Jump to content

Վահան Գույումճեան

Վահան Գույումճեան
Ծնած է 1880
Ծննդավայր Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, գրագէտ

Վահան Գույումճեան (1880, Ակն), ուսուցիչ, տնօրէն եւ գրող։

Գույումճեան նախնական կրթութիւնը ստացած տեղւոյն Ներսէսեան դպրոցը: 1893-ին կ’ընդունուի Կարնոյ Սանասարեանը. 1900-ին շրջանաւարտ ելլելէ վերջ՝ 3 տարի կը պաշտօնավարէ հոն: Նոյն խնամակալութեան կողմէ կ’որոշուի Եւրոպա ուղարկել զինք՝ ուսումը կատարելագործելու, բայց Համիտեան խստութեան հետեւանօք ծրագիրը ջուրը կ’իյնայ: Գույումճեան իր իտէալէն ոգեւորեալ՝ գաղտագողի խոյս կու տայ սահմանագլխէն. յանդուգն քա՛յլ որ քիչ մնաց իր կեանքն արժէր. Քիւրտերէ հետապնդուելով՝ կը բանտուի Հասանգալէ, ուրկէ Կարին: Երկամսետոյ տաժանագին բանտարկութենէ մը վերջ կ’աքսորուի Ակն որուն առաջն. փոխանորդ Գէորգ վրդ. Արսլանեանի բարեխօսութեամբ ազատ կը թողուի եւ տարի կը վարէ տեղւոյն ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը: 1906-1908-ին ալ Արաբկիր՝նոյն պաշտօնով: Հուրրիէթէն յետոյ կը հրաւիրուի Սանասարեան. ուր կը մնայ 3 տարի:

1911-ին հրաժարարելով կը մեկնի ծննդավայր՝ ուր տարի մը տնօրէն կ’ըլլայ նորահաստատ Նարեկեան վարժարանի: 1912-ի ամրան Պոլիս հասնելուն՝ կ’ընտրուի հայերէնի ուսուցիչ Ատափազարի Կեդրոնականին եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1915-ի տեղահանութիւնը, ձերբակալեալ մտաւորականներու խումբին խառնուելով՝ հազիւ շունչ կ’առնէ Գոնիա՝ ուր պահ մը ծուարած կ’ապրի. հոնկէ փախչելով Պէլէմէտիք՝ երկաթուղ. շինութեանց գործին մէջ կը ծառայէ բուանթէօրի պաշտօնով, գերմ. զին. Իշխանութեանց մօտ, շնորհիւ իր գերմանագիտութեան: Զինադագարի վաղորդայնին կը դառնայ Պոլիս. տարի մը Պանտրմայի վարժարանին տնօրէն, ապա Պէշիկթաշի որբանոցին, ուր ուրեմն ուսումնապետ Գուլէլիի:

Մաքրիքէօյի Տատեան վարժարանի տնօրէնն էր, երբ Պոլսոյ քաղաքական հորիզոնը մթագնեցաւ եւ բազմաթիւ մտաւորականներու հետ ինք եւս հեռացաւ Պոլսոյ ջուրերէն, իյնալով Քորֆու՝ իբր ուսուցիչ Րիլիֆի որսանոցին: Այս հաստատութեան ամերիկացի վարիչներուն կամակոր գործունէութեան արձագանգը կ’ըլլար «ճակատամարտ»ի մէջ Վահէ ծածկանունով պաշտօնակից մը. Գույումճեան իբր այն ամբաստանուելով՝ վտարուեցաւ առանց բերան տալու իր «ընկեր»ը. զոհողութի՛ւն որ իրենց արժեց ամիսներու անգործութիւն՝ օտար հորիզոնի տակ, մինչեւ պաշտօնի կոչուիլը Սիրա:Ապա անցաւ Ֆրանսա:

Որչափ ատեն որ առիթը ներկայացաւ իրեն՝ ծննդավայրը եւ շրջակայ գիւղերը մնալու, հետամուտ եղաւ պրպտելու Ակնայ հարուստ գաւարաբարբառը, մանաւանդ այդ շրջանի «անգիր դպրութիւն»ը, պատրաստելով Ակնայ Անտունիներուն եւ ուրիշ երգերուն լիակատար հաոաքածոն,— Ճանիկեանի եւ այլոց գործերէն անհունապէս ճոխ:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 535: