Ստեփան Արսլանեան
Ծնած է | 25 Դեկտեմբեր 1822 |
---|---|
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն |
Մահացած է | 17 Նոյեմբեր 1901 (78 տարեկանին) |
Կրթութիւն | Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական վարժարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Ստեփան Արսլանեան Փաշա Եղիայի (գրուած է նաեւ Ասլանեան կամ Ստեփան Եղիա), 25 Դեկտեմբեր 1822, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն - 17 Նոյեմբեր 1901), բժշկապետ, ուսուցչապետ, զօրավար, բանասէր, հասարակական-կրթական գործիչ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի բազմիցս ատենապետ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփան Արսլանեան ծնած է 1822 թուականին 25 Դեկտեմբեր-ին, Կոստանդնուպոլսի Բերա թաղամասին մէջ՝ Եղիա եւ Վարդենի Արսլանեաններու ընտանիքին մէջ։ Հայրը եղած է վանեցի եւ յանձնակատար ծեփագործ արհեստաւոր աշխատա է։
Եղած են 4 եղբայր՝ Յակոբ, Յովհաննէս, Հայրապետ, Ստեփան։ Եղբայրներէն՝ Հայրապետը եւս, եղած է զինոըորական բժիշկ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ Բերա թաղամասի Ա. Էջմիածին ազգային դպրոցին մէջ/Գառնաուլա թաղի ծխական վարժարանին մէջ։ 1838/1839-1841 թթ. սորված է Կ. Պոլսոյ ասիական կողմի Սկիւտար թաղամասի Սուրբ Երուսաղէմ ազգային գիշերօթիկ ճեմարանին մէջ, ուր կատարեալ իւրացուցած է հին եւ նոր հայերէնը, հայ մշակոյթի պատմութիւնը։ 1841-1842 թթ. սորված է Կ. Պոլսոյ Սուլթանիէ (պետական) նախակրթարանէն ներս։ 1842-1847 թթ., օգտուելով Թանզիմաթի ընծայած թոյլտուութենէն, սորված է Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական վարժարանին մէջ (այդ վարժարանի առաջին հայ շրջանաւարտն կը համարուի)։ 1847 թուականին վարժարանը գերազանց աւարտելէ ետք ստացած է բժշկական վկայական եւ հազարապետի (քոլ-աղասը) աստիճան։ 1847 թուականին որպէս լաւագոյն ուսանող, սուլթան Ապտուլ Մեճիտից արժանացած է պետական կրթաթոշակի եւ Օսմանեան բանակի զինուորական համազգեստով ուղարկուած է Աւստրիա՝ Վիեննայի համալսարանի բժշկական բաժին եւ անոր դարմանատուներու մէջ՝ վիրաբուժական մասնագիտութիւն ստացած է։ 1848 թուականին քննութիւնները յանձնելէ եւ դոկտորական թեզ պաշտպանելէ ետք, Վիեննայի համալսարանէն ստացած է դոկտորական վկայագիր։ 1848 թուականին վերադարձած է ծննդավայր, եւ ըլլաով վիրաբոյժ (այլ ոչ թէ վարակաբան), Օգոստոսին նշանակուած է Կ. Պոլսոյ Պէյլերպեյի հիւանդանոցի բժշկապետ, ուր կը բուժուէին քոլերայով հիւանդ թուրք զինուորները (Օսմանեան կայսրութեան ներքին օրէնքներով որոշուած էր, որ բժշկութեան բոլոր վտանգաւոր բնագաւառներուն մէջ միայն հայ բժիշկներ պէտք է աշխատէին)։ Այնուհետեւ նշանակուած է Սպարապետութեան (Սերասքեր գափուսու) հիւանդանոցի բժիշկ։ 1849 թուականի վերջաւորութեան՝ ստացած է դեր-գնդապետի (գայմագամ) աստիճան, «պեյ» տիտղոս եւ նշանակուած Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական վարժարանի վիրաբուժութեան օգնական դասախօս։ 1849 թուականին անոր ջանքերով վերականգնուած է «Նարեկեան ընկերութիւնը»։ 1849-1850 թթ. դասաւանդած է «Առաջին օգնութիւն» առարկան։ 1853 