Jump to content

Վիքոս կիրճ

Կիրճ
Վիքոս կիրճ
Φαράγγι του Βίκου
Վիքոս կիրճը
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ

Վիքոս կիրճ (յուն․՝Φαράγγι του Βίκου)․ կը գտնուի Իոանինայէն 30քլ․ հիւսիս-արեւմուտք, Յունաստան։ Կիրճին լանք-երկայնք-բարձրութիւն համեմատութիւնը, անոր կը դասէ որպէս աշխարհի ամենէն խորունկ ու մեծ կիրճը, ըստ՝ Կինես համաշխարհային մրցանիշին։ Մեծ թիւով հազուագիւտ բոյսերու եւ կենդանիներու ապաստանարանն է։ Կիրճը Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակին կորիզն է։

Կիրճին երկարութիւնը 11 քլ․ է եւ անոր խորութիւնը կարգ մը մասերուն 1000 մեթր կը հասնի։ Զայն կը ճեղքէ Աո՛ոս գետին հարկատուն Վոյտոմաթիս։ Կիրճը բոլոր եղանակներուն ջուր ունի։

Շրջանին մէջ մարդկային գործունէութեան առաջին հետքերը որ յայտնաբերուած են 40․000 տարուան են։

Վիքոս կիրճին համայնապատկեր


Կիրճը կը ներգրաւէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ։ Անոր մէջէն անցքը 4-5 ժամ կը տեւէ։ Ուղղեւորութիւնը կը մեծարէ հիանալի պատկերներ։ Կիրճին շրջակայքին արգիլուած է մարդու որեւէ գործունէութիւն որ կամ ունի անասնաբուծութեամբ եւ փայտահատութեամբ։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]