Jump to content

Սուրէն Նազարեան

Սուրէն Նազարեան (1923, Խարբերդ - 10 Օգոստոս, 1998), Սուրիահայ վաստակաւոր գործիչ, գրող, մանկավարժ-դաստիարակ, հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, նուիրեալ Համազգայնական:

Սուրէն Նազարեան 1931-ին ծնողքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, որ կը դառնայ իր երկրորդ ծննդավայրը: Այստեղ նախակրթութիւնը կը ստանայ Ազգ. Հայկազեան Վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ վենետիկեան Մխիթարեան հայրերուն մօտ:

1941-1981 կը պաշտօնավարէ սուրիական երկաթուղագծի ընկերութեան մէջ:

Ազգային-Հասարակական Կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հալէպի ազգային-հասարակական կեանքի յառաջընթացին՝ ինքն ալ շատերու հետ կը բերէ իր բաժինը:

Եղած է անդամ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Գաւառական ժողովին, Ազգ. Քաղաքական ժողովին, Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդին: Եղած է հոգաբարձու՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի, ուսուցիչ՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի մէջ:

Ան Համազգայինի Հալէպի մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովի անդամներէն է (1959), նաեւ ատենապետը Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան(1987):

1932-էն անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ին: Այդ օրերու Աքելան՝ Թադէոս Թիւթելեանը զինք, մեծ եղբօրը հետ, արձանագրած է գայլիկ: Այնուհետեւ, Լեւոն Աբգարեանի, Նշան Թիսիւզեանի, Լուտեր Մասպանաճեանի հետ եւ այլոց շունչին տակ մեծցած ու հասակ առած է եւ կերտած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի գաղափարական նկարագիրը: Տիրացած է խմբապետի աստիճանին:

1940-ին հիմնած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի սկաուտութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդի արտօնութեամբ: Մեծ աշխատանք տարած է Հալէպի բոլոր հայ սկաուտական կազմերուն համերաշխ գործակցութեան համար եւ նախաձեռնողներէն մէկը՝ Հալէպի «Միջ-Միութենական Սկաուտական Խորհուրդ»ին:

1952 թուին, Սուրիոյ բոլոր մարզական միութիւններն ու սկաուտական խումբերը պետական հրամանագրով, լուծուած յայտարարուեցան: Նոր պայմաններու բերումով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմը անջատ դիմումնագիրով մը 1953-ին մաս կազմեց Սուրիական Սկաուտութեան «Հալէպի 8-րդ միաւոր» անուան տակ: Այդ ծանր օրերուն, իր ուսերուն դրուեցաւ գրեթէ կազմալոյծ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտութիւնը վերականգնելու աշխատանքը: Յաչս պետութեան, ան դարձաւ այս միաւորին պատասխանատուն, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութիւնը անոր շնորհեց մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետի պաշտօն, զոր արժանաւորապէս վարեց մօտ քառորդ դար, համագործակցութեամբ հաւատաւոր գաղափարակից նուիրեալներու: Հետագային, Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան կողմէ նշանակուեցաւ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ: Երբ Սուրիան եւս ունեցաւ իր Շրջանային Վարչութիւնը, հրաւիրուեցաւ նախ Շրջանային, ապա Շրջանային Ընդհանուր Խմբապետի պաշտօնին:

1953-էն մինչեւ 1975, իբրեւ սկաուտութեան ներկայացուցիչ մաս կազմած է ընդհատաբար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւններուն եւ Սկ. Խորհուրդներուն, ապա, 1977-էն մինչեւ 1987 ընտրուած է Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, ստանձնելով ատենադպրութեան պաշտօնը: Այս շրջանին, եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտական Խուրհուրդին կապը:

1954-ին, ընտրուած է Հիւսիսային Սուրիոյ արաբական Սկաուտական Խորհուրդի անդամ: Ամբողջ 23 տարի վերընտրուած է եւ դարձած, ձեւով մը, անպաշտօն ներկայացուցիչ՝ Հալէպի բոլոր հայկական սկաուտական կազմերուն (Հ.Մ.Մ. 10-րդ վաշտ), (Վասպուրական 9-րդ վաշտ), (Հ.Ե.Ը. 22-րդ վաշտ), (Տարօն 46-րդ վաշտ): Սատարած է Հիւսիսային Սուրիոյ արաբական Սկաուտական Խորհուրդի բազմաճիւղ աշխատանքներուն, ամրապնդած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտութեան, ինչպէս նաեւ հայ միւս ակումբներուն դիրքորոշումը, յաչս պետութեան, թիկունք կանգնելով Սուրիական Սկաուտութեան (Քէշշէֆ Սուրիէ) ամրապնդման աշխատանքներուն:

Մասնակցած է Մերձաւոր Արեւելքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երեք Շրջանային ներկայացուցչական ժողովներուն, իսկ համա-գաղութային կառոյց ստանալէ ետք, չորս Պատգամաւորական ժողովներուն, եւ Սկաուտական համագաղութային Ա. ժողովին (Աթէնք- 1982-ին): Նաեւ Սուրիոյ հինգ Շրջանային ժողովներուն՝ Հալէպ:

1983-ին ընտրուած է Կեդրոնական Վարչութեան փոխ անդամ:

Եղբ. Սուրէն Նազարեան տարիներով հետեւած է մարզական խաղերու, սակայն սկաուտութեան հանդէպ բուռն սէրն է, որ զինք մղեց ամբողջ 40 տարի լծուելու մանկավարժ-դատիարակի քաղցր պարտականութեան, յանուն հասնող սերունդներուն առողջ եւ հայեցի դաստիարակութեան:

Եղբ. Սուրէն աւելի քան կէս դարու ազգային-միութենական ծառայութեան վաստակ մը կը ձգէ իր ետին:

Սուրէն Նազարեան կը հանդիսանայ մտքի անխոնջ աշխատաւոր մը: Յուշագրութիւններով եւ յօդուածներով կ'աշխատակցի հայ մամուլին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ին: 2015-ին Երեւանի «Մուղնի» հրատարակչատունէն լոյս կը տեսնէ Հայոց ցեղասպանութեան թղթապանակին մէջ փաստագրական արժէք ներկայացնող հատորը «Գիրք Երախտիքի»[1] անունով, որուն շնորհանդէսը կատարուեցաւ 24 Փետրուար 2017-ին, Լիբանանի մէջ, ներկայութեամբ իր դուստր՝ Հուրի Նազարեանի:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով բազմավաստակ եղբօր երկար տարիներու նուիրումը եւ ծառայութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Սուրիոյ սկաուտական կեանքի վերելքին եւ զարգացման համար, նաեւ գնահատելով անոր կատարած աշխատանքը միութենական եւ ազգային մարզերուն մէջ, զինք պարգեւատրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արժանեաց» արծաթ շքանշանով, որուն տուչութիւնը կատարուեցաւ 20 Նոյեմբեր 1988-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 70ամեակի հանդիսութեան ընթացքին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մարզիկ, 7րդ տարի, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1988, թիւ ‎‎‎‎11-12(83-84), էջ 39-40
  • Մարզիկ, 32րդ տարի, 2013, թիւ 3(369), էջ 6