Նշան Թիւսիւզեան
ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ, (1911, Տիգրանակերտ[1] - 26 Մայիս 1980, Լիբանան) Ազգային գործիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդէն:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նշան Թիւսիւզեան թրքական հալածանքի օրերուն փախուստ տալով, հօրմէ մօրմէ որբ, փոքր տարիքին կը փոխադրուի Հալէպ, ուր կը յաճախէ Ազգային Հայկազեան Վարժարան՝ ստանալով ազգային դաստիարակութիւն:
Անչափահաս տարիքին կը մեկնի Պարսկաստան՝ գործի մը ձեռնարկելու նպատակով: Սակայն շուտով Հալէպ կը վերադառնայ եւ կը պաշտօնավարէ նոր հաստատուած ելեկտրական ընկերութեան մէջ, իբրեւ գործաւորներու վերակացու, որմէ ետք մեծ եղբօր նման լումայափոխութեան գործով կը զբաղի, զոր հետագային կը շարունակէ Պէյրութի մէջ, մինչեւ գործէն դադրիլը:
1961-ին վերջնականապէս Պէյրութ կը հաստատուի:
Ան կ'ամուսնանայ երգահան Բարսեղ Կանաչեանի աղջկան՝ Սեդայի հետ եւ զօրավիգ կը կանգնի մեծ երաժիշտ Կանաչեանի համերգներու կազմակերպութեան: Կ'ունենայ երեք աղջիկ եւ մէկ մանչ զաւակներ:
Միութենական Կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նշան Թիւսիւզեան պատանի տարիքէն կ'անդամագրուի Հ.Յ.Դ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ նուիրաբար կը ծառայէ անոնց շարքերէն ներս: Ան կը հանդիսանայ Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարժումի տարածման եւ կազմակերպման գլխաւոր դէմքերէն մէկը: Եղբ. Նշան Թիւսիւզեան կ'ըլլայ պարզ սկաուտ, ապա խմբապետ, Սկաուտական Խորհուրդի անդամ եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչական եւ իր նուիրական աշխատանքով կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ձեռնարկներուն յաջողութեան նպաստող կարեւորագոյն դէմքերէն մէկը: 1961-ին Պէյրութ հաստատուելով ամբողջովին կը նուիրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, մաս կազմելով նաեւ Ազգային Իշխանութեան Տնտեսական Խորհուրդին: Ինչպէս Սուրիոյ, նոնյպէս Լիբանանի մէջ ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր Շրջանային ժողովներուն, Ա. եւ Բ. Ընդհանուր Ժողովներուն եւ երկու անգամներն ալ կ'ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ստանձնելով գանձապահի պատասխանատու պաշտօնը:
1972-ին, հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 60-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, Պէյրութի «Իւնեսքօ» սրահին մէջ, լիբանանեան պետութեան կողմէ շքանշանով կը պարգեւատրուի ՝ առ ի գնահատանք մարզական եւ սկաուտական կեանքին մէջ իր ունեցած կարեւոր ներդրումին:
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նշան Թիւսիւզեանի աշխատութեամբ լոյս կը տեսնէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու առաջին գիտելիքներու գիրքը, որ ցարդ կը մնայ ամէնէն ամբողջականը եւ լաւագոյնը իր տեսակի հրատարակութիւններուն մէջ:
Ան աշխուժօրէն կը հետապնդէր սկաուտական գիտելիքներու նոր ու արդիական գիրքերու պատրաստութեան աշխատանքները, երբ յանկարծակի զգետնուեցաւ սրտի տագնապով, 26 Մայիս 1980-ին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մարզիկ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պաշտօնաթերթ, Ա. Տարի, 1980 թիւ 5