Jump to content

Վիգէն Աւագեան

Վիգէն Աւագեան, ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ ռատիոկայանի տնօրէն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

Վիգէն Աւագեան Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի պատմագիտութեան բաժնի շրջանաւարտ է (1991): Նախակրթութիւնը ստացած է Ազգ. Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի մէջ։

2005-2017 ան վարած է Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի տնօրէնութիւնը։ Մինչ այդ, ունեցած է կրթական-մանկավարժական բեղուն գործունէութիւն։ Պաշտօնավարած է լիբանանահայ կրթական հետեւեալ հաստատութիւններու մէջ.-

Հոկտեմբեր 2005-էն մինչեւ օրս Վիգէն Աւագեան հայոց պատմութեան դասախօս է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ.

Օգոստոս 2017-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի փակումէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ ան կը նշանակուի տեղեկատուական մարզի եւ հանրային կապերու տնօրէն, ստանձնելով ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ ռատիոկայանի յայտագիրներու եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական բաժինի, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային ցանցերու էջերուն պատասխանատուութիւնը:

Փետրուար 2019-ին, Վիգէն Աւագեան կը նշանակուի ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ ռատիոկայանի տնօրէն։

Դասախօսական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիգէն Աւագեան բանախօսութիւններով եւ զեկուցումներով հանդէս եկած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Ամմանի, Քուէյթի, Հայաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի եւ Յունաստանի մէջ։ Իր զեկուցումներէն կ'արժէ յիշել հետեւեալները.-

  • «Արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումը հայեցի դաստիարակութեան մէջ» (Համասփիւռքեան կրթական Ա. համագումար, 2004):
  • «Հայրենի Ջաւախքը իր հոգերով» («Կամաւոր կազմակերպութիւնները 21րդ դարուն», ՀՕՄ-ի սեմինար, 2004)
  • «Հայոց պատմութեան դասաւանդման ձեւի քննարկում» (Համազգայինի Կրթական Խորհուրդի սեմինար, 2005):
  • «21րդ դարու մարտահրաւէրները եւ զանոնք յաղթահարելու միջոցները» (Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի վարչութիւններու Ա. խորհրդաժողով, 2006):
  • «Հայոց պատմութեան դասաւանդութեան վերակազմակերպում» (Համասփիւռքեան կրթական Բ. համագումար, 2008):
  • «Լիբանանահայ գաղութին երիտասարդական հարցերը» (Լիբանանահայ գաղութի հարցերու քննութեան խորհրդաժողով, 2009):
  • «Կիլիկիոյ ջարդերէն մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ քաղաքական գնահատական» (Ատանայի ջարդերուն 100ամեակին նուիրուած համագումար, 2009):
  • «Հայ-թուրք յարաբերութիւններու պատմականին ու ներկային փոխանցումը աշակերտութեան» (Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնի սեմինար, 2010):
  • «Միջոցներ ներգրաւելու համար մանուկը, պատանին եւ երիտասարդը» (Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի վարչութիւններու Բ. խորհրդաժողով, 2010):
  • Երիտասարդութիւն եւ համաշխարհայնացում» (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի կրօններու երկխօսութեան կեդրոնի չորրորդ խորհրդաժողով, 2010):
  • Մերօրեայ մամլոյ սպասարկուին կերպարը (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայ մամուլի խորհրդաժողով, 2019):
  • Ի՞նչպէս ներգրաւել երիտասարդութիւնը մեր միութիւններուն մէջ (Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական խորհրդաժողով, 2019)։

Խմբագրական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրթական մշակ եւ մամլոյ պատասխանատու ըլլալու կողքին, Վիգէն Աւագեան նաեւ խմբագիր է։ Տասներեք տարի ան մաս կազմած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ օգնական խմբագիր (1990-1995) եւ բացառիկներու ու ամսաթերթերու պատասխանատու խմբագիր (2000-2005, 2010-2013):

1995-էն ի վեր, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրն է։

Վիգէն Աւագեան 2012-էն ի վեր անդամ է Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքային:

Վիգէն Աւագեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած են նաեւ հետեւեալ գործերը.-

  • «Հայութեան եւ Լիբանանի համար» («Ազդակ»ի հրատարակութիւն, 2000),
  • Ճոնաթան Սուիֆթի «Կիւլիվէրի ճամբորդութիւնները» Ա. եւ Բ. հատորներ (2001),
  • «Հայրենի Ջաւախք» («Ազդակ»ի հրատարակութիւն, 2002),
  • Սամուէլ Մկրտիչեանի «Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու ապրումներ» (2002),
  • «Դաշնակցական պատանիին գիրքը» Ա. եւ Բ. հատորներ (2003),
  • Մելգոն Էպլիղաթեանի «Գաղթակայանէն խորհրդարան...» Բ. հատոր (2005),
  • Տոքթ. Զաքար Մկրեանի «Վկայութիւն եւ պատգամ» (2006),
  • «Մարզիկ պաշտօնաթերթի խմբագրականներ Բ. հատոր» (2007),
  • Հրանդ Փաստրմաճեանի «Հայոց պատմութիւն» Բ. հատոր (2007),
  • Երուանդ Փամպուքեանի «Հայոց Պատմութիւն» (2009),
  • Միքայէլ Վարանդեանի «Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութիւն» (Ա. եւ Բ. հատորներու միացեալ հրատարակութիւն, 2012)։
  • «Յուշամատեան Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի» (2014),
  • «Ալպոմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարանի» (2018),
  • «Դէպի Յաղթանակ» (2018),
  • «Գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը» (2018),
  • «Պողպատէ կամքով յեղափոխականը» (2021),

Ան իր մասնակցութիւնը բերած է Արմէն Մարաշլեանի «Հայոց պատմութիւն» դասագիրքերու շարքին չորս հատորներու խմբագրման (2010-2011)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]