Jump to content

Վալբուրկեան Գիշեր

Վալբուրկեան Գիշեր

Տեսակ տոնախմբություն? եւ տօն[1]
Ամսաթիւ 30 Ապրիլ[2][1] եւ 1 Մայիս[2][1]
Կը տօնուի  Հոլանտա
 Գերմանիա
 Չեխիա
 Սլովենիա
 Շուէտ
 Լիթուանիա
 Լաթվիա
 Ֆինլանտա
 Էսթոնիա
Անուանուած է Saint Walpurga?[2]

Վալբուրկեան Գիշեր, (գերմաներէն՝ Walpurgisnacht) գարնան սկիզբը՝ 30 Ապրիլի, Մայիս 1-ի լուսցող գիշերը նշուող հին գերմանական հեթանոսական տօն՝ նուիրուած պտղաբերութեան։ Նշուեր է Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ։ Ըստ VIII դարուն առաջացած գերմանական ժողովրդական հաւատալիքներու՝ վհուկներու տօն («Մեծ գիշերաժողով» Պրոգգեն լերան վրայ Գերմանիոյ մէջ) ։ Կոչուեր է կաթոլիկական սուրբ Վալբուրկիայի անունով, որուն յիշատակի օրը 1 Մայիս-ը համընկած է տօնին հետ։ Վալբուրկեան Գիշերը տարածուած գրական եւ երաժշտական թեմա է Կէոթէի «Ֆաուսթ»-ը, Շառլ Կունոյի համանուն օփերան, Հ․ Հայնէի «Ճամբորդական պատկերներ»-ը եւ այլն։

Տօնի պատմական արմատները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վհուկներն ու չարերը՝ Պոլկսպերկ լեռան կատարին. Յոհաննես Պրետորիուսի գիրքի պատկերազարդումներէն (1868 թ.):

Հեթանոսական շրջանին գերմանական ժողովուրդներու(գերմանացիներու, աւստրիացիներու, սկանտինաւեան ժողովուրդներու) մօտ կար հաւատալիք մը, որ Մայիս 1-ի գիշերը գարնան, պտղաբերութեան, հողագործութեան աստուածներն ու աստուածուհիները կը տարածուէին բնութեան մէջ, հեռու քշելով ձմրանը եւ արթնացնելով բուսական ու կենդանական աշխարհը: Եւ մարդիկ ալ պէտք է իրենց զուարթ երգով, նուագով ու պարով նպաստէին բնութեան զարթօնքին՝ հեռու քշելով ձմրան՝ սառեցնող ու քնացնող ուժերուն: Ուստի անոնք կը հաւաքէին իրենց բնակավայրերուն մերձակայ սարերու կատարներուն, բարձր խարոյկ վառելով եւ երգ ու նուագով պար կը բռնէին կրակի շուրջ՝ փառաբանելով գարունը, պտղաբերութիւնը եւ իրենց հովանաւոր աստուածութիւնները:

Հին հաւատալիքներու համաձայն նաեւ չար աստուածութիւններն ու ոգիները կը շրջին մշակուած հողերով, այգիներով ու պարտէզներով եւ կը փչացնէին մարդու աճեցուցած բոյսերը, որոնք սկսեր էին բողբոջիլ կամ պտղակալել (Երկրի տարբեր լայնութիւններուն, կախուած բարձրութենէն, այդ գործընթացները տեղի կ'ունենային տարբեր ամիսներու, որմով ալ պայմանաւորուած էր նման տօներու տարբեր ժամանակահատուածին նշելը): Իսկ Շոտլանդիայի լեռնային շրջաններուն 1 Մայիս-ին կը նշուէր հին Գելթական հովուական Պելդանի տօնը, որ կ'առնչուէր արեւի պաշտամունքին հետ (գրեթէ բոլոր ժողովուրդներու հաւատալիքներուն մէջ արեւի աստուածները հովիւներ էին): Հովիւները եւս նման ծիսական պարերով հեռու կը քշէին չար ոգիները՝ նպաստելով բնութեան զարթօնքին:

