Jump to content

Վասիլի Ամաշուքելի

Վասիլի Ամաշուքելի
վրաց.՝ ვასილ ამაშუკელი
Ծնած է 14 Մարտ 1886(1886-03-14)
Ծննդավայր Քութայիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1 Դեկտեմբեր 1977(1977-12-01) (91 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն ժապաւէնի բեմադրիչ

Վասիլի Ամաշուքելի (14 Մարտ 1886(1886-03-14), Քութայիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Դեկտեմբեր 1977(1977-12-01), Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն), վրացի կինոբեմադրիչ։ Վրացական կինոարուեստի առաջին գործիչներէն մէկը։ Վրացական ԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ (1974

Քութայիսի մէջ սորված է Վասիլ Թամարաշվիլիի Արուեստի դպրոցին մէջ։ 1908 թուականին Մոսկուայի մէջ աւարտած է ֆրանսական «Գոմոն» կինոընկերութեան կազմակերպած դասընթացը։ Առաջինն է, որ Վրաստանի նկարահանած է վաւերագրական ֆիլմեր։

Վասիլի Ամաշուքելին որպէս կինոմեխանիկ, աշխատած է Պաքուի մէջ։ 1907 թուականին Վասիլի Ամաշուքելի, Պաքուի մէջ նկարահանած է նաւթի արդիւնաբերութիւնը եւ նուիրած քանի մը ֆիլմեր՝ «Ածխի տեղափոխումը», «Աշխատանքը նաւթահորերուն մէջ» եւ «Նաւթի հանումը»։ Նոյն թուականին ան նկարահանած է նաեւ «Պաքուի շուկաներու տիպերը» վավերագրական կարճ ֆիլմն ու «Ծովափին զբոսնելիս» ֆիլմը (չէ պահպանուած)։ Պահպանուած է 15 Մայիս 1908-ով թուագրուած փաստաթուղթ մը, որով տպարանի տնօրէնը կը դիմէ Ամաշուքելիի՝ խնդրելով տպարանի աշխատողներուն թոյլ տալ անվճար ներկայ գտնուիլ կինոցուցադրութիւններուն։ Այդ օրը կը նշուի որպէս Վրաստանի կինեմատոգրաֆիայի «ծննդեան օր»[1]։

1900-1912 թուականներուն Վասիլի Ամուշաքելին նկարահանած է շարք մը ֆիլմեր՝ «Nakhet tqveni sakhe», «Քութայիսի բնապատկերներ», «Քութայիսի այգին» (1911 թուական) եւ «Ակակի Ծերեթելիի ճամփորդութիւնը դէպի Ռաճա-Լեչխ» (1912 թուական)։ Վերջինս Վասիլի Ամաշուքելիի նկարահանած միակ լիամետրաժ ֆիլմն է[2]։ Անոր մէջ, կը ներկայացուի Ակակի Ծերեթելիի ճանապարհորդութիւնը դէպի Իմերեթի լեռնային շրջանները։ Կան վկայութիւններ, որ Ծերեթելին գործուն մասնակցութիւն ունեցած է ֆիլմի ստեղծման մէջ եւ բարձր գնահատած է զայն[3]։ Ֆիլմի՝ 1500 մեթր երկարութիւն ունեցող կինոժապաւէնէն՝ պահպանուած է միայն 400 մեթրը[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]