինչպէս նաեւ անոնց թոշակներ տրամադրելով, առանց տուրքերու: Բժշկական մարմինը կը ձեւաւորէ դաշտային վիրաբուժութեան առաջին ստորաբաժանումներէն մէկը, կը ստեղծէ լաւ ձեւով մշակուած առողջապահական համակարգեր` հիւանդութիւնները կանխելու համար եւ յառաջընթաց մը կ'արձանագրէ արիւնահոսութեան դադրեցման շրջագիծին մէջ` զարկերակները կարելով: Բանակատեղիի բժիշկները կայսրութեան բժշկական առաջնահերթութիւնը կը համարուէին: Իրենց ճանապարհորդութիւններուն ընթացքին, անոնք կը ծանօթանային նոր գաղափարներու եւ կ'ուսումնասիրէին մարդու անդամազննութիւնը` դաշտային հիւանդանոցներու մէջ վիրաւոր զինուորներու վիրահատութիւններ կատարելու ատեն: Հին Հռոմի բժշկական մարմինի նորամուծութիւններուն շնորհիւ, միջին վիճակագրական զինուորին կեանքին տեւողութիւնը հինգ տարիով աւելի էր, քան` սովորական քաղաքացիինը:

Կին Բժիշկները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիներ բժշկութեամբ կը զբաղէին Հին Հռոմի մէջ: Կին բժիշկները գերակշռող չէին, աւելի յաճախ կիները հանդէս կու գային իբրեւ մանկաբարձուհիներ, դայեակներ, որոնք կ'աշխատէին բժիշկներու ղեկավարութեամբ՝ աջակցելու ծննդաբերութեան եւ բեղմնաւորութեան դեղեր ստանալու ատեն: Կին բժիշկները, որոնք երբեմն կը զբաղէին կնախտաբանութեամբ եւ մանկաբարձութեան այլ մասնագիտութիւններով, հակուած էին ըլլալու յունական ծագումով ազատ կիներ, մինչդեռ դայեակները յաճախ նախապէս ստրկացած կիներ էին:

Կաղամբը իբրեւ հեքիաթային դեղատեսակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէացի բժիշկներ սննդակարգը կը կապէին քաջառողջութեան հետ, եւ կաղամբը, կ'ըսէին, իբրեւ «գերմթերք» (superfood)` կրնայ կանխել եւ բուժել բազմաթիւ հիւանդութիւններ: Հռոմէացի պատմաբան Գաթօ Աւագը կաղամբի օգտակար յատկութիւններու մասին շուրջ 2000 բառէ բաղկացած բանագրութիւն մը կը գրէ De Agricultura-ի մէջ: Ըստ Գաթոյին, տերեւաւոր բանջարեղէնը կը բուժէր գլխացաւերը, տեսողութեան խանգարումը եւ մարսողական խնդիրները, մինչդեռ մանրացուած կաղամբի օգտագործումը կը ցաւազերծէր վէրքերը, կապտութիւնները եւ ոսկորներու տարատեղումները: «Մէկ խօսքով, ան կը բուժէ ներքին, տառապող բոլոր օրկանները»: Գաթօ նոյնիսկ գրած է, որ եփած կաղամբի գոլորշիները ներշնչելը կը նպաստէ բեղմնաւորութեան եւ մեծ քանակութեամբ կաղամբ ուտող մարդու մէզի մէջ լոգանքը կը բուժէ բազմաթիւ հիւանդութիւններ[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]