Jump to content

Վոյտոմաթիս

Վոյտոմաթիս
Βοϊδομάτης
Վոյտոմաթիս գետ
Վոյտոմաթիս գետ
Բնութագիր
Երկայնք 15 քմ
Ջրահոսք
Ակունք Վիքոս գիւղ, Իոանինա, Իփիրոս
Գետաբերան Աո՛ոս
Տեղակայում
Երկիր Յունաստան

Վոյտոմաթիս (յուն․՝ Βοϊδομάτης)․ Եւրոպայի ամենէն մաքուր գետերէն։ Անոր գլխաւոր ակերը կը գտնուին Վիքոս գիւղին հարաւը։ Վոյտոմաթիս կը հոսի Յունաստանի ամենէն գեղեցիկ լեռնային վայրերուն ընդմէջէն՝ Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակէն եւ Վիքոս կիրճէն եւ յայտարարուած է «բնութեան յուշարձան»։

Աո՛ոս գետին գլխաւոր հարկատուն է։

Հոսքին ընթացքին կ՛ընդունի բազմաթիւ ջուրի հոսանքներ, որոնք կը կազմուին Թիմֆի լերան լանջերուն եւ կամ ալ Վիքոս կիրճին մէջ։

Գետին երկարութիւնը 15 քլ․ է։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]