թուականին ամուսնացած է արքունի ճարտարապետ Օհաննէս (Յովհաննէս) Սէրվերեան ամիրայի դստեր հետ։ 1857 թուականին Խասգիւղէն տեղափոխոիած է Բերա։ 1857 թուականին, բարեխիղճ ծառայութեան համար գնդապետի (միրալայ) աստիճանին արժանացած է։ 1859 թուականին պրոֆէսորի կոչում ստացած է։ 1857/1858-1870/1872/1879 թթ. ծառայած է Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական վարժարանի արտաքին ախտաբանութեան, տեսական եւ գործնական վիրաբուժութեան կարգաւորյեալ պրոֆէսոր (ամպիոնի վարիչ)։ Այդ տարիներուն պատրաստած է բազմաթիւ որակեալ բժիշկներ, որոնցմէ շատերը յետագային, Օսմանեան կայսրութեան բժշկութեան երեւելի դէմքերը դարձած են։ 1858 թուականին եղած է Ազգային գերագոյն ժողովի (Ազգային կեդրոնական վարչութեան կամ Խառն ժողովին նախորդած մարմինը) ատենապետը։ 1859-1861 թթ. եղած է Կ. Պոլսոյ Բերա թաղամասի 6-րդ բաժնի խորհրդի անդամ։ 1860 թուականին աջակցած է Ազգային սահմանադրութիւնը պատրաստող Գրիգոր Աղաթօնին, Գրիգոր Օտեանին, Նահապետ Ռուսինեանին, Սերվիչէնին (Սերովբէ Վիչէնեան) եւ միւսներուն։ 1863-1864 թթ. միաժամանակ եղած է հանրային կրթութեան տեսուչ։ 1865-1870 թթ. դասաւանդած է «Գործնական վիրաբուժութիւն»։ 1869 թ. հիմնադրած է Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի բժշկական ընկերութիւնը՝ Պոսֆորի ասիական ափի բժիշկներուն մասնակցութեամբ։ 1870 թուականին արժանացած է փաշայի զինուորական աստիճան։ 1870-1880 թթ. եղած է Սպարապետութեան բարձրագոյն խորհուրդի բժշկական եւ առողջապահական մարմինի անդամ եւ ատենապետ։ 1871-1872 թուականներուն, դասաւանդած է «Ֆիզիոլոկիա» առարկան։ 1875-1876 թթ. Թուրքիոյ եւրոպական մասի՝ Ռումածիի ընդհանուր առողջապահութեան տեսուչ է նշանակված։ 1875-1880 թթ. եղած է Ազգային կեդրոնական վարչութեան (Խառն ժողովի) ատենապետը։ 1877-1878 թթ. Ռուս-թուրքական պատերազմի ժամանակ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայած է զինուորական բժիշկ՝ Աւստրիոյ մէջ։ 1877 թուականին պետութեան հրամանով կայսերական բանակի համար՝ բժիշկներ ընտրելու նպատակով, ճամփորդած է Եւրոպա։ 1878 թուականին եղած է Թուրքիոյ եւրոպական մասի՝ Ատրիանապոլիս (Էտիրնէ) քաղաքին մէջ, որպէս՝ Սաֆֆեթ փաշայի բուժական գիծով տեղակալ։ 1878 թուականին, երբ աւարտած է Ռուս-թուրքական պատերազմը, մեծ դեր կատարած է հայերու ցաւալի վիճակը՝ Ռուսաստանի պետութեան ուշադրութեան հրաիիրելու եւ յայտնի 16-րդ յօդուածը Այա-Ստեֆանոյի դաշնագիրի մէջ դնել տալու համար։ Բժշկական բազմաթիվ հոդուածների հեղինակ է։
Ըստ բժիշկ-պատմաբան Վահրամ Թորգոմեանի` անոր անտիպ յուշերը կորսուած են տարիներու տուայտանքին մէջ։ Իր յարգուած եւ բարձր դիրք ունենալու շնորհիւ ունեցած է նաեւ նախանձողներ ու թշնամիներ՝ բարձրաստիճան զինուորականներու շրջանակէն ներս։ 1879 թուականին սրբոց Յակոբեանց վանքի վարչական եւ հաշուական գործերու լիազօր քննիչի հանգամանքով մեկնած է Երուսաղէմ։ Իր քննութիւններու տեղեկագիրը ներկայացուցած է Կ. Պոլսոյ Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ անոր շնորհակալութեանն արժանացած է։ 1879 թ., զգալով իր շուրջը Կ. Պոլսոյ մէջ խտացող զազրելի