Փարիզ (թերթ)

Փարիզ
Փարիզ
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1860
Կոչուած է Փարիզ
Երկիր  Ֆրանսա
Գրասենեակ Փարիզ

«Փարիզ», ֆրանսահայ շաբաթական, ապա կիսամսեայ լրատու պարբերական։ Լոյս տեսած է 1860-1863 թուականներուն, Փարիզ։ «Հայրենասէր» պարբերականի շարունակութիւնն է: Խմբագիր-տնօրէն՝ Աբրահամ Մուրատեան, պատասխանատու հրատարակիչ՝ Վիքթոր Լանկլուա։

Տարածուած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մեծ քաղաքները, Մերձաւոր Արեւելքի, Հնդկաստանի, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ։

Հիմնականօրէն անդրադարձած է արեւմտահայ հասարակական, տնտեսաական եւ առեւտրական կեանքի հարցերուն։ Կարեւորած է Ազգային սահմանադրութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը։

Հանդէս եկած է երկրագործութիւնը, յատկապէս բամպակի մշակումը, զարգացնելու առաջարկով եւ, իբրեւ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման ուղի՝ ջատագոված է առեւտուրը այլ երկիրներու հետ։

Առանձին թիւեր նուիրած է Արեւմտեան Հայաստանի ներքին կացութեան, լուրեր հաղորդել թուրքական բռնութիւններու դէմ հայերու ինքնապաշտպանական ելոյթներու վերաբերեալ[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՓԱՐԻԶ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-19 
  2. «Համահայկական թուանշային գրադարան» 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։