Իտալիոյ մէջ տօնի առնչութեամբ կար այսպիսի աւանդութ. գիւղերու երիտասարդ տղաներն ու աղջիկները խումբով կը շրջէին տունէ-տուն՝ երգելով գարունը փառաբանող երգեր եւ ազդարարելով գարնանամուտը, իսկ իրենց զգեստներուն կը կրէին դալար ճիւղեր՝ զարդարուած թարմ ծաղիկներով ու գունաւոր ժապաւէններով: Սովորոյթ էր նաեւ սիրած աղջիկներուն մայիսեան երեկոները ամուսնութեան առաջարկ կատարել. երիտասարդ տղան դալար ճիւղ մը կը դնէր իր սիրելիի տան դրան առջեւ, որը նոյն ընտանիք կազմելու առաջարկն էր։ Եթէ աղջիկը վերցնէր ճիւղը եւ ներս տանէր, ուրեմն համաձայն էր, իսկ եթէ հեռու նետէր, մերժման նշան էր:

Անուան ծագումը եւ քրիստոնէական տօնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սրբուհի Վալբուրկը

Հեթանոսական ժամանակներուն բնութեան զարթօնքին ու պտղաբերութեան նուիրուած տօնը «Վալբուրկեան Գիշեր» սկսան կոչել շատ աւելի ուշ: Ան կապուած է անգլիացի միսիոներ սրբուհի Վալբուրկի (710–777/9 թթ.) անունին հետ: Ան Անգլիայի թագաւոր Ռիչարտ Ուխտագնացի դուստրն էր եւ Սուրբ Վիլլիպալտի քոյրը: Վալբուրկը, ծնած ըլլալով անգլո-սաքսոնական արքայական ընտանիքի մէջ, սորված էր բժշկութեան արուեստը եւ քիչ մը մեծնալէն ետք մեկնեցած Գերմանիա՝ նպաստելու քրիստոնէութեան տարածմանը: Այնտեղ՝ Հայտենհայմի մէջ, Վալբուրկը հիմնեց երկու վանք, որոնք շուտով դարձան կրթական եւ մշակութային կեդրոններ: Մանրանկարներուն եւ այլուր ան յաճախ պատկերուած է վիրակապերը ձեռքին, որմով կը հաստատուի անոր բժիշկ ըլլալը եւ շատ հիւանդներ խնամած ըլլալու հանգամանքը: Սրբուհի Վալբուրկի շնորհիւ Գերմանիայի ժողովուրդը հեթանոսութենէն կը դառնայ քրիստոնէութէան: Աւանդութեան համաձայն, սրբուհի Վալբուրկն էր, որ երկրին մէջ վերացուց կախարդութիւնն ու մոգութիւնը: Ան մահացեր է 777 թուականին:

870 թուականի Մայիս 1-ին Վալբուրկը սրբադասուեցաւ, իսկ անոր աճիւնը տեղափոխուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Այխշթեթի մէջ։ Երբ եպիսկոպոսը սրբուհիի մասունքները կը տանէր նոր հանգրուան, ճամբու վրայ շատ հաւատացեալներ տարբեր բնակավայրերէն կու գային, կ'աղօթէին, օրհնութիւն կը ստանային, իսկ անոնցմէ հիւանդները կը բուժուէին իրենց հիւանդութիւններէն: Իսկ վերայուղարկաւորումէն յետոյ անոր գերեզմանէն սկսաւ սուրբ իւղ հոսիլ (յայտնի որպէս Վալբուրկեան իւղ), որը մինչեւ օրս կը հոսի եւ կ'ըսուի որ հիւանդութիւններ կը բուժէ: Պենետիգթեան միանձնուհիները սրուակներու մէջ կը հաւաքեն ան եւ կը բաժնեն սրբուհի Վալբուրկի գերեզման այցելող քրիստոնեայ ուխտաւորներուն: Այսպէս, գերմանացի ժողովուրդի համար այս տօնը համընկաւ հեթանոսական գարնան ու պտղաբերութեան տօնին: Սրբուհի Վալբուրկը շուտով դարձաւ ոչ միայն գերմանիայի, այլ նաեւ Անգլիայի ու Ֆրանսայի ամենաժողովրդական սուրբերէն մէկը: Անոր սրբադասման օրը յայտնի դարձաւ որպէս «Վալբուրկեան գիշեր» (գերմաներէն՝ Sankt Walpurgisnacht): Գերմանացի պատմագիր Եոհաննէս Բրեթորիուսը 1668 թուականի դէպքերու առնչութեամբ կը յիշատակէ տօնը այս անուանումով:

