Սթիվըն Քիւրքճեան

Սթիվըն Քիւրքճեան
Ծնած է 28 Օգոստոս 1943(1943-08-28) (80 տարեկան)
Ծննդավայր Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Բոստոնի լատինական դպրոց?
Suffolk University Law School?
Մասնագիտութիւն լրագրող
Աշխատավայր State House News Service?

Սթիվըն Քիւրքճեան (անգլերէն՝ Stephen A. Kurkjian, 28 Օգոստոս 1943(1943-08-28), Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ գրող, լրագրող։ Երեք անգամ «Փուլիցըր Փրայզի» թափնեկիր[1]։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոսթըն։ Պապը սպանուած է ցեղասպանութեան ժամանակ[2], իսկ երեքամեայ հայրը քրոջ ու եղբօր հետ հազիւ փրկուած են։ Յաջորդ գարնան քոյրն ու եղբայրը մահացած են ժանտախտէն, իսկ հայրը մեկնած է Ամերիկա[3][4]։ Հայրը նկարիչ եղած է, մայրը՝ Ռոզելա Կիւրեղյեան-Քիւրքճեան, աշխատած է գրադարանավար։

Սթիվըն աւարտած է Պոսթընի դպրոցը ու նահանգի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանը աւարտելէ ետք՝ 1968 թուականէն, Սթիվըն Քիւրքճեան աշխատած է «The Boston Globe»-ի մէջ իբրեւ խմբագիր։ Սթիվըն Քիւրքճեան Փուլիցըր մրցանակի արժանացած է 1972 եւ 1980 թուականներին հետաքննական յօդուածներու համար։ Վերջին անգամ՝ 2003 թուականին, «Պոսթըն Կլոպ»ի խմբագրակազմով կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ սեռային գայթակղութիւնը բացայայտելուն համար։

Քիւրքճեան Հոլիվուտի «Ուշադրութեան կեդրոնը» գեղարուեստական ժապաւէնին մէջ նկարահանուած է, որ կը պատմէ ճշդիւ «Պոսթըն Կլոպ»ի լրագրողներու հետաքննութեան մասին։ Ժապաւէնը արժանացած է «Օսքարի»[5], աւելի ուշ պարզուած է, որ հերոսներէն մէկը Սթիվըն Քիւրքճեանն է:

Սթիվըն Քիւրքճեան նաեւ Պոսթընի Իզապելլա Սթիուըրթ Կարտնըր թանգարանէն 1990 թուականին կատարվուած աղմկայարոյց գողութեան մասին պատմող «Master Thieves» գիրքի հեղինակն է, որ կը պատմէ թանգարանէն Ռ. Ռեմպրանտի, Է. Տեկայի եւ այլ աշխարհահռչակ հեղինակներու աշխատանքներու դեռեւս չբացայայտուած գողութիւններու մասին։

Այցեր դէպի Հայաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիւրքճեան երեք անգամ այցելած է Հայաստան։ Առաջին անգամ ան եկած է 2002 թուականին ԵՊՀ-ի հրաւէրով՝ ապագայ լրագրողներուն վերապատրաստելու, Հայաստան-Սփիւռք 2-րդ համաժողովին մասնակցելու համար։

Երկրորդ անգամ՝ 2016 թուականի Ապրիլին «Աւրորա » մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտունելու համար[6][7]։ Իսկ Երրորդ անգամ նոյն թուականի ամրան։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Հ.Օ.Մ.-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ «MIT»Ի ՄԷՋ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2016-11-21։ արտագրուած է՝ 2023-08-14 
  2. Стивен Кюркчян: Пулитцеровские награды и Оскар за правду о самых громких преступлениях в США
  3. Kurkjian Stephen (ապրիլի 22, 2014)։ «Kiss My Children’s Eyes: A Search for Answers to the Genocide Through One Remarkable Photograph»։ Armenian Weekly։ «...my grandfather had been killed in the genocide, yet my father, a three-year-old in 1915, had survived to come to America to thrive.» 
  4. Kurkjian Stephen (ապրիլի 18, 1993)։ «Roots of Sorrow»։ Boston Globe։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-09-06-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-10 
  5. Սթիվ Քյուրքչյան. Spotlight-ը հոգ է տանում «փոքր մարդկանց» համար
  6. Aurora Dialogues. Մարդասիրական ոլորտի խնդիրների քննարկման նոր հարթակ
  7. Aurora Prize Guests: Stephen Kurkjian