Jump to content

Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակ

Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակ
Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակ
Εθνικός Δρυμός Βίκου-Αώου
Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակ
Երկիր Յունաստան
Շրջան Իփիրոս
Հիմնադրուած է՝ 1973
Տարածութիւն 126 քմ²

Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակ (յուն․՝Εθνικός Δρυμός Βίκου-Αώου), բնական հարստութեամբ կենսավայր, Իոանինայի հիւսիսը, Զաղորի, Իփիրոս։ Յունաստան։

1976-ին յայտարարուած է ազգային պուրակ եւ մաս կը կազմէ ՆԱԹՈՒՐԱ 2000 եւրոպական շրջաններու պաշտպանուած գօտիին։ Սահմանակից է Փինտոս ազգային պուրակին։

Վոյտոմաթիս գետին աղբիւրները

Կոչուած է նաեւ «Բարձր գագաթներու պուրակ» դարվար եւ բարձր գագաթներուն համար, ինչպէս օրինակ՝ Կամիլա (2497մ․)։

Տարածութիւնն է 122․250 լծվար։ Ամբողջութեամբ բնապահպանուած շրջան է եւ այդ պատճառով արգիլուած է մարդկային որեւէ գործունէութիւն։

Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակը Յունաստանի տասը ազգային պուրակներէն մէկն է։ Իր մէջ կը ներփակէ՝ Վիքոս կիրճը, Թիմֆի լեռնաշղթային մաս մը, Աո՛ոս կիրճը եւ պաշտպանուած բնավայրեր։

Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակին իւրայատկութիւնը այդ է թէ խիտ բուսականութիւնը եւ դարվար կիրճերը իրար կը յաջորդեն։ Շրջանը ապաստան է բոյսերու բազմաթիւ տեսակներու․ արձանագրուած են 1700-է աւելի բոյսերու տեսակներ, 50-է աւելի անտառային ծառեր, ինչպէս նաեւ բնիկ հազուագիւտ բոյսեր։

Բուսական աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վիքոս-Աո՛ոս ազգային պուրակ

Պուրակին խիտ անտառները բաղկացած են ուռենիներէ, դարաւոր սօսիի ծառերէ, փեկոններէ եւ բարդիներէ։

Կենդանական աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պուրակը բնակավայրն է 24 տեսակ ստնաւորներու՝ արջի, գայլի, այծեամի, քարայծի, վայրի խոզի, սամոյրի, եւայլն։ Թեւաւորներու 133 տեսակներու՝ արծիւի, բազէի, անգղի, ինչպէս նաեւ ձուկերու կարգ մը տեսակներու։

[1] [2] [3] [4]

Աո՛ոս

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]