ու վտանգաւոր մթնոլորտը, որ առաջացած էր թուրք պաշտօնակիցներու «շնորհիւ», Ստեփան փաշա Արսլանեան՝ զինուորական ասպարեզէն ինքնակամ հրաժարած է, զինուորական բժշկական վարժարանէն դուրս եկած եւ թոշակի անցած է։ Այդ ամէնէն յոյժ վիրաւորուած, կամաւոր կամ բուժման նպատակով մեկնած է Եգիպտոս եւ որոշ ժամանակ ապրած է Գահիրէ, ուր շարունակած է զբաղիլ բժշկութեամբ։ 1884 թ. վերադարձած է Կ. Պոլիս, սակայն կարճ ժամանակ ետք մեկնած է Ֆրանսա։
1884-1889 թթ.՝ Կ. Պոլսէն բացակայած ընթացքին, անոր ամբաստանած են իբրեւ «կիաւուր», Օսմանեան գահի դաւաճան, թուրք զինուորական համազգեստին անարժան եւ այլն։ Սուլթան Ապտուլ Համիտ երկրորդը, հաւատալով զրպարտանքներուն, շնորհազրկած է վաստակաշատ բժիշկ պրոֆէսորին։
1889 թ.՝ ականաւոր հայու մը, Արթին փաշա Տատեանի բարեխօսութեան շնորհիւ, սուլթանը թուլատլած է, որ բժիշկը վերադառնայ Կ. Պոլիս, որմէ ետք վերադարձած եւ բնակած է Կ. Պոլսոյ Գուզգունճուգ թաղամասին մէջ։
1891 թուականին հրաժարած է Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամակցութենէն։ 1897 թուականի վերջերուն, կարցած էր վերականգնել նաեւ իր զինուորական աստիճանին վայել իրաւունքները։ Յետագայ տարիները ապրած է նիւթական դժուարութիւններու ու աղքատութեան մէջ։ Պրոֆէսորը մշտապէս գտնուած է Կ. Պոլսոյ հայ կեանքի յորձանուտին մէջ։ Աջակցած է հայկական դպրոցներու կրթական վերելքին, զբաղած՝ եկեղեցանուէր, կրթասիրական բարեգործական գործունեութեամբ։ Անոր ջանքերով կառուցուած է Կ. Պոլսոյ Բանկալթիի հայոց գերեզմանատան Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Իր պահպանողական հայացքներուն համար, զինք խստօրէն, քննադատած է Յակոբ Պարոնեանը, զինք ընդգրկելով իր «Ազգային ջոջեր»ու մէջ։
Մահացած է 1901 թուականի Նոյեմբեր 17-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ` 79 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան պատմած է, որ Ստեփան Արսլանեանի անտիպ շատ արժէքաւոր յուշերը, հայ ընտանիք մը, իրմէ վերցուցած է՝ պատճէնահանելու նպատակով, եւ չէ վերադարձուցած։
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարգեւատրուած է արծաթեայ եւ ոսկէ մետալներով, «Օսմանիէ» եւ «Մեճիէիէ», ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններու պատուանշաններով։
Աշխատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նկարագիր Ս. Փրկչեան Հիւանդանոցի, Կ. Պոլիս, 1860։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ատիլ Գ. եւ ուրիշներ, Ազգային գերեզմանատուն հայոց. Շիշլի, Կ. Պոլիս, 1922։
- Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1938։
- Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
- Ստեփանեան Գառնիկ, Կենսագրական բառարան, հ. Ա, Ե., 1973։
- Օտեան Երուանդ, Մեր երեսփոխանները, մեր Ազգային ժողովը, Երեւան, 1999։
- Վարդանյան Ս., Հայաստանի բժշկութեան պատմութիւն, Ե., 2000։
- Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
- Փամուքճեան Գէորգ, Հայերը իրենց կենսագրականներով (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2003։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։