Jump to content

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Բջնի)

Բջնիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Բջնիի Սուրբ Աստուածածին վանք, կը գտնուի ՀՀ Կոտայքի մարզի Բջնի գիւղի հիւսիսային եզրին[1]։

1031 թուականին վանքը հիմնադրած ու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցած է՝ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին, Պետրոս Ա. Գետադարձ կաթողիկոսի ու Յովհաննէս Սմբատ թագաւորի հրամանով, ուր եպիսկոպոսական աթոռ հաստատած է։ Բջնի այս ժամանակ Հայաստանի չորս եպիսկոպոսական մեծ աթոռներէն մէկն էր, որուն վերապահուած էր կաթողիկոսի ընտրութիւնը։ Բջնիի եպիսկոպոսութեան սահմանները կ՛ընգդրկէին Ախուրեան գետի ափերէն մինչեւ Գեղարքունիք[2]։

Սուրբ Աստուածածին վանքը միջնադարեան հայ գրչութեան կեդրոն եղած է եւ կը ճանցուէր նաեւ «Մագիստրոսի ճեմարան» անունով: Մեծ համբաւ կ՛ունենայ 12-րդ դարուն, Հայոց կաթողիկոս Գրիգոր Գ․ Պահլավունիի օրերուն (Գրիգոր Մագիստրոսի որդին):

[3] 1201թ․ Իվանէ եւ Զաքարիա իշխանները կ՛ազատագրեն Բջնին սելճուկներէն ու 1209թ. Վահան իշխանը կը վերանորոգէ Սուրբ Աստուածածին վանքը։ 1272թ. Եկեղեցուոյ հարաւային մասին կից կամարակապ մատուռ մը կը կառուցուի։ Անոր արեւմտեան պատի խորշերուն մեծ խաչքար մը կը տեղադրուի: Իսկ անոր տարածքին գտնուող բազմաթիւ խաչքարերը ստեղծուած են այդ ժամանակի մեծ վարպետներէ․ ինչպէս՝ քարակոփ Մելիքսեդի երկու խաչքարերը:

[4] 1387-1388թ․ Լենկթեմուրի արշաւանքի ժամանակ վանքը կը վնասուի. վանահայր Վանական վարդապետը եկեղեցիին մէջ կը սպաննուի:

15-րդ դարուն վանքը կը վերագտնէ իր երբեմնի փառքն ու հեղինակութիւնը, եւ կրկին կը դառնայ հայ հոգեւոր եւ գիտական կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Այդ ժամանակին է որ հոն կը ստեղծուին բազմաթիւ ձեռագրեր։ Նաեւ Գրիգոր եպիսկոպոսը կ՛ընդօրինակէ Աւետարանը:

Ըստ պատմիչ Առաքել Դաւրիժեցիին, վանքը կը վերանորոգուի հայ կաթողիկոս Փիլիպոս Ա Աղբակեցիի հրամանով եւ ջուղայեցի Պետրոսի նիւթական օժանդակութեամբ: Վանահայր Մովսէս Րաբունապետը (1646-66)՝ Փիլիպոս Ա Աղբակեցիի աշակերտը, վանքին հիւսիսային մասին կը կառուցէ՝ կամարակապ սեղանատունը եւ կլորաձեւ բուրգերով պարիսպները:

1637թ. Բջնիի Ս. Աստուածածին վանքին խցիկներէն մէկուն մէջ կը գիշերէ ֆրանսացի ճանապարհորդ Ժան Շարտան։ Հետագային իր ուղեգրութիւններուն մէջ մանրամասնօրէն վանքը կը նկարագրէ: 1700թ. Վանքը կ՛այցելէ Ֆրանսացի բնախոյզ Պիտտոն տէ Տուրնեֆոր: Վերջինս նոյնպէս կը յիշատակէ վանքը իր աշխատանքներուն մէջ:

19-րդ դարուն, վանքին հարաւային մասերուն ուսումնարանի շէնքեր կը կառուցուին, իսկ հիւսիսային կողմը` խուցեր: 1895թ. հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Ա Վանեցիին (Մկրտիչ Խրիմեան) հրամանով դպրոց կը կառուցուի վանքի արեւմտեան մասին: 1946-ին եւ 1957-ին Ս.Աստուածածին եկեղեցիին կը կատարուին վերանորոգման աշխատանքներ:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին մէկ զոյգ արեւմտեան մոյթերով գմբեթաւոր դահլիճ է՝ պսակուած բազմանիստ թմբուկով եւ հովանոցաձեւ վեղար ունեցող գմբեթով։ Պատերուն երկայնքին կան քարէ բարձր դարակներ: Կ՛ենթադրուի թէ նախատեսուած էին հոն տեղադրելու վանքին մէջ ստեղծուած կամ ընդօրինակուած բազմաթիւ ձեռագիրներուն համար:

Վանքին հետ կապուած առասպել մը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ՛ըսեն, որ Բջնիի բերդը եւ Սուրբ Աստուածածին վանքը իրարու կապուած էին ստորգետնեայ անցք-ճամբով, որուն միջոցաւ քառանիւ սայլերով պաշարուածներուն ուտելիք եւ խմելիք կը հասցնէին: Պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած է ստորգետնեայ անցքի մը մասը, սակայն վերը նշուած ճամբուն գոյութիւնը կասկածներ առաջացուցած է մասնագետներուն մօտ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]