Տումիի յուշարձանները
Տումիի յուշարձանները, Տումին Արցախի հինաւուրց բնակավայրերէն է` Իշխանագետի Շնաքար վտակի ափին. Դիզափայտ լերան ստորոտը, որ եղած է Արցախի հարաւային շրջաններու իշխանութեան կեդրոններէն:
Տումիի պատմական յուշարձանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տումիի եւ յարակից շրջանները հարուստ են պատմական յուշարձաններով: Տումիի պատմական յուշարձանները, եկեղեցիներն ու սրբավայրերն են․
Սուրբ Յովհաննէսը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տումի գիւղին կեդրոնը կը գտնուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, որ կառուցուած է 17-րդ դարուն: Անոր հարաւային ճակատը` մասնաւորապէս շքամուտքը եւ աջ ու ձախ կողմերուն ագուցուած խաչաքանդակ քարերը շքեղ պատկեր մը կը ներկայացնեն: Աջակողմեան քանդակազարդ քարին վրայ զոյգ խաչաքանդակներ կան եւ արձանագրութիւն մը: Խորհրդային տարիներուն զարդաքանդակներն ու արձանագրութիւնը քերուած են, կ՛երեւի միայն «1868 … ՍՐ …» գրութիւնը: Սա եկեղեցւոյ վերանորոգման թուականն է:
Խորհրդային տարիներուն Տումիի այս հնագոյն եկեղեցին անխղճաբար գործածուած է իբրեւ հացահատիկի պահեստ, կատարուած են ձեւափոխութիւններ: Հարաւէն մուտքը գոցուած է, եւ նոր մուտք մը բացուած է արեւելեան ճակատէն` խորանէն: Հիւսիսային պատին վրայ բացուած է անցք մը, որպէսզի հացահատիկը պարպելու նպատակով գործածուի, լայնցուած է արեւմտեան լուսամուտը հարաւային ճակատէն, մուտքէն դէպի աջ բացուած է մեծ լուսամուտ մը:
Արցախի առաջին պատերազմի տարիներուն եկեղեցին չէր վնասուած: 2019 թուականին սկսած էին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որոնց կը հսկէին պատմաբաններ, ճարտարապետներ` նպատակ ունենալով եկեղեցին վերադարձնել իր պատմական տեսքին: Վերականգնուած էր զանգակատան բոլորաձեւ շէնքը, բացուած էր հին մուտքը, սակայն վերականգնումը աւարտին չէր հասած:
2020 թուականին սկսած է պատերազմը, սակայն ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին եկեղեցին չէ տուժած: Գիւղը մնացած է սահմանէն անդին:
Կարմիր Խաչը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարմիր եկեղեցի կամ Կարմիր խաչ։ Ան կառուցուած է 11-րդ դարուն (1000 թուականին): Այս մասին կը վկայէ յուշարձանին վրայ տեղադրուած արձանագրութիւնը, որ այժմ կը գտնուի Արցախի պատմա-երկրագիտական թանգարանին մէջ: Կիսաւեր եկեղեցւոյ մէկ պատը կը վկայէ, որ 1000 թուականին կառուցուած էր կրաքարերով` հիմնականօրէն մոխրագոյն կրաշաղախով: Ներսը պահպանուած է մէկ խաչքար, իսկ շրջակայքը կան գերեզմանոց եւ Քրիստոսէ առաջ 2-1 հազարամեակներուն թուագրուող դամբարանաբլուրները:
մինչեւ 2020 թուականին պատերազմը եկեղեցին կիսաքանդ էր:
Ղլենքար Բերդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղլենքար բերդը կը գտնուի Տումի գիւղէն 6-7 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ թեքած բարձր, անմատչելի ժայռի մը վրայ: Բերդի մուտքին` հիւսիսային կողմը նկատելի են պարիսպին մնացորդները, սեղանի մեծութեամբ բազմաթիւ յղկուած քարերու կոյտեր, բնակատեղեր եւ պաշտպանական օժանդակ այլ շինութիւններու հետքեր:
Կ՛ենթադրուի, որ ամրոցը ունեցած է գաղտնի դուռ մը, որուն տեղը անյայտ է: Բերդը կաւէ խողովակներով ջուր ստացած է 800 մեթր ցած գտնուող աղբիւրէն:
Ղլենքար բերդէն հիւսիս կը գտնուի Թաղալ աղբիւրը: Տեղացիներուն վկայութեամբ, այս աղբիւրը (որուն ջուրը ունի 4 զանազան աստիճաններ` ըստ եղանակի) շատ հին ժամանակ թշնամիներէն քողարկուած, թաքցուած է եւ յատուկ կաւէ խողովակներով գետնին տակէն բարձրացուած է մինչեւ Գորոզ բերդին մուտքը:
