Jump to content

Վարդան Ճիհանեան

Վարդան Ճիհանեան
Ծնած է 1894
Ծննդավայր Արաբկիր, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն

Վարդան Ճիհանեան՝ (ծնած 1894, Արաբկիր, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն): 1895-ի Համիտեան կոտորածին հօրմէն որբացած։ 1904-ին ընտանիքին վերապրող անդամներով փոխադրուած է Հալէպ: 1909-ին ազգային Ներսէսեան (Հայկազեան) երկսեռ վարժարանէն շրջանաւարտ։ Պետական Սուլթանիէ վարժարանի Իտատիյէի բաժինէն ընթացաւարտ 1912-ին։ Ուսանող Պէյրութի նորաբաց իրաւաբանական վարժարանի եւ յետմիջօրէի վաճառատուն պաշտօնեայ։ 1914-ին կ'անցնի Եթովպիա, ուր Ատիս Ապապայի Մուրատեան վաճառատան մէջ պաշտօնեայ կ'ըլլայ։ 1915-ին տասնեակի մը գլուխը անցած կովկասեան կամաւորական խումբերուն միանալու համար ճամբայ կ'ելլէ, սակայն Պուլկարիոյ Դաշնակիցներուն յառումով՝ կը մնայ Գահիրէ, ուր կ'ըլլայ պաշտօնեայ Ալմայի տան մէջ։ Կը մտնէ օտարականներու Բանակ (Լէժիոն Էթրանժէր) հոգսկ, ապա ֆրանսական արեւելեան բանակի հայկական լէգէոնի բաժինը։ 1918 Սեպտեմբեր 18-ին կը մասնակցի Արրարյի դիւցազնամարտին եւ անոր յաջորդող բոլոոր կռիւներուն։ 1920-ին կը զինարձակուի եւ մինչեւ Կիլիկիոյ չարաղէտ պարպումը կ'ըլլայ Մէրսինի բանտերուն տնօրէն, քննիչ։ Արտագաղթի կարաւաններով կու գայ Կիպրոս: 1923-ին կ'անցնի Հալէպ, ուր կը զբաղի առեւտուրով եւ կը վարէ ազգային եւ հայրենակցական պաշտօններ։ Որպէս ֆրանսական քաղաքացի եւ պահեստի զիինուոր՝ հետեւած է զինուորական դասընթացքներուն եւ խառն դատարաններու մօտ հայերէնի բաժինին նամակներու եւ ստորագրութըւններու քննիչ եղած է։ 1939-ին Համաշխարհային Բ. Պատերազմին դարձեալ դրօշի տակ անուած, ժամանակ մը ետք զինարձակուած, սակայն անկլօ-Տը Կօլ բանակներու Սուրիա Լիբանան մուտքին առիթով անգամ մըն ալ բանակի կանչուած։ 1945-ին ֆրանսացիներու Սուրիայէն քաշուելու ատեն ընտանեօք Պէյրութ փոխադրուած է, ուր կը զբաղած է առեւտորով։[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։