Երբ Գերմանիոյ եւ եւրոպական երկիրներու մէջ կամաց-կամաց տարածուեցաւ ու իր դիրքը ամրապնդեց քրիստոնէութիւնը, արդէն անհրաժեշտութիւն էր ժողովուրդին մոռցնել տալ հեթանոսական տօներն ու աւանդոյթները, ուստի եկեղեցին սկսաւ տօնակատարութեան մասնակիցներուն համարել դիւահարուածներ կամ կախարդներ, տօնն ալ՝ դիւական, քանի որ հեթանոսական աստուածները կը դիտուէին որպէս սատանայի կերտած կերպարներ՝ մարդոց մոլորեցնելու համար: Այդպէս, ժողովուրդական հաւատալիքներու մէջ արմատացաւ այն հաւատալիքը, թէ տօնի գիշերը Պրոգեն (բանահիւսական նիւթերու մէջ՝ Պլոկսպերկ) լերան կատարին կը հաւաքուին վհուկներ՝ Գերմանիայի տարբեր շրջաններէն, եւ կը նշէին իրենց տօնը՝ ի հակադրութիւն սրբուհի Վալբուրկի սրբադասումը նշող քրիստոնեայ ժողովուրդին:

Գրական արձագանքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վալբուրկեան գիշերը իրենց գործերուն մէջ նկարագրած են Կէոթէն՝ իր «Ֆաուսթ» փիէսին մէջ, աւստրիացի գրող Կուսթաւ Մայրինգը՝ «Վալբուրկեան գիշեր» վէպը, Հովարտ Ֆիլիփս Լավքրաֆթը՝ «Երազներ վհուկներու տանը» պատմուածքը, Միխայիլ Պուլկագովը՝ «Վարպետը եւ Մարգարիտան» վէպը, Օթֆրիտ Բրոյսլերը՝ «Փոքրիկ Պապա-Եագան» վիպակը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

https://www.youtube.com/watch?v=nLgM1QJ3S_I

  • Gertrude Casanova: St. Walburga. In: The Catholic Encyclopedia. Vol. 15. Robert Appleton, New York 1912; online: https://en.wikisource.org/wiki/Catholic_Encyclopedia_(1913)/St._Walburga (abgerufen am 7. Juni 2018): In the Roman Martyrology she is commemorated on 1 May, [...]; sometimes she is represented in a group with St. Philip and St. James the Less, and St. Sigismund, King of Burgundy, because she is said to have been canonized by Pope Adrian II on 1 May, the festival of these saints. (she is said = keine gesicherte Information).
  • Spez. dazu aber anders: „Walpern“, in: Deutsches Wörterbuch von Jacob Grimm und Wilhelm Grimm, Erstbearbeitung (1854–1960: Bd. XIII [1922] / Lfg. 8 [1909], Sp. 1322), digitalisierte Version im Digitalen Wörterbuch der deutschen Sprache, <https://www.dwds.de/?q=Walpern>, abgerufen am 7. Juni 2018: „in der Walpurgisnacht als Hexe mit den andern Hexen tanzen. Crecelius 889.“ („Crecelius 889“ = https://archive.org/download/oberhessischesw01hessgoog/oberhessischesw01hessgoog.pdf abgerufen am 7. Juni 2018), S. 428 des Retro-Digitalisats = S. 889 des historischen Drucks
  • Adelung: Grammatisch-kritisches Wörterbuch der Hochdeutschen Mundart, S. 1370
  • Alexandra zu Knyphausen: Sonnenwendel, Nachtschatten und Schierling. In: Hamburger Abendblatt. 4. November 1991.
  • Вальпургиева ночь // Энциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона։ в 86 т. (82 т. и 4 доп.). — СПб., 1890—1907.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։