Աղբիւրին անունը կապուած է թաղուած, քողարկուած աղբիւր մը ըլլալու հանգամանքին հետ:
Խտտրոխութը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խտտրոխութը ընդարձակ հնավայր մըն է, որ կը գտնուի Տումիէն 3 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք: Հոս կը գտնուին հին, կործանուած եկեղեցւոյ մը փլատակները, տուներուն հիմնապատերը եւ ընդարձակ գերեզմանատան մը հողմահարուած տապանաքարերը: Անոր արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի Վարդապետի աղբիւր յուշարձանը:
Ստեփնոցենց Խութը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփնոցենց խութը կը գտնուի Տումի գիւղին հիւսիսային մասը, չորս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, բլուրի գագաթին, ուր կան հին գիւղատեղիի աւերակներ, գերեզմանաքարեր, ցիր ու ցան խաչքարեր: Տումեցիները փլած եկեղեցին եւ բլուրը կոչած են Ստեփանոսին անունով:
Մկրտիչի տեփերը հին գիւղատեղի է, ուր ամարանոցներ եղած են: Այս հնավայրը կը գտնուի Ծաւեր անունով անտառի եւ Դիզափայտ լերան ալպեան մարգագետիններուն գօտիին միջեւ, Տումի-Խանձաձոր ճամբուն աջ կողմը:
Հայկազունի Կամուրջը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տումին հարուստ է նաեւ հնագոյն կամուրջներով, որոնք պահպանուած եւ հասած էին մեր օրերը: Հայկազունի կամուրջը միակամար է` կառուցուած Իքեակ գետին վրայ: Պահպանուած վիմագրութեան համաձայն, ան 18-րդ դարու յուշարձան մըն է, որմէ անցնող ճամբան Վարանդա գաւառակը կը կապէ Գտչավանքին եւ Կատարովանքին:
Այսօր կամուրջն ալ, Գտչավանքն ալ, Կատարոն ալ անցած են Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ:
Եօթը Դուռերով Վանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տումիի մէջ կար նաեւ աւերակի վերածուած վանք մը, որ հակառակ աւերակ ըլլալուն` կը կոչուէր Եօթը դուռերով վանք եւ ուխտատեղի էր թէ՛ արցախցիներուն եւ թէ՛ Արցախ այցելած ուխտագնացներուն համար, որոնք կը հաւատային Եօթը դուռով վանքին զօրութեան եւ ուխտեր կը կատարէին:
Արքունական Բաղնիքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տումին հին ժամանակ նաեւ արքունական բաղնիք մը ունեցած է: Անոր տեղը Տումիէն դէպի Ճոխտպռվածառի վանքը տանող ճամբուն վրայ էր, Քեֆաձորին անտառափէշ բացատին մէջ, հանքային աղբիւրին մօտ: Հոս էր Դիզակի իշխանութեան առողջարանը, բաղնիք-բուժարանը:
Դիզափայտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տումիի բոլոր յուշարձանները, անկախ իրենց նշանակութենէն, ուխտատեղի եղած են տեղացիներուն եւ այցելուներուն համար, իսկ ամենամեծ ուխտատեղին եղած է Դիզափայտ լեռը։
Դիզափայտի գագաթին հիմնուած էր Կատարովանքը` 4-5-րդ դարերուն: Լեռնագագաթը Արցախի գլխաւոր ու պատմական սրբավայրերէն մէկն է:
Լեռնագագաթէն կ՛երեւին Մուղանի դաշտավայրը, Իրանի սահմանը` Արաքսի հովիտը, Զանգեզուրի լեռնաշխարհը, Մռովի կատարները, իսկ աւելի մօտէն` հիւսիսային կողմը, Հարոս լեռնաշղթան:
Ըստ աւանդութեան, լերան գագաթին, հինաւուրց Կատարովանքին տեղը 330-ականներուն նահատակուած են մազքթաց Սանեսան արքային զաւակներն ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց դարձի բերած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին թոռը` Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիսը: Նորահաւատները փայտերու պէս դիզած եւ այրած են, հոսկէ ալ ծագած է լերան անունը: