Jump to content

Սիմոն Խնդիրեան

Սիմոն Խնդիրեան
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 24 Հոկտեմբեր 1922(1922-10-24)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն փաստաբան

Սիմոն Խնդիրեան (, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 24 Հոկտեմբեր 1922(1922-10-24), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ իրաւաբան։

Ծնած է Կ. Պոլիս: Աշակերտած է Օրթագիւղի Սբ. Թարգմանչաց եւ Լուսաւորչեան վարժարաններուն, ապա աւարտած է տեղւոյն Իրաւաբանական վարժարանը:

Երկար տարիներ եղած է Բերայի թաղական խորհուրդի անդամ, ազգային երեսփոխան, Ազգային Ժողովի վճռաբեկ ատեանի դատաւոր, Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ եւ այլն:

Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանին կողմէ Գնէլ Եպսկ. Գալէմքեարեանի եւ իրաւաբան Կարապետ Այըճեանի հետ, կիլիկեան կոտորածներէն ետք գործուղուած է Կիլիկիա եւ Հալէպ, իբրեւ «Փաստաբանական Յանձնախումբ»ի անդամ:

Մահացած է ծննդնավայրին մէջ, 24 Հոկտեմբեր 1922-ին:

  • Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, ԺԹ. տարի, Վիեննա, տպագրութիւն Մխիթարեան հարց, 1925, էջ 370