Jump to content

Վահրամ Տատրեան

Վահրամ Տատրեան
Ծնած է 1900
Ծննդավայր Չորում, Թուրքիա
Մահացած է 1948
Մահուան վայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն գրագէտ
Աշխատավայր Կավռօշ

Վահրամ Տատրեան (1900, Չորում, Թուրքիա - 1948, Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ գրող եւ մտաւորական։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Թուրքիոյ Չորում քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքով ուսումը կիսատ թողելով ընտանիքի անդամներուն հետ միասին բռնած է գաղթի ճամբան՝ դէպի արաբական երկիրներ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք՝ 1919-1936 թուականներուն ապրած է Պոլսոյ մէջ եւ ապա վերջնական հաստատուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տատրեան Պոլիս գտնուած միջոցին աշխատակցած է սկզբնական շրջանին Պոլսոյ եւ ապա Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Կավռօշ» երգիծական պարբերականին:

Տատրեան առաւելաբար իր գրութիւններուն մէջ ներկայացուցած է պոլսահայ կեանքը. իր գործերէն շատեր առաձին գրքոյկներով հրատարակուած են:

Յայտնի գործերէն են՝

  • «Բարեւ տէր պապա»ն,
  • «Պատուոյ գողը կամ քօր ամուսինը»,
  • «Իմ անցեալը»,
  • «Վերջին ներկայացումը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Տատրեան երգիծական գրութեանց կողքին «Դէպի անապատ» աշխատութեան մէջ գրած է նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի իր յուշերն ու ականատեսի վկայութիւնները: «Նելլի Պելլա» աշխատութեան մէջ ներկայացուցած է Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ ապականած բարքերն ու սովորութիւնները:

Տատրեան փորձած է գրել նաեւ թատրերգութիւններ, որոնք հրատարակուած են իր «Հինգ թատերախաղեր եւ ցրուած էջեր» հատորին մէջ[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ՎԱՀՐԱՄ ՏԱՏՐԵԱՆ (1900-1948)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-11 
  2. «AV Production - Վահրամ Տատրեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-04-30-ին։ արտագրուած է՝ 2022-04-11