Jump to content

Վահրամ Հաճեան

Վահրամ Հաճեան
Ծնած է 16 Փետրուար 1935(1935-02-16) կամ 1935[1]
Ծննդավայր Yoğunoluk, Գարս, Օսմանիեի մարզ, Թուրքիա
Մահացած է 25 Մարտ 2007(2007-03-25)
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Վահրամ (Ժոզեֆ) Եսայի Հաճեան (16 Փետրուար 1935(1935-02-16) կամ 1935[1], Yoğunoluk, Գարս, Օսմանիեի մարզ, Թուրքիա - 25 Մարտ 2007(2007-03-25), Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), բանաստեղծ։

Վահրամ Հաճեան, ծնած է Սուրիոյ Եօղուն Օլուգ գիւղը, ապա հաստատուած է Հալէպ եւ պատանի տարիքին նուիրուած է բանաստեղծութեան։

Ներգաղթած է Հայաստան, ուր մեծապէս գնահատուած է իր բանաստեղծի վաստակը։ Հայրենի բանաստեղծներ Գուրգէն Մահարի, Գէորգ Էմին, Մկրտիչ Սարգսեան, Սեւակ Արզումանեան գնահատանքով արտայայտուած են Վահրամ Հաճեանի գործերուն մասին եւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակած են գրական պարբերաթերթերու մէջ։

Վահրամ Հաճեան Հայաստանի մէջ ունեցած է նաեւ պատկերասփիւռային եւ ձայնասփիւռային ելոյթներ եւ արժանացած՝ ժողովուրդին ու գրական շրջանակներու ջերմ ընդունելութեան։

Հրատարակած է բանաստեղծութեանց հետեւեալ հատորները.

«Բարձունքներու Կատարին» (1957), «Մեր Երթը» (1959), «Ալ Պանդուխտ Չեմ» (1960), «Հալչող Արծաթներ» (1970), (վերահրատարակուած 1974-ին, յաւելուածներով) եւ «Խօսք Ցասման եւ Յիշատակի»՝ արձակ բանաստեղծութիւն, նուիրուած Մեծ Եղեռնի նահատակներուն (1981):

Մայր հայրենիքի մէջ լոյս տեսած են իր վերջին երկու ստեղծագործութիւնները. «Ճակատագիր» (1989) եւ «Արցունքի Աստղեր» (1991):

Մաս կը կազմէ «Նաւասարդ» ամսագրի խմբագրական մարմնին։

Սիրոյ եւ տառապանքի երգիչն է Վահրամ Հաճեան։ Ունի պարզ եւ հաղորդական ոճ մը։

Ան կ'ապրի Հայաստան եւ Ամերիկա փոխն ի փոխ եւ կը մահանայ 25 Մարտ 2007ին, Քալիֆորնիոյ մէջ